Թիւ 425 - «ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԿԵՐՊՈՎ…»

 

Ուշագրաւ է «Հայ սկաուտ»ի Մայիս 1922-ի թիւէն առնուած (Բ. տարի, թիւ 19, էջ 301) եւ այս խմբագրականին հետ տրուած փաստաթուղթը, որ կը ներկայացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան Կեդրոնական Վարչութեան կեցուածքը՝ մարզական կեանքի արհեստավարժութեան մասին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութենէն հազիւ երեքուկէս տարի ետք հրապարակուած այս յայտարարութիւնը կը շեշտէ, որ՝

«ա. Հ.Մ.Ը.Մ. սփորի եւ աթլեթիքի խնդիրներուն մէջ անդրդուելի կերպով կապուած ըլլալով ամաթէօրութեան սկզբունքներուն, որոշած է ամէն կերպով եւ օրինական ամէն միջոցներով արգիլել փրոֆեսիոնէլութեան մուտքը եւ զարգացումը շարքերուն մէջ։

«բ. Այս տեսակէտը կը համապատասխանէ իր կանոնագրին, ինչպէս նաեւ այն սկզբունքներուն, որոնցմով ան կ’առաջնորդուի, հետապնդելով մեր երիտասարդ սերունդին ֆիզիքական զարգացման կողքին, անոր նկարագիրին ազնուացումը։

«գ. Ան պիտի չներէ որեւէ առիթով կամ պատրուակի տակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի որեւէ խումբ կարենայ մրցիլ ուրիշ խումբի մը հետ, որուն մէջ փրոֆեսիոնէլ խաղացողներ կան, նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոեւէ անդամ պիտի չկարենայ մրցիլ կամ նոյնիսկ փորձեր կատարել խումբի մը դէմ, որ իր մէջ փրոֆեսիոնէլ անդամներ ունի»։

Այսքան պարզ ու յստա՛կ։

Հարցը նոր չէ ուրեմն։ Ունի մէկ դարու պատմութիւն։ Ծնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին հետ, մնայուն օրակարգ դարձած է միութեան կեանքի բոլոր հանգրուաններուն, մինչեւ որ եկած-հասած է մեր օրերը։

Հարցադրումը չէ փոխուած, պատասխանը՝ նոյնպէս։

Հ.Մ.Ը.Մ. «անդրդուելի կերպով» կապուած կը մնայ սիրողականութեան՝ «ամաթէօրութեան սկզբունքներուն», որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար մարզախաղերը, ինչպէս սկաուտութիւնը, միջոց են հետապնդելու «մեր երիտասարդ սերունդին ֆիզիքական զարգացման կողքին, անոր նկարագիրին ազնուացումը»։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկը մարզիկ ըլլալէ առաջ Հ.Մ.Ը.Մ.ակա՛ն է։ Ունի պատկանելիութիւն, նկարագիր եւ դիմագիծ։ Ան չի նմանիր, իրաւունք չունի՛ նմանելու, մարզական որեւէ ակումբի մաս կազմող ֆութպոլիստի կամ պասքեթպոլիստի, որ կը գործէ «ուր հաց՝ հոն կաց» սկզբունքով, կամ «Ով աւելի կը վճարէ՝ անոր շապիկը կը կրէ» մօտեցումով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկը մաս կը կազմէ համահայկական մեծ ընտանիքի մը, որ դատ ու տեսլական կը հետապնդէ, ազգային արժէքներու հանդէպ յարգանք եւ յանձնառութիւն ունի, հետեւաբար ան կրողն ու հաւատացողն է այդ արժէքներուն։ Ան լաւ գիտէ, որ իր ժողովուրդը «օդի եւ ջուրի պէս պէտք ունի յաղթանակի», ինչպէս որ կը պատգամէ Թէքէեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկին համար իւրաքանչիւր մրցում եւ յաղթանակ միջոց է նախ բարձրանալու՝ ինքզինք գերազանցելու, ապա տուեալ յաղթանակով իր շրջապատը՝ միութիւնն ու ազգը եւս բարձրացնելու։

Պարտութիւններով եւ յուսախաբութիւններով լեցուն մեր կեանքին մէջ, յոյսի, բերկրանքի, ազգային հպարտութեան եւ յաղթանակի աղբիւր է Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկը։ Հաւաքական փառքի կերտիչ է ան։ Խումբին եւ միութեան ճամբով ազգին ու հայրենիքին վերելքին կը նպաստէ ան։

Սովորական թիւ, անձ կամ անուն չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրական դրօշին տակ մրցող մարզիկը։ Ան Հ.Մ.Ը.Մ.ական է, պէ՛տք է ըլլայ, հոգուով ու սրտով, համոզումով եւ խառնուածքով, իր ամէնօրեայ նիստ ու կացով։ Ենթակայ՝ միութեան կանոնագիրին, գերադաս ժողովներու եւ մարմիններու որոշումներուն։ Այլապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ական չէ ան, այլ՝ անհատական շահուն եւ հաճոյքին համար որեւէ մարզախաղ կիրարկող պատահական մարզիկ մըն է։

«Գնուող» ու «ծախուող» ապրանք մը չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկը, որովհետեւ ան հոգի, գաղափար ու կամք է։ Ազնիւ հոգի, վսեմ գաղափար եւ հզօր կամք։ Նիւթը՝ դրամը փորձութեան կ’ենթարկէ հոգին ու գաղափարը, կը խաթարէ կամքը, որովհետեւ «առք» ու «վաճառք»ի ժամանակ սակարկութեան կը դնէ ամէն արժէք եւ սկզբունք։ Մինչդեռ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շապիկը կրող մարզիկը ամէն բանէ առաջ բարոյական արժէքներու եւ անժամանցելի սկզբունքներու մարդ է, տիպար քաղաքացի է։ Միութենակա՛ն է ի վերջոյ, միութենական բառին ամենալայն իմաստով՝ գաղափարական, դաստիարակչական եւ կազմակերպական առումներով։

Իսկ ի՞նչն է, որ միութիւն մը կը զատորոշէ սովորական մարզական ակումբէն, եթէ ոչ՝ միութեան մը նպատակին հանդէպ անդամներուն պարտականութեան գիտակցութիւնը, պատասխանատուութեան զգացումը եւ անշահախնդրութիւնը, որոնք դրամով չեն գնուիր, այլ միայն դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ ձեռք կը բերուին. միութենակա՛ն դաստիարակութեամբ, միութենական տիպարներու հետեւողութեամբ եւ միութեան պատմութեան հաւատարմութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը միութիւն է հիմնադրութեան առաջին օրէն եւ, ահա թէ ինչու, դեռ 100 տարի առաջ, ան որոշած է «ամէն կերպով եւ օրինական ամէն միջոցներով արգիլել փրոֆեսիոնէլութեան մուտքը եւ զարգացումը շարքերուն մէջ» եւ արգիլել մրցիլ խումբի մը դէմ, որ արհեստավարժ մարզիկներ ունի իր շարքերուն մէջ եւ կամ... փորձեր կատարել խումբի մը դէմ, որուն շարքերուն մէջ արհեստավարժներ կան։

Այսքան խստապահանջութիւն, այսքան սկզբունքայնութիւն կրնայ անհասկնալի թուիլ շատերու, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակ»ին եւ հետեւորդներուն համար ան կը մնայ գերագոյն արժէք՝ առանց որուն դժուար թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն ըլլայ, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը՝

Հարազատ հայ մնայ,

Մարմնակրթական արժէքներով ազնուանայ,

Ընդհանուրին ծառայէ եւ

Միութեան արժանի ժառանգորդն ու պահապանը ըլլա՛յ։

Տարածենք