Թիւ 188 - ՊԱՏԻ՜Ւ

 

Արդարօրէն կամ ոչ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը նկատուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուժեղացման կամ տկարացման բազկերակը, ջերմաչափը՝ աւելի ճիշդ։ Աշխարհասփիւռ հայեր բնազդաբար վարժուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյատեւման եւ հզօրացման երաշխիքները փնտռելու ֆիզիքական, հոգեկան եւ բարոյական ազնիւ դաստիարակութիւն ստացած սկաուտական անոր շարքերուն մէջ։ Այսպէս, համակիր լայն զանգուածներու իսկ հաստատումով, երբ Հ.Մ.Ը.Մ. յաջողած է սկաուտական իր շարքերուն մէջ արմատաւորել երկաթեայ կամքի, անխախտ հաւատքի եւ զոհաբերութեան առաքինութիւնները, այդ շարքերէն շրջանաւարտները փրկարար դեր խաղացած են հայ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ։

Ըսուած ու յաճախ կրկնուած է, թէ հայոց պատմութեան էջերը գեղեցիկ դրուագներով զարդարող բոլոր յաղթանակներն ու շքեղութիւնները արդիւնք են հաւատքի, կամքի եւ զոհաբերութեան մեծ պատրաստակամութեան։

Աւարայրի հերոսական ծառացումը, Սահակ-Մեսրոպի Ոսկեդարու փայլուն իրագործումները, Եղեռնէն հրաշքով փրկուած հայութեան Յարութիւնը, Մայիս 28-ի պատմակերտ սխրանքը ու դեռ՝ Հայ Դատի եւ Արցախեան պահանջատիրութեան յուսադրիչ նուաճումները անվիճելիօրէն արդիւնք են հայու կամքին, հաւատքին եւ մեծ զոհաբերութեան։

Նոյն շրջագիծին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան ստեղծումը եւ 80-ամեայ գործունէութիւնը եւս արդեօք յաւելեալ փաստերը չե՞ն տար այս համոզումին։

Կամքի, հաւատքի եւ զոհաբերութեան երեք սիւներու վրայ հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը, շնորհիւ իր հիմնադիրներու եւ ղեկավարներու անձնազոհութեան, կամքին ու հաւատքին, անցնող տասնամեակներուն քրտինքով եւ երկունքով, տաժանքով ու բերկրանքով հայ կեանքին հասցուց անթիւ տղաք ու աղջիկներ, որոնք սկաուտութեան մարդկային ու ազգային վեհ գաղափարներով տոգորուած՝ շեշտօրէն մնացին հայ ու գիտակցօրէն ապրեցան հայութեան իրենց պարծանքը։ Սկաուտական իրենց խաղերուն, կանչերուն եւ ձեռային աշխատանքներուն հետ, այդ տղաքն ու աղջիկները մտքի եւ հոգիի կարգապահութիւն սորվեցան, բարոյական անխաթար նկարագիր դարբնեցին, իրենց բովանդակ էութեամբ հայկականութիւն ծծեցին, ու դադրեցան սովորական պատանիներ ըլլալէ, թռիչք առին՝ մեր տաղտկալի առօրեային հոգերը մոռցնելու համար մեզի, ազգովի՛ն, ու մեզմով ապրեցնելու համար կորսուած մեր բոլոր առաքինութիւններն ու արժանիքները։ Եւ այս՝

Ընդդէմ՝ այլասերումի եւ օտարացումի բազմապիսի վտանգներուն,

Ընդդէմ՝ սպառողական եւ աշխարհաքաղաքացիական մշակոյթի կլանիչ հրապոյրներուն,

Ընդդէմ՝ մակերեսայնութիւն ցանելու եւ տգիտութիւն հնձելու այլատեսակ ջանքերուն,

Ընդդէմ՝ բարոյական անկումի եւ նկարագրային շեղումի վտանգաւոր փորձութիւններուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 80-ամեակն է այս տարի։ Միութեան մեծ ընտանիքին հետ, սկաուտական անոր շարքերը եւս կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման։ Կ’ապրինք գերազանց ուժերու յաջողութիւններուն ժամանակաշրջանը։ Օրերն ու պայմանները չեն խնայեր տկարներուն, արդիականացումէ հեռու մնացողներուն, նիւթական թէ ստեղծագործական համեստ կարողութիւններ ունեցողներուն։ 80-ամեակի տօնակատարութիւններուն հետ, հայ ժողովուրդը պատի՛ւ կու տայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան եւ արդարօրէն լաւը, լաւին լաւը, լաւագո՛յնը կ’անկնկալէ անկէ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր հայ պատանիի եւ երիտասարդի քրտինքի կաթիլին հետ քիչ մը աւելի հասակ կը նետէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յուսատու ոստը, որ Շիրազեան բնորոշումով՝ պիտի ծաղկի ու բացուի Արարատի գմբէթին տակ՝

«Վանայ Ծովուն ցօղը վրան,

Ու Սեւանի շողը վրան»։

 

 

Տարածենք