Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՇԱՐՔԵՐԸ ՀԱՄԱԼՐՈՒԵՑԻՆ 35 ՆՈՐ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՎ

 

28 Մայիսին, Վրաստանի համար պատմական եւ խորհրդանշական մի վայրում` Դիդգորիում, որտեղ Դաւիթ Դ. Շինարարի բանակը, որի կազմում արիաբար կռւում էին շատ հայեր, ջախջախիչ պարտութեան մատնեց իրեն թուով հինգ անգամ գերազանցող թուրք-սելճուքների բանակը, տեղի ունեցաւ մի միջոցառում, որին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թիֆլիսի սկաուտները սպասում եւ փափաքում էին մօտ մէկ տարի։

35 սկաուտ, իրենց եղբայր-քոյրերի,  Շար...

2022-05-28 |

Հ.Մ.Ը.Մ. ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԱՒ ԴԷՊԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏԱՏԵՂԻ՝ ՏԷՐ ԶՕՐ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ

 

Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ գաղթական դարձած ժողովուրդի ծոցէն ծնած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, 104 տարիներ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ջահը կրելով, կը շարունակէ մեր ժողովուրդին պայքարի երթը, մինչեւ անոր արդար իրաւունքներուն վերատիրացումը։

Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2022-ին, ազգային-պահանջատիրական դաստիարակութեամբ տոգորուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին դէպի Տէր Զօր կազմակերպուած ուխտագնացութեան եւ իրենց վստահուած  Շար...

2022-05-25 |

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ

 

Եւրոպայի մեկուսի շրջաններուն համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած սկաուտական Վկայեալ կարգի դասընթացքը ընթացք առաւ Կիրակի, 22 Մայիսին, առցանց հանդիպումով մը։

Հանդիպումին ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, ինչպէս նաեւ վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչներ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան եւ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Յունաստանէն, Երուսաղէմէն, Լոնտոնէն, Աւստրիայէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն եւ Շուէտէն սկաուտական  Շար...

2022-05-22 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

 

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին հրաւէրով, Շաբաթ, 14 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5-ին, տեղի ունեցաւ մարզախաղերու նախապատրաստութեան առցանց երկրորդ ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մարզախաղերու մասնակից շրջաններու պատուիրակութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններու ներկայացուցիչներ, մարզախաղերու պատասխանատուներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ընդամէնը՝ 46 մասնակիցներ։ Առցանց առաջին ժողովը կատարուած էր  Շար...

2022-05-14 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ 20-30 ՅՈՒԼԻՍԻՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

 

Քորոնայի համաճարակին պատճառով մէկ տարուան ակամայ յետաձգումէ ետք, համաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը այս ամառ, 20-30 Յուլիս 2022-ին, տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ։

Ի տարբերութիւն նախորդ մարզախաղերուն, 11-րդ մարզախաղերը պիտի յատկանշուին քանի մը նորութեամբ։ Արդարեւ, այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի կիրարկուին 3x3 պասքեթպոլի, ծովափի վոլիպոլի եւ կոլֆի մրցումներ, ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութսալի,  Շար...

2022-05-03 |

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՐԶԻԿ 42-րդ տարի, Թիւ 423

 

Խմբագրական- Ոգի եւ գաղափարական հարստութիւն («Մարզիկ»ի 42-ամեակին առիթով)

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերը այս ամառ՝ Հայաստանի մէջ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առցանց մարզախաղեր

Փոփոխութեան հրամայականը- Վ. Աւագեան

Համացանց եւ ընկերային ցանցեր. դէպի ո՞ւր- Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան

Ծանիր զքեզ- Սամուէլ Մկրտիչեան

Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներուս եւ քոյրերուս- Սերոբ Սահակեան

Նաե՛ւ մահէն անդին…- Սերոբ Սահակեան

Մեր մեծերը. Աբրահամ Քէշիշեան, ծածկանունով՝ Այրանճի- Վիգէն Գէորգեան

Տոքթ. Ատուր Գապագեան (մահուան 50-ամեակին  Շար...

2022-04-21 |

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵԱՖԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ

 

Երուսաղէմ, Հայֆա, Եաֆա կատարած կազմակերպական իր այցելութեան ծիրին մէջ, Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եաֆայի մեկուսի շրջանի անդամական ընդհանուր ժողովին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցին ստեղծումէն՝ 1974-էն ի վեր, առաջին
անգամն էր, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը առիթը կ’ունենար ներկայացուցիչով մը ներկայ գտնուելու  Շար...

