ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՂԲ. ՍԱՐԳԻՍ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

 

Վաստակաշատ եղբայր մըն ալ մեկնեցաւ անդարձ՝ իր ետին ձգելով գաղափարի «անկեղծ զինուոր»ի, հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի եւ ազնիւ մարդու բարի անուն եւ յիշատակ։ Մեկնողը այս անգամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն եղբ. Սարգիս Պասմաճեանն էր։

Եղբ. Սարգիս Պասմաճեան ծնած է 1937-ին, Դամասկոս։ Ան յաճախած է տեղւոյն Ազգ. Միացալ Վարժարանը։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք  Շար...

2020-07-31 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԸ

 

13-31 Յուլիս 2020-ին, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին ամառնային ամէնօրեայ առաջին դպրոցը, որ նուիրուած էր գիտութեան եւ կ’ընդգրկէր դաստիարակչական զանազան ծրագիրներ՝ հայերէն լեզու, հայոց մշակոյթ եւ պատմութիւն, կրօնք, աշխարահագրութիւն, քիմիագիտութիւն, աստղաբաշխութիւն, ովկիանոսաբանութիւն, արուեստ, երաժշտութիւն եւ պար:

Ամառնային դպրոցին մասնակցեցան 45 երեխաներ, որոնք երեք շաբթուան ընթացքին մասնակցեցան դասախօսութիւններու, աշխատանոցներու եւ  Շար...

2020-07-31 |

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Վերջին օրերի հայ-ազրպէյճանական լարուածութեան հետ կապուած, Ազրպէյճանի սկաուտական կազմակերպութիւնն իր պաշտօնական էջում տարածեց մի յայտարարութիւն, որը խախտում է Համաշխարհային Սկաուտական Շարժման հիմնարար դրոյթներից մէկը՝ Շարժմանը մաս կարող են կազմել ոչ պետական, ոչ քաղաքական կազմակերպութիւնները։ Յայտարարութեան մէջ Ազրպէյճանի սկաուտական կազմակերպութեան ղեկավարները փորձում են Հ.Ս.Շ. հարթակն օգտագործելով,  Շար...

2020-07-28 |

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ԾԱՆՕԹԱՆԱՅ Հ.Մ.Ը.Մ.ԻՆ

 

 Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Նետերլանտներու (Հոլանտայի) նորանշանակ դեսպան Նիկօ Սխերմերս, 28 Յուլիսին, Ալմելոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հոլանտահայ շարք մը միութիւններու, ընդ որում՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի ներկայացուցիչին հետ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ եղբ. Րաֆֆի Թերզեան նորանշանակ դեսպանին ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը եւ ընդհանուր նպատակները՝ Նետերլանտներու եւ ի մասնաւորի Ալմելօ քաղաքին մէջ։ Եղբայրը նաեւ ներկայացուց  Շար...

2020-07-28 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը Երեքշաբթի, 28 Յուլիսին, առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին, Շրջանային խմբապետներուն, մարզական յանձնախումբի եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ժողովին ընթացքին ներկայացուեցաւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղին կատարած աշխատանքը ներկայ իրավիճակին մէջ, գնահատուեցան սկաուտական թէ այլ ձեւի բոլոր աշխատանքները։ Արծարծուեցան միութենական բնականոն կեանքի վերադարձի բոլոր տուեալները եւ նախազգուշական միջոցները,  Շար...

2020-07-28 |

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան յանձնախումբը Կիրակի, 26 Յուլիս 2020-ին տեսաժողով մը գումարեց միութեան 20 շրջաններու տեղեկատուական արհեստագիտութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

Տեսաժողովին արծարծուեցան Հ․Մ․Ը․Մ․ի ե-նամակներու միատեսակ հասցէներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը, ընկերային ցանցերու կապուած աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ միութեան database-ին վերաբերող ծրագիրներ։

 

  Շար...
2020-07-26 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 25 Յուլիս 2020-ի յետմիջօրէին ընթացք առին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական խմբապետական առցանց համագումարին աշխատանքները, մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 27 շրջաններու եւ Իրանի «Արարատ», «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու 70 բարձրաստիճան խմբապետներու։

Համագումարի բացման աշխատանքներուն հետեւեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Եւրոասիական տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահը,  Շար...

2020-07-25 |

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ուրբաթ, 17 Յուլիսին կատարեց 2020-ի իր երրորդ առցանց լիագումարը՝ օրակարգի վրայ ունենալով միութեան քառամեայ ծրագիրները Քորոնայի արտակարգ դրութեան պայմաններուն պատշաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը։

Լիագումարին սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հայաստանի սահմանային գիւղերուն դէմ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի կառոյցին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին թելադրեց սերտել կարելիութիւնը սահմանային վնասուած գիւղերու պատանիներուն  Շար...

2020-07-20 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՔԵՐՄԷՍԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի Մեկուսի Շրջանի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Վարդավառի տօնին քերմէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 18 Յուլիս 2020-ին, Վիեննայի ասորի եկեղեցւոյ պատկան պարտէզին մէջ:

Համաճարակի պարտադրած երկարատեւ բացակայութենէն ետք, քերմէսը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց համայնքին մէջ:

Համակիրներ եւ ծնողներ, երիտասարդներ ու պատանիներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրեր հաճելի ժամեր անցուցին՝ վայելելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական հարազատ մթնոլորտ, հայերէն երգեր ու  Շար...

2020-07-18 |

ԵՂԲ. ՀՐԱՆԴ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՄԱՐԶԻԿԸ, ՄԱՐԶԻՉԸ ԵՒ ՄԱՐԴԸ (ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

 

Յուլիս 2020-ին, հողին յանձնեցինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ֆութպոլի խումբի մարզիկ եւ ապա մարզիչ եղբ. Հրանդ Վարդանեանը: Երկար տարիներ, եղբ. Հրանդը տիրական ներկայութիւն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ֆութպոլի ընտանիքէն ներս:

Շնորհիւ իր ազնիւ նկարագիրին եւ լաւ վերաբերմունքին, եղբ. Հրանդ արժանացած էր բոլորին սիրոյն եւ յարգանքին:

Իբրեւ մարզիկ, ան զանազանուեցաւ ո՛չ միայն իր լաւ խաղարկութեամբ, այլեւ՝  Շար...

2020-07-15 |

ԲԱՆԱԿ ՄԵԿՆՈՂ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՂՋԵՐԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Յարգելով արտակարգ դրութեան պահանջները, Շաբաթ, 11 Յուլիսին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի «Հայկ Յովսէփեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ամառնային զօրակոչով հայկական բանակ մեկնող Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներու օրհնութեան եւ ողջերթի հանդիպումը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մեծ ընտանիքը այդ օր պատուով եւ հպարտութեամբ բանակ ծառայութեան ճանապարհեց 6 զինակոչներ, սկաուտական իրենց  Շար...

2020-07-11 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԸ

 

Շաբաթ, 11 Յուլիսը յիշատակելի օր մը եղաւ Ալմելոյի եւ Նետըրլենտներու (Հոլանտայի) հայութեան համար, որովհետեւ այդ օր ձեւ ու մարմին ստացաւ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղին տարիներու երազը՝ նոր կեդրոն մը ունենալու ծրագիրը։

11 Յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին կատարուեցաւ մասնաճիւղին նոր կեդրոնին հիմնարկէքը, ներկայութեամբ քաղաքի հոգեւոր հօր՝ Մաշտոց Քհնյ. Պաղտասարեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս  Շար...

2020-07-11 |

ՍԿԱՈՒՏ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՉՈՐՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐ

 

 20 Յունիսէն 11 Յուլիս 2020, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի «Գրիգոր Յակոբեան» եւ «Վահան Չերազ» մասնաճիւղերը կազմակերպեցին սկաուտ պատասխանատուներու չորս շաբթուան առցանց սեմինար։

Իւրաքանչիւր շաբաթ մասնակիցները քննարկեցին երկու թեմա։ Ութ թեմաները ներկայացուցին տարբեր դասախօսներ։ Մասնակիցները ստացան բազմաթիւ նոր գիտելիքներ, որոնք մեծապէս օգտակար կրնան ըլլալ իրենց հետագայ աշխատանքներու զարգացման եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբերու բարելաւման մէջ։

Սեմինարին աւարտին,  Շար...

2020-07-11 |

ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

 

 

 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին եւ Խմբապետական կազմին ներկայութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2020-ին, յատուկ արարողութեամբ մը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի մասնաճիւղերու խմբապետական պաշտօններու տուչութիւն:

Տուչութեան ներկայ եղան նաեւ մասնաճիւղերու Սկաուտ. Խորհուրդներու եւ վարչութիւններու անդամներ։ Այսպէս՝

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

- Մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնը ստանձնեց եղբ. Ռուբէն Պապէեան։

- Միաւորի խմբապետի պաշտօն  Շար...

2020-07-01 |

ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԳԱՅԼԻԿ-ԱՐԾՈՒԻԿ ԵՒ ՍԿԱՈՒՏ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

 

Կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնի «Կարպուշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գայլիկ-արծուիկ եւ սկաուտ միաւորներու ծնողներու հաւաք։

Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետուհի քոյր Ցոլինէ Պալեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ գնահատեց բոլորը՝ Քորոնա ժահրի համաճարակի շրջանին բեղուն աշխատանք տանելուն համար:  Շար...

2020-06-30 |
Displaying 226 to 240 (of 388 news)

Տարածենք