ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ -ՄԱՐԶԻԿ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու նուիրուած յատուկ թիւ, 192 էջ 42-րդ տարի, թիւ 426

 

 ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Մթնոլորտի՛ միութիւնը

 

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Գիր օրհնութեան եւ գնահատանքի առ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնն

 

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան այցելութիւնը Արամ Ա. Վեհափառին եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին

 

ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԷՆ ԱՌԱՋ

Մարզախաղերուն վիճակաձգութիւնը

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը

Հանդիպում՝ մարզական պատասխանատուներու հետ

 

ԲԱՑՈՒՄԸ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու բացման մեծաշուք հանդիսութիւնը

Կառչած մնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներու  Շար...

2022-10-27 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ՊԱՏՐԱՍՏ՝ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԻՐ ՇԱՐՔԵՐԸ ԽՏԱՑՆԵԼՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՊԱԳԱՅ 17 ԽՄԲԱՊԵՏՆԵՐ ՏՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԵՐԴՈՒՄԸ

 

Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2022-ը յիշատակելի օր մը եղաւ արցախահայութեան համար։ Երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ստեփնակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան սրահը բերնէ բերան լեցուն էր մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ասէր հայորդիներով, որոնք համախմբուած էին ներկայ գտնուելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի ապագայ խմբապետներու սկաուտական երդման արարողութեան։

Սրահ փութացած էին Անդրէաս Քհնյ. Թաւատեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ  Շար...

2022-10-20 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՎԱՉԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՒԷՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐ

 

14-16 Հոկտեմբեր 2022-ը յիշատակելի օրեր եղան Շուէտ բնակող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն համար, որոնք առիթն ու պատեհութիւնը ունեցան հիւրընկալելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանը։ Եղբայր Նաճարեան Պէյրութէն շրջան ժամանեց յատկապէս ներկայ գտնուելու համար Օրէպրուի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մասնաճիւղի մը հիմնադիր ժողովին։ Շուէտի մէջ իրեն կ’ընկերակցէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի-Խաժակ  Շար...

2022-10-16 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՆՈՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՇՈՒԷՏԻ ՕՐԷՊՐՈՒ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

 

Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2022-ին, Շուէտի վեցերորդ մեծագոյն քաղաքին՝ Օրէպրուի մէջ հիմնադիր ժողովը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորաստեղծ մասնաճիւղին, որ գործունէութեան սկսած է վեց ամիսէ ի վեր։ Հիմնադիր ժողովին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան, 18 տարիքը ամբողջացուցած 29 անդամներ եւ նորագիր 18  Շար...

2022-10-15 |

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԵՐԿԱՍՏՂ, Ա. ԿԱՐԳ ԵՒ Բ. ԿԱՐԳ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ՝ ՊԱՏՐԱՍՏ

 

Տարիներու աշխատանքէ ետք, պատրաստ են սկաուտական Երկաստղ, Ա. կարգ եւ Բ. կարգ գիրքերու վերամշակուած, նոր օրինակները, որոնք PDF օրինակով տեղ գտած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի կայքէջի հրատարակութիւններու բաժինին մէջ (https://www.homenetmen.org/hy/library)։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Կարպիս Գապասագալեանի խմբագրութեամբ, սկաուտական այս գիրքերը առաջին անգամ հրատարակուած են 1999-ին։ Այնուհետեւ, քանի  Շար...

2022-10-12 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏ ԽՄԲԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

 

Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2022-ի կէսօրուան ժամը 1-ին, Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցի մուտքին զետեղուած ազգային հերոս Բեկորի կիսանդրիին դիմաց, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով սկիզբ առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղին սկաուտ խմբապետներուն աշխատանքը։ Արդէն բաւական փորձառութիւն ձեռք բերած Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապագայ խմբապետները աւելի ինքնավստահ ու հաւատքով սկսան իրենց աշխատանքը, զոր լաւապէս ղեկավարեցին քոյրեր Ալինա  Շար...

2022-10-01 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՖՈՆՏ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանի մահուան առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով ստեղծուած է յատուկ ֆոնտ մը, որուն նպատակն է օժանդակել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու մասնակցութեան նիւթական դժուարութիւն ունեցող սկաուտներու։

Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան եղած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական չորրորդ բանակումին (Յունաստան, 1990) ընդհանուր խմբապետը եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումները տեւաբար եղած են իր սրտին մօտիկ  Շար...

2022-09-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՇԽՈՅԺ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ

 

17-18 Սեպտեմբեր 2022-ի շաբաթավերջը բաւական հետաքրքրական անցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի ապագայ սկաուտական խմբապետական կազմին համար։ Արդէն բաւական հմտացած թեկնածուները սկսած են իրենք ղեկավարել խումբի աշխատանքները, ծրագիր կազմել եւ գործնականացնել զայն։

Կիրակի, 17 Սեպտեմբերին, աշխատանքը ղեկավարեցին քոյր Վիկա  Մկրտչեանն ու Գեղամ Բեգլարեանը։ Աշխատանքին բացումը կատարուեցաւ նահատակ Բեկորի՝ Աշոտ Ղուլեանի կիսանդրիին առջեւ  Շար...

2022-09-18 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ…

 

 

Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանի, անդամներ՝ Վիգէն Աւագեանի, Թալին Օրտողլեանի եւ Հրաչ Սիսեռեանի, այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը  Շար...

2022-09-14 |

ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ՈՒ ՎԵՀԱՆՁՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ

 

Դժուար է ընդունիլ, որ անակնկալօրէն մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուած է մեր բոլորին յարգանքը վայելող երէց Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Ներսէս Ճուպանեան։

Բոլորս ալ տրամաբանականօրէն համոզուած ենք մահուան գաղափարին հետ եւ քաջ գիտենք, որ ուշ կամ կանուխ այդ իրականութեան դէմ յանդիման պիտի կանգնինք, որովհետեւ անկէ անկարելի է խուսափիլ։

Սակայն, ոեւէ մէկը չէր կրնար պատկերացնել, որ Մայիս  Շար...

2022-08-26 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Ա. ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

11-15 Օգոստոս 2022-ին, Forest Club բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտական խմբապետական առաջին դաստիարակչական բանակումը, մասնակցութեամբ 20 խոստմնալից արի-արենոյշներու։

Այսպէս, բանակումին առաջին օրը, Հինգշաբթի, 11 Օգոստոս 2022-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին հաւաքուեցանք Ստեփանակերտի հրապարակ, «Արմենիա» պանդոկի դիմաց, ուրկէ ճամբայ ելանք դէպի Forest Club բանակավայր։ Ճամբան հանդիպեցանք թիւ 2  Շար...

2022-08-15 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

Ուրբաթ, 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ, վարագոյրը իջաւ համա-ՀՄԸՄ-կան 11-րդ մարզախաղերուն վրայ եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ժամադրուեցաւ չորս տարի ետք դարձեալ հանդիպելու նոր մարզախաղերով եւ ախոյեաններով։


Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին եւ դրօշակակիրներու համալիր մուտքով։ Յաջորդեցին մարզախաղերու մասնակից 20 երկիրներու պատուիրակութիւնները՝ իրենց դրօշներով, նուաճած  Շար...

2022-07-29 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԽԱՂԵՐԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ Կ’ԱՆՑՆԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

 

Այսօր երեկոյեան կազմակերպուած փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը կ’անցնին պատմութեան։ Պարտեալ խումբերը կը շնորհաւորեն յաղթականները, յաղթականները կը յուսադրեն պարտուողները։

Ինը օրերու վրայ երկարած համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը ունեցան իրենց ախոյեանները։ Բաւական սուր մրցակցութիւն արձանագրուեցան յատկապէս ֆութպոլի, ֆութսալի եւ պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց մրցումներուն։ Վոլիպոլի պարագային գերակայութիւնը եղաւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի խումբին, իսկ  Շար...

2022-07-29 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅՈՎ ՆՇԵՑԻՆ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ 39-ԱՄԵԱԿԸ

 

Չորեքշաբթի, 27 Յուլիսի երեկոյեան, համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերու մասնակիցները ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով նշեցին Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 39-ամեակը:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ, երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց հայ քաղաքական նախկին բանտարկեալ Համբիկ Սասունեան։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան:

  Շար...
2022-07-28 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԵՒ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ

 

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու վեցերորդ օրը մրցումները դադար առին եւ օրը յատկացուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ եւ Սարդարապատ այցելութեան։
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, Երեքշաբթի, 26 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, մարզախաղերու մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։


Ծիծեռնակաբերդ հասնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկ-մարզիկուհիները կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով քալեցին  Շար...

2022-07-27 |
Displaying 31 to 45 (of 390 news)

Տարածենք