2022-04-01 |

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

 

Ծանօթ պայմաններու բերումով, երկար տասնամեակներու ակամայ բացակայութենէ ետք, Ուրբաթ,1 Ապրիլ 2022-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, յանձինն իր անդամներէն եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեանի, ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի մեկուսի շրջանի անդամական 77-րդ ընդհանուր ժողովին։

Ժողովը քննեց մեկուսի շրջանի ընթացաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական գործունէութիւնը, ապա իր առաջարկները ներկայացուց գալիք միամեայ աշխատանքներուն համար։ Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ եօթնանդամ  Շար...

2022-04-01 |

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱՅՖԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ

 

Երուսաղէմ, Հայֆա, Եաֆա կատարած կազմակերպական իր այցելութեան ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 31 Մարտ 2022-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայֆայի մեկուսի շրջանի անդամական ընդհանուր ժողովին։

Ժողովէն առաջ, եղբ. Գազանճեան այցելեց Հայֆայի Ս. Եղիա եկեղեցի։

Անդամական ընդհանուր ժողովին եղբ. Գազանճեան փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը եւ յիշեց, որ 78  Շար...

2022-03-31 |

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ՖՐԵԶՆՈՅԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԵՂԲ. ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

Շաբաթ, 12 Մարտ 2022-ի կէսօրէ առաջ 10.30-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, ընկերակցութեամբ ատենադպիր եղբ. Վիգէն Աւագեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրեզնոյէն Լիբանան ժամանած բժշկական պատուիրակութեան գլխաւոր պատասխանատու, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եղբ. Պերճ Աբգարեանի հետ, որ բժշկական պատուիրակութեամբ մը Լիբանան այցելեց, հայկական երեսփոխանական գրասենեակին հովանաւորութեամբ եւ  Շար...

2022-03-12 |

ARMENIAN AIRWAYS ԻՐ ՕԴԱՆԱՒԵՐԷՆ ՄԷԿԸ Կ’ԱՆՈՒԱՆԷ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՂԲ. ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

 

26 Փետրուար 2022-ը յիշատակելի օր մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղին համար, որուն նահատակ սկաուտներէն եղբ. Գրիգոր Ղազարեանի անունով անուանակոչուեցաւ Armenian Airways օդանաւային ընկերութեան օդանաւերէն մէկը։

Անուանակոչութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ նահատակ սկաուտին ծնողքին եւ մասնաճիւղի սկաուտ քոյր-եղբայրներուն։

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչ Արլէն Տաւուտեան  Շար...

2022-02-28 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 103-ԱՄԵԱԿԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 103-ամեակին առիթով կազմակերպուած լուսանկարչական մրցանքը անցնող ամիսներուն իր շուրջ ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն։ Մրցանքին կազմակերպիչ յանձնախումբը 23 մասնակիցներէ ստացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առօրեան ցոլացնող 93 լուսանկարներ։

Այս առիթով յառաջացած դատական կազմը, որուն մաս կազմեցին լուսանկարիչ Րաֆֆի Պէրպէրեան, բեմադրիչներ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Ծովիկ Թորիկեան, արուեստագէտ Արա Ազատ, խմբագիր Նորա Բարսեղեան, նկարչական թեքնիք  Շար...

2022-02-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 103-ԱՄԵԱԿԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ «ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»Ը՝ 24 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 103-ամեակի լուսանկարչական մրցանքը, որ յայտարարուած էր 16 Նոյեմբեր 2021-ին՝ միութեան հիմնադրութեան տարեդարձին օրը, իր աւարտին կը հասնի շուտով։ Մրցանքին մասնակցելու վերջին պայմանաժամն է 20 Փետրուար 2022-ը, որովհետեւ արդիւնքներուն հրապարակումը ընկերային ցանցերով պիտի կատարուի «Հայ սկաուտի օր»ը՝ 24 Փետրուարին։

Յայտնենք, որ այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած է  Շար...

2022-02-02 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան մարզական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 29 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու ծանօթացման առցանց հանդիպումը, մասնակցութեամբ միութեան տարբեր շրջաններու մարզական 40 պատասխանատուներու, մարզական յանձնախումբի եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, ընդամէնը՝ 56 մասնակիցներու։

Հանդիպումին առաջին մասով, մարզական յանձնախումբի անդամ քոյր Մարիա Գէորգեան ներկայացուց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առցանց  Շար...

2022-01-31 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ

 

ԱԹԼԷԹ

ՏՂԱՔ

100 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔ/ 18 ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՒ ՎԵՐ

1. Միսաք Տէրտէրեան (Հարաւային Ամերիկա) 10.59

 

100 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔ/18 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ

1.Ճոնի Թընկրեան (Լիբանան) 12.17

2. Նարեկ Ասատուրեան (Լիբանան) 14.97

 

200 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔ/18 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ

1.Արմէն Եղիայեան (Լիբանան) 28.83

2.Նարեկ Ասատուրեