ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

 

 

 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին եւ Խմբապետական կազմին ներկայութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2020-ին, յատուկ արարողութեամբ մը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի մասնաճիւղերու խմբապետական պաշտօններու տուչութիւն:

Տուչութեան ներկայ եղան նաեւ մասնաճիւղերու Սկաուտ. Խորհուրդներու եւ վարչութիւններու անդամներ։ Այսպէս՝

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

- Մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնը ստանձնեց եղբ. Ռուբէն Պապէեան։

- Միաւորի խմբապետի պաշտօն  Շար...

2020-07-01 |

ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԳԱՅԼԻԿ-ԱՐԾՈՒԻԿ ԵՒ ՍԿԱՈՒՏ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

 

Կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնի «Կարպուշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գայլիկ-արծուիկ եւ սկաուտ միաւորներու ծնողներու հաւաք։

Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետուհի քոյր Ցոլինէ Պալեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ գնահատեց բոլորը՝ Քորոնա ժահրի համաճարակի շրջանին բեղուն աշխատանք տանելուն համար:  Շար...

2020-06-30 |

ԽՄԲԱՊԵՏԻ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՄԷՋ

 

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին, տեղի ունեցաւ խմբապետի աստիճանի տուչութիւն, ձեռամբ՝ Շրջանային Խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեանի։

Այս առիթով, մասնաճիւղէն քոյր Նաթալի Թաթոսեան-Հապէշեան եւ եղբ. Կիրօ Գարամանեան կատարեցին երդման արարողութիւն եւ ստացան խմբապետի աստիճան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Խմբապետ եղբ.  Շար...

2020-06-28 |

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԽՈՍՏՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՎԵՍԹԵՐՈՍԻ ՄԷՋ

 

Շաբաթ, 27 Յունիս 2020-ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շուէտի Վեսթերոսի Մեկուսի շրջանին համար յատկանշական օր մը եղաւ, որովհետեւ այդ օր շրջանը ունեցաւ միութենական խոստումով սկաուտական իր առաջին սերունդը։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Թաժրայի, Հ.Յ.Դ. Հիւսիսեան շրջանի ատենապետ Սիմոն Տէր Սահակեանի, Նորայր Քհնյ. Կանճումեանի, Վեսթերոսի եկեղեցական խորհուրդի ներկայացուցիչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սթոքհոլմի եւ Սոտերթելիոյ  Շար...

2020-06-27 |

«Ի՞ՆՉՊԷՍ ԱՇԽԱՏԵԼ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»

 

Լինել սկաուտ նշանակում է միշտ սովորել եւ որոնել զարգանալու տարբեր ուղղութիւններ...

Համավարակի պատճառով ստեղծուած իրավիճակը չկարողացաւ խոչընդոտել սովորելու եւ զարգանալու մեր ձգտմանը, որի գործնական ապացոյցն է Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի վարչութեան ջանքերով, «Սովորում ենք, որ սովորեցնենք» դասախօսական շարքով, Շաբաթ, 27 Յունիսին կայացած առցանց հանդիպումը՝ «Ժեստ» հոգեբանական կենտրոնի հոգեբան Անի Ապիտոնեանի  Շար...

2020-06-27 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՍԿԱՈՒՏ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու շրջանի գայլիկ, արծուիկ եւ մոկլի պատասխանատուներու վերապատրաստութեան առցանց սեմինարը տեղի ունեցաւ 20-27 Յունիս 2020-ին, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին եւ առաջնորդութեամբ քոյր Դալար Քէշիշեանին: Առցանց սեմինարը պատրաստուած էր բոլոր մասնաճիւղերու խմբապետ-խմբապետուհիներուն եւ գայլիկ, արծուիկ եւ մոկլի պատասխանատուներուն համար։ Սեմինարին մասնակցեցան 20 աստիճանաւոր պատասխանատուներ  Շար...

2020-06-27 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՌՑԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

 

19 Յունիսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ճատրակի առցանց մրցաշարքին առաջին փուլը։

Մրցաշարքին մասնակցեցան Ռուսիոյ զանազան շրջաններէն 24 հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ։

Մրցաշարքը նախատեսուած է կատարել երեք փուլով։

  Շար...
2020-06-19 |

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԱՌՑԱՆՑ ԽԱՉԲԱՌԸ

 

Ո՞վ չի գիտեր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտը ստեղծագործ է։


Առցանց գործունէութեան օրերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Ժըտէյտէի մասնաճիւղի «Սօսէ Մայրիկ» մասնաճիւղի փաղանգին պարմանուհիները, իրենց խմբապետուհի քոյր Կասիա Էճիտեանին գլխաւորութեամբ, կազմեցին սկաուտական ամենամեծ խաչբառը։


Այս մարտահրաւէրին ընթացքին պարմանուհիները վերապրեցան սկաուտական քաղցր յիշատակներ եւ հաճելի մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ՝ զարգացուցին սկաուտական իրենց բառամթերքը։


Իւրայատուկ այս խաչբառին  Շար...

2020-06-18 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՇՐՋԱՆԻ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

 

Քորոնայի համաճարակը ընկերա-տնտեսական բարդ կացութիւն ստեղծած է ինչպէս աշխարհի զանազան երկիրներուն, նաեւ՝ Մ. Նահանգներու մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ զանազան նախաձեռնութիւններով կը ջանան հասնիլ կարիքաւորներու օժանդակութեան։


Օժանդակութեան նորագոյն նախաձեռնութիւնը կու գայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Պոսթընի մասնաճիւղի խմբապետական կազմէն, որուն անդամները գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են տագնապալի այս օրերուն փութալու ընկերային անապահով  Շար...

2020-06-10 |

Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՄԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ՄՈՐՍԻ ՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳԻՐ

 

Կ’ուզէ՞ք մորս սորվիլ։

Եթէ այո, կրնաք ներբեռնել բջիջային հեռաձայններու յատուկ նոր ծրագիր մը, որ պատրաստուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Սերուժ Խանճիհանեանի կողմէ։ Եղբայրը անդամ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երէցական փաղանգին։

Եղբօր պատրաստած ծրագիրին կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով.- https://play.google.com/store/apps/details?id=com.seroujkh.morseacademy

  Շար...
2020-06-09 |

Հ.Մ.Ը.Մ. ՀԱԼԷՊ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒՆ

 

Կիրակի, 7 Յունիս 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտները վերադարձան Կիրակի օրերու իրենց ընթացիկ գործունէութեան, որ դադրած էր Մարտ ամիսէն ի վեր, Քորոնա ժահրին պատճառով։

Գործունէութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ, ներկայութեամբ 143 անդամներու։ Գործունէութեան աւարտին, մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յովիկ Հապէշեան քաջալերական նուէրներով գնահատեց հինգ քոյր-եղբայրներ, որոնք մասնակցած էին Սկաուտ. Խորհուրդին կողմէ  Շար...

2020-06-07 |

ԲԱԺԱՆՈՐԴԱԳՐՈՒԷ՛ ԵՒ ԴԻՏԷ՛

 

Կ’ուզէ՞ք Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի փառաւոր տօնակատարութիւնները վերյիշել եւ քաղցր յիշատակներ վերապրիլ

Առիթը չէ՞ք ունեցած 100-ամեակին Հայաստան գտնուելու եւ պատմական տօնակատարութիւններուն ներկայ գտնուելու։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի YouTube-ի պաշտօնական էջը առիթը կու տայ ձեզի յատուկ տեսանիւթերով հետեւելու, ծանօթանալու եւ վերապրելու 100-ամեակի ազգային ոգեւորութիւնն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական ցնծութիւնը։

Բաժանորդագրուեցէ՛ք Հ.Մ.Ը.Մ.ի YouTube-ի պաշտօնական էջին՝

https://www.youtube.com/channel/UCYgFSykgAYd6H4fIiLnXhLw?sub_confirmation=1

եւ ամէն Շաբաթ օր, Պէյրութի ժամով  Շար...

2020-06-01 |

ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶՈՀԸ

 

31 Մայիսին, Քորոնա ժահրի պատճառով, Երեւանի մէջ մահացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի առաջին պատասխանատու մարմինի անդամ, երկար տարիներ սկաուտ խմբապետ քոյր Ռուբինա Ղազարեանցը։


Քոյր Ռուբինա եղաւ Քորոնա ժահրին Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկրորդ զոհը եղբ. Զոհրապ Ջուլաճեանէն ետք, որ նոյն ժահրին պատճառով մահացաւ 1 Ապրիլին, Սթոքհոլմի մէջ։

 

  Շար...
2020-05-31 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔ Կ’ԱՌՆԵՆ

 

Հակառակ աշխարհը հարուածող Քորոնա ժահրին։ Հակառակ նաեւ ժահրի համաճարակին պատճառով ստեղծուած տնտեսական ծանր տագնապին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը, երկար ծրագրումէ եւ պատրաստութենէ ետք, անցնող շաբաթներուն սկսաւ իր նոր կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն։

1996-ին Հոլանտայի համանուն քաղաքին մէջ հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը այսօր կը հաշուէ 170 անդամներ եւ 90 սկաուտներ ու մարզիկներ։ Մասնաճիւղը ունի  Շար...

2020-05-30 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱԼԷՊԻ, ԳԱՄԻՇԼԻԻ ԵՒ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ

 

Ուրբաթ, 29 Մայիս 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութենէն ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան եւ եղբ. Արտօ Փայասեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի։ Հոգեհանգիստին յաջորդեց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ  Շար...

2020-05-29 |
Displaying 241 to 255 (of 390 news)

Տարածենք