ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

21 Մարտ 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան Պէյրութի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, միութեան 100-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան հրաւէրը փոխանցելով անոր։


Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արցախի Հանրապետութիւն-Հ.Մ.Ը.Մ. գործակցութեան կարելիութիւնները։

  Շար...
2018-03-22 |

«ԱՐԵՒԵԼՔ ՄԱՐԶԱՇԽԱՐՀ»ԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇ-ԵՐԵԿՈՅ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան մամուլի յանձնախումբը կազմակերպեց ,Արեւելք Մարզաշխարհե մարզական շաբաթաթերթին նուիրուած յուշ-երեկոյ մը՝ Հինգշաբթի, 22 Մարտի երեկոյեան ժամը 7-ին, ,Արամ Մանուկեանե Ժողովրդային Տան ,Լեւոն Շանթե սրահին մէջ:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի քայլերգներով: Յանձնախումբի ատենապետ քոյր  Շար...

2018-03-22 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՎԱՃԱՌՔԻ ՄԵԿՆԱՐԿ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԹՈՒԱՅՆԱՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՄ

 

Միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, Հինգշաբթի, 8 Մարտի երեկոյեան կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յայտարարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի յուշանուէրներու առցանց վաճառքին մեկնարկը եւ պատմութեան ու սկաուտական գիրքերու թուայնացման աշխատանքներուն ամբողջացումը։

Մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ ,Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.ե մարզամշակութային համալիրի ,Հրայր Մարուխեանե ժողովասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ Կեդրոնական Վարչութեան  Շար...

2018-03-05 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին, Կիրակի, 4 Մարտ 2018-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ սկաուտական ցուցահանդէսի մը՝ ձեռամբ Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Հ.Հ. Հալէպի գլխաւոր  Շար...

2018-03-04 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ՍԱՆ ՏԻԷԿՈՅԻ «ՍԵՒԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ

 


17, 18 եւ 19 Փետրուարին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Սան Տիէկօ քաղաքին մէջ մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սեւան» մասնաճիւղին վոլիպոլի եւ պասքեթպոլի միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը, որոնք տեղի կ’ունենան 33 տարիէ ի վեր:

Մարզախաղերուն մասնակցեցան պասքեթպոլի 73 եւ վոլիպոլի 12 խումբեր, մօտաւորապէս 1000 մարզիկներով:

Տարեկան այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն ո՛չ միայն մարզիկներու,  Շար...

2018-02-19 |

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹՈՎ

 

Միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու շարքին բացումը կատարելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան մամուլի յանձնախումբը 18 Յունուար 2018-ին կազմակերպեց դասախօսական երեկոյ մը, նիւթ ունենալով՝ ,Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած հայ մարզիկները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութիւնըե, դասախօսն էր հալէպահայ հրապարակագիր, Հայ Ծերանոցի տնօրէն, Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Ակադեմիայի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան:

Դասախօսական երեկոյին բացման խօսքը ներկայացուց եւ  Շար...

2018-01-18 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ-ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

Ձմեռ, Յունուար ամիս, ձիւն, ցուրտ եւ բանակում։ Այո՛, շատերու համար անկարելի բան է, բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի մասնաճիւղին համար անկարելին կը դառնայ կարելի, երբ իր նուիրեալ Սկաուտական Խորհուրդի անդամներով, խմբապետական կազմով եւ 183 գայլիկ-արծուիկներով, արի-արենոյշներով եւ երէց-պարմանուհիներով ան կը դառնայ հաւաքական մէկ ուժ: Արդարեւ, 12-14 Յունուարի շաբաթավերջին, մասնաճիւղին սկաուտական ընդհանուր կազմը  Շար...

2018-01-14 |

ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄ ՓՈԽԱՆՑՈՂ ՕՐԱՑՈՅՑ ՄԸ

 

Միշտ չէ, որ օրացոյցները կրնան անցնիլ իրենց սովորական դերէն անդին, դառնալու համար օրերը ցոյց տուող հրատարակութենէ մը աւելիին ծառայող ներկայութիւն մեր տուներուն եւ գրասենեակներուն մէջ:


Սակաւաթիւ են այն օրացոյցները, որոնք կը հանդիսանան յուշարարը անցեալի փառաշուք նուաճումներուն, ներկայի պայծառ գործունէութեան, բայց մանաւանդ` ուղեցոյցը նպատակասլաց ապագային:


Ճաշակով, բծախնդրութեամբ եւ խոր հաւատքով պատրաստուած  Շար...

2017-12-31 |

«ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ»ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդ
ՀԱԼԷՊ

Սուրիական պատերազմի առաջին քանի մը տարին բանակում կազմակերպելը անկարելի դարձաւ: Վերջին երկու տարիներուն, սակայն, դժուարութիւնները յաղթահարուեցան:

Այս տարի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին ճիգերը արդիւնաւորուեցան եւ մասնաճիւղին սկաուտական կազմը եւ գայլիկ-արծուիկ միաւորի կարմիր վոհմակ-երամը, 140 քոյր- եղբայրներով, հաւաքուեցաւ հայաշունչ եւ հրաշագեղ Քեսապի գիրկը, ուր  Շար...

2017-12-05 |

«ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ» ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

 

Թղթակից
ՔԵՍԱՊ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական տարեկան բանակումը լաւագոյն վայրն է ականատեսը ըլլալու գայլիկ-արծուիկին եւ արի-արենոյշին կրթութեան եւ դաստիարակութեան արդիւնքին: Այս իմաստով չափազանց արտայայտիչ էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղին «Վարդան Բախշեան» բանակումը, որ տեղի ունեցաւ ՍՕԽ-ի կազդուրման կայանին մէջ, Քեսապ:

Բանակողները կը հաշուէին 72 քոյր-եղբայրներ. անոնց կողքին կանգնած էր 26 հոգինոց  Շար...

2017-12-05 |

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

 

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական յանձնախումբին, Շաբաթ, 25 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, «Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան» «Լ. Շանթ» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը մեկնարկը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի Սուրիոյ ձեռնարկներուն:


Ձեռնարկին ներկայ եղան Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր  Շար...

2017-11-25 |

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՄԱՀԱՑԱԾ ՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ միութեան հին ու նոր ննջեցեալներուն եւ Սուրիոյ պատերազմին նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հոգիներուն համար, ներկայութեամբ տարազաւոր սկաուտներու, երէց ու երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:

Պատարագէն ետք, ներկաները համախմբուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանեկան պարտէզը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան  Շար...

2017-11-19 |

ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը Յունիս 2016-էն սկսեալ ձեռնարկեցին Վկայեալ կարգի դասընթացքի, որուն Հալէպի մասնաճիւղէն իրենց մասնակցութիւնը բերին հինգ փոխ խմբապետներ՝ քոյրեր Սեւան Ուրիշիկեան, Մարիա Սայէղ, Նաթալի Թաթոսեան, Թամար Կիւլոյեան եւ եղբ. Կիրօ Գարամանեան: Շաբաթական հերթականութեամբ տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց ընթացքին մասնակիցներուն ներկայացուեցան  Շար...

2017-11-16 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

 

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։


Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ցուցաբերած երկարամեայ աջակցութեան եւ վստահութեան համար։ Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ նաեւ զեկուցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներուն մասին՝ խնդրելով Արամ  Շար...

2017-11-11 |

ԵՂԲ. ՍԱԳՕ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԲԱՆԱԿՈՒՄ՝ ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ

 

Մարի Մելքոն
ԳԱՄԻՇԼԻ

Վեց տարուան ընդհատումէ ետք, հակառակ քաղաքին մէջ տիրող լարուած վիճակին եւ երթեւեկի դժուարութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդին կազմակերութեամբ տեղի ունեցաւ եռօրեայ բանակում մը, որ նուիրուեցաւ եղբ. Սագօ Մանուկեանի յիշատակին։

Բանակումը տեղի ունեցաւ Գամիշլիէն 10 քլմ. հարաւ գտնուող ասորի կաթողիկէներու ուխտավայրին մէջ, մասնակցութեամբ 80 քոյր-եղբայրներու եւ 17  Շար...

2017-11-05 |
Displaying 316 to 330 (of 388 news)

Տարածենք