Թիւ 202 - ՆՈՐ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ

 

Նոր թափով մը կը վերսկսինք Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքի նոր քառամեակ։ Կը վերսկսինք՝ անցեալի յաջողութիւններն ու իրագործումները պատմութեան յանձնած, ապագայի նուաճումները մեր գալիք աշխատանքներուն սեւեռակէտը դարձուցած։

Կը վերսկսինք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Է. Պատգամաւորական Ժողովի տրամադրութիւններով գօտեպնդուած, միութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններով վերաթարմացած։ Հիմա ժամանակն է տքնաջան, անաղմուկ աշխատանքի։ Անտեղի լուսարձակները կրնան շլացնել մեզ եւ մեր կեանքը շեղեցնել իր բնականոն ընթացքէն։

Նոր քառամեակին հետ նոր թափով մը կը լծուինք վերակազմակերպման, վերանորոգման եւ արդիականացման աշխատանքներու, որովհետեւ սրընթաց զարգացող այսօրուան աշխարհին մէջ, երբեք կարելի չէ տեղքայլ ընել եւ ուրիշներու վազքը դիտել, ապագային ափսոսալու համար մեր յետամնացութիւնը։ Մերօրեայ ընկերութիւնը տկարներու տեղ չունի։ Մեր շուրջը մարդիկ համաշխարհայնացումի եւ մրցակցութեան անունով կը խօսին։ Հետեւաբար, ժամանակին հետ ընթանալու պարտաւորութիւնը, ինքզինք կատարելագործելու կամքը եւ տեւաբար յառաջդիմելու մղումը կը պայմանաւորեն միութեան զարգացումը յառաջիկայ տարիներուն։

Նոր քառամեակը կը թեւակոխենք 21-րդ դարու սեմին եւ հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ ամէնէն աւելի. ի՞նչպէս մուտք պիտի գործենք նոր սկսող դարը։ 19-րդ դարու մտայնութեա՞մբ, պատմութեան լուսանցք քշուած եւ աշխարհէն անտեսուած վիճակո՞վ, թէ՝ հպարտ մուտքովը անոնց, որոնք արդէն իսկ որոշած են ապագայի իրենց երթը եւ հաստատ գիտեն, թէ ո՛ւր, ե՛րբ եւ ի՞նչպէս կþուղղուին։

Փոքրաթիւ ըլլալ չի նշանակեր փոքր ըլլալ։ Կþընդունինք, որ նիւթական մեծ աղբիւրներ չունինք։ Կարիքը ծով, իսկ անձրեւը հազիւ ցօղ…։ Մեր ուժին չցամքող աղբիւրը սակայն կը մնայ մեր մարդուժը։ Ունինք յուսադրիչ երիտասարդ սերունդ մը, խանդով, ձգտումներով եւ իտէալներով լեցուն։ Երիտասարդութիւնը կարիքը ունի մեր ուշադրութեան եւ դաստիարակութեան։ Այդ տարիքը վտանգաւոր է միջավայրի ազդեցութիւններու դիւրընկալ իր բնութեամբ։ Իսկ մենք լաւ գիտենք, թէ միջավայր ի՛նչ կը նշանակէ այսօրուան ընկերութեան մէջ…։

Կարելի է հետեւցնել ուրեմն, որ դաստիարակչական աշխատանքները կոչուած են գլխաւոր առանցքը հանդիսանալու նոր քառամեակի մեր ծրագիրներուն։ Վերջիվերջոյ, միութեան մը զարգացման աստիճանաչափը կախում ունի իր անդամներուն դաստիարակութենէն։ Չի բաւեր մկաններ զօրացնել, հարկ է նկարագիրի, հոգիի եւ բարոյականի մեծութիւն կերտել։ Սեւակի բառերով «աշակերտե՜լ գեղեցիկի՛ն, բարո՛ւն, վսեմի՛ն, լաւի՜ն»։ Այլապէս ի՛նչ Հ.Մ.Ը.Մ. առանց զոհաբերութեան եւ հնազանդութեան ոգիի, պարտականութեան գիտակցութեան, պարկեշտութեան, իրերօգնութեան, սիրոյ եւ յարգանքի։

Նոր թափով մը կը վերսկսինք Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքի նոր քառամեակ եւ մեր դիմաց մէկի փոխարէն՝ տասնեակ մը Բաբելոններ կը ներկայանան աշխարհի չորս դին։ Անջիղ, անդիմագիծ, անհայրենի՛ք Բաբելոններ, ուր օրական Դրովատայի ձիերով մուտք կը գործեն Mc World-ի «մշակոյթ»ին հզօր ներկայացուցիչները. CNN-ը, խայտաբղէտ երաժշտութեան MTV կայանը, Մըքտոնալտը, Քոքա-քոլան, սէկա-մէկա խաղերն ու համացանցը…

Նոր քառամեակի սեմին, նոր սերունդի հայեցի առողջ կազմաւորման աշխատանքը այլեւս դժուար եւ պատասխանատու գործ կը նկատուի։ Բազմաթիւ դժուարութիւններ կը խոչընդոտեն մեր իւրաքանչիւր քայլը։ Դժուարութիւնները սակայն համբերութիւն կը ներշնչեն մեզի, համբերութիւնը՝ փորձառութիւն, իսկ փորձառութիւնը՝ յոյս։ Ի վերջոյ կեանքը վիճակահանութեան տոմս չէ, որ առանց յոգնութեան շահինք։ Կրաւորական սպասումն ու անտարբերութիւնը ոչ ոքի կրնան տեղ հասցնել։ Կեանքը տեւական ճիգ է, յարատեւութիւն եւ յոգնութիւն է։ Յաջողութիւնը միայն բառարաններու մէջ յարատեւութենէն եւ յոգնութենէն առաջ կու գայ։

Ուրեմն, մենք վիճակուած ենք դեռ շատ յոգնելու, այնքան ատեն որ մենք մեզ համեմատաբար հարուստ կը նկատենք մեր կարիքները գոհացնելու, բայց նաեւ անհամեմատ կերպով աղքատ՝ մեր երազնե՛րը իրականացնելու։

Տարածենք