Թիւ 228 - ՊԱՐԿԵՇՏ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ)

 

Բնազդաբար, իսկական մարզիկ մը չի կրնար առանձին մնալ։ Ան կը փնտռէ չափուելու առիթը։ Հաճոյք կը զգայ ուրիշներու հետ բաղդատուելով, մրցակիցներու մէջ լաւագոյնը նկատուելով։

Առանց մրցակցութեան անկարելի է յառաջդիմութիւն եւ յաջողութիւն ակնկալել։ Ուրիշին յաջողութեան, հռչակին եւ երջանկութեան հասնելու մարդկային բնական մղումն է, որ կ’ամրապնդէ մարզիկի մը ջանքը, կը լարէ անոր ջիղերը եւ կը կոփէ դժուարութիւններ յաղթահարելու կամքը։

Մրցակցութիւնը լաւագոյն միջոցն է իրական կեանքին պատրաստուելու։ Առանձին կամ խմբակիցներու հետ յաջողութեան հասնելու ձգտումը ապագայի հաշուոյն մարզիկին կու տայ նպատակի մը ի խնդիր պայքարելու վարժութիւնը։

Կեանքի առօրեային մէջ մրցակցութիւնը անխուսափելի է։ Ամէն մարդ իր ճամբուն վրայ կը հանդիպի մրցակիցներու։ Ամէն մարզիկ կամայ-ակամայ մրցակից է ուրիշներու, որոնք կþուզեն նոյն մարզախաղին մէջ յաջողութիւններու հասնիլ։

Սակայն մրցակութիւնը եւս ունի իր օրէնքները։ Մարզական աշխարհին մէջ, անիկա մրցակիցներէն կը պահանջէ ճակատիլ սաստկութեամբ, բայց ոչ՝ ատելութեամբ, վճռականութեամբ, բայց ոչ՝ թշնամութեամբ։ Այստեղ մրցակցութիւնը պէտք է ընդունիլ իր ամէնէն պարզ ու պարկեշտ ձեւին մէջ. կը յաղթէ ան՝ ով աւելի լաւ կը խաղայ։ Ես կը ցատկիմ 4 մեթր, դուն կը ցատկիս 5 մեթր, ուրեմն՝ դուն առաջին ես, ես՝ երկրորդ։ Խաբէութիւնը տեղ չունի։ Սխալելու առիթ չկայ։ Իւրաքանչիւր մարզիկ ինքզինք պիտի ընդունի այնպէս ինչպէս որ է, ձգտելով յառաջիկային աւելի լաւը ընել։

Յաղթանակէ յաղթանակ սուրացող ֆութպոլի խումբի մը կատարելութեան հասնելու, անոր խաղարկութեան ձեւը գերազանցելու ճիգը առիթ եւ պատեհութիւն կþընծայէ մրցակից խումբերու վերելքին։ Ա՛յս է պարկեշտ մրցակցութիւնը։

Աթլէթի մը բարձրութիւն եւ երկարութիւն ցատկելու կամ՝ վազքերու եւ արձակումներու միջոցին ի գործ դրած թեքնիքը ուսումնասիրելու, անոր յաջողութենէն դասեր քաղելու եւ օր մըն ալ մրցանիշը խորտակելու ջա՛նքն է պարկեշտ մրցակցութիւնը։

Մրցակցութեան մէջ մենաշնորհը կը պատկանի արժանիքին։ Ո՛չ նիւթականի հրապոյրը, ոչ ալ բարոյական ազդեցութեան հեղինակութիւնը իրենց խօսքը պէտք է ունենան այստեղ։ Նախանձը, խարդախութիւնը, գնուած յաղթանակներն ու ծախուած պարտութիւնները կը մրոտեն պարկեշտ մրցակցութեան ազնուագոյն սկզբունքները։

Անպարկեշտ մրցակցութիւնը քայքայիչ է ու անարժէք, որովհետեւ ան կը կայանայ մրցակիցը ամլութեան մատնելու ճիգին մէջ («Քանի ես չեմ կրնար հասնիլ իր յաջողութեան՝ պէտք է հեռացնեմ զայն ապարէզէն»…)։ Անուղղայ եւ սխալ նման մօտեցում անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ արգելք կը հանդիսանայ նուազագոյն յաջողութեան եւ վերելքի։ Չարակամ մրցակիցներ միայն վնաս կը հասցնեն իրենց շրջանապատին եւ մեծ դժբախտներ կ’ըլլան առհասարակ։

Չկայ աւելի յուզիչ տեսարան՝ քան այն, որ մրցումէ մը ետք, երկու մրցակիցներ մարզադաշտին վրայ իրարու ձեռք սեղմեն. ո՛չ յաղթական մնայ, ոչ ալ՝ պարտեալ։ Երկուքը փոխադարձաբար յարգեն զիրար, պարտեալը շնորհաւորէ յաղթականը, իսկ յաղթականը յուսադրէ պարտեալը։

Ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ ինք մրցակից եւ մրցակցութիւն պիտի չունենայ իր ասպարէզին մէջ։ Կարեւորը պարկեշտ մրցակցութեան մը անհրաժեշտ կամքը, ազնուութիւնն ու ջանքը ունենալն է. յատկութիւններ, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկին բնորոշ եղած են միշտ եւ, վաղը, վստահ ենք, որ Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ, դարձեա՛լ պիտի շեշտուին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ մարզախաղերուն եւ համահայկական 2-րդ խաղերուն։

Տարածենք