Թիւ 246 - ՀԱՇՈՒԵՑՈՅՑԸ

 

     Տարի մը եւս յանձնեցինք ժամանակի անողորմ գերեզմանին: Յաջողութիւններով եւ դժուարութիւններով լեցուն տարի մը: Մեկնող ու նոր սկսող երկու ժամանակամիջոցներու եզրին կանգնած, իբրեւ մարդ թէ իբրեւ միութիւն, խոր յուզումով կը դիտենք աւանդական փոխանցումի պահը, որ անպայման տօնական հանդիսաւորութիւն մը ունի:

Կեանքի մէջ ամէն ինչ որ նոր կը սկսի խորհրդաւոր է՝ անակնկալներու իր հեռանկարով: Անոր համար ալ սովորութիւն ունինք նորն ու նորութիւնները բարեմաղթութիւններով դիմաւորելու: Անզօր մարդը ի՞նչ կրնայ ընել ամենազօր անծանօթին դէմ՝ եթէ ոչ մաղթել որ յաջողութեան եւ երջանկութեան դռները բացուին իր առջեւ:

Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ նոր ծնող տարին հարազատ զաւակն է ,հանգուցեալ ծնողքեին եւ աշխարհ կու գայ անոր բարոյական ու նիւթական ժառանգութեամբ, անոր լաւ ու վատ յատկանիշներով, հետեւաբար ընդհանուր գիծերու մէջ արդէն նախասահմանուած է իր ճակատագիրը: Մարդոց կամքէն ու մաղթանքներէն անկախ՝ ըստ էութեան ան շատ ալ չի կրնար տարբերիլ նախորդներէն:

Նոր տարին սկիզբ մր ըլլալէ առաջ վերջ մըն է: Տասներկու ամիսներու վախճան՝ նպատակի մը ճամբուն վրայ: Եթէ նպատակը նուաճուած է, տարին իսկապէս նոր կրնանք նկատել, իսկ եթէ նպատակը դեռ շատ հեռու է, տարին կը դառնայ հինին շարունակութիւնը:

2003-ի սեմին կանգնած, կ’արժէ  հարց տալ, թէ ի՞նչ էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետապնդած նպատակը 2002-ի ընթացքին: Որքանո՞վ միութիւնը կարողացաւ իրականացած տեսնել իր ծրագիրները եւ դեռ որքա՛ն ճամբայ ունի կտրելիք:
Յետադարձ ակնարկ մը 2002-ին, հոն պիտի գտնենք նորահաս սերունդներու մարմնակրթական հայաշունչ դաստիարակութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ական բազում ճիգ, քրտինք, ցանք ու հերկ, որոնց մէկ մասը եթէ հովերուն բաժինը եղաւ, կարեւոր ու անկորնչելի մաս մըն ալ սակայն ազգային մեր գանձարանին բաժինը դարձաւ: Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Է. ընդհանուր բանակումը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական արժէքներու խարսխումը Հայաստանէն մինչեւ Ջաւախք եւ սփիւռքեան հեռաւոր գաղութներ, սկաուտական նոր դասագիրքերու հրատարակութիւնը, մարզական բազմաթիւ ախոյեանութիւններու նուաճումը, միջ-մասնաճիւղային (տեղ-տեղ նաեւ աշակերտական) ամառնային ու ձմեռնային մարզախաղերը,  դաստիարակչական սեմինարները եւ ընկերային ձեռնարկները երկար հաշուեցոյցը կը կազմեն անցնող տարուան միութենական վաստակին:

Հաշուեցոյցի մը կազմութիւնը օգտակար աշխատանք է ամբողջական պատկեր մը ամբողջական վերագնահատումի ենթարկելու համար, նաեւ՝ կարեւոր միջոց մըն է առաւելութիւններու եւ թերութիւններու յստակ գիտակցութեամբ կեանքի ճամբան շարունակելու: Վերջին հաշուով, եթէ անհատներու կեանքը վերջ կը գտնէ, միութիւններու կեանքը անվախճան է: Հետեւաբար, ինչպէս ամէն մարզէ ներս, նոր տարին Հ.Մ.Ը.Մ.ին առջեւ եւս կը բանայ նոր կարելիութիւններու եւ գործունէութիւններու հորիզոններ: Աւելի լաւ չէ՞ ուրեմն ապագային նայիլ, փոխանակ յամեցող նայուածքով անցեալին կառչելու:

2003-ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 85-ամեակն է, նաեւ՝ Պատգամաւորական 8-րդ Ընդհանուր Ժողովի տարին: Լուրջ մարտահրաւէրներու եւ հեռանկարներու առջեւ կանգնած է ամբողջ միութիւնը: Պէտք է քայլ պահել ու յարմարիլ նոր ձեւ ու կշռոյթ ստացող կեանքի ամէնօրեայ պահանջներուն հետ, եթէ չափազանցութիւն չթուի՝ ժամ առ ժամ, թերեւս՝ վայրկեան առ վայրկեան, որովհետեւ ժամանակը կ’արշաւէ մարդոց կարծածէն շատ արագ:
Բոլորէն կը սպասուի բացառիկ զոհողութիւններ, որովհետեւ մեր կեանքին պայմանները բացառիկ են եւ ամէն յաջողութիւն ու իրագործում բացառիկ ճիգերով միայն կ’իրագործուի: Մեր պատմութիւնը մեզի ուղեցոյց: Թող մեր կուրծքերուն տակ բաբախէ Շաւարշ Քրիսեաններու սիրտը եւ մեր երակներէն հոսի Գրիգոր Յակոբեաններու եւ Յովհաննէս Հինդլեաններու վճիտ արիւնը, որպէսզի մեր դերին ու կոչումին հաւատարմութեամբ՝ տարի մը եւս բարձրանա՛նք եւ մեզմով հպարտ հայութիւնն ալ բարձրացնե՛նք:

Տարածենք