ՃԱՆՉՆԱ՛Լ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ - ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՄԱՐԶԻԿ»Ի ԹԻՒ 423-Ի
Փետրուար 1911-ին, երբ հազիւ քսանհինգ գարուններ բոլորած Շաւարշ Քրիսեան Պոլսոյ մէջ յանդգնութիւնը ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան առաջին մարզական թերթը՝ «Մարմնամարզ»ը հիմնելու, շատեր թերահաւատութեամբ ընդունեցին լոյս աշխարհ եկող նախաձեռնութիւնը։
Նոյեմբեր 1918-ին, երբ Քրիսեանի նահատակութենէն երեք տարի ետք, անոր երբեմնի գործակիցները որոշեցին ձեւ ու մարմին տալ հայ մարմնակրթութեան մեծ երախտաւորին երազին եւ հայ մարզական Շար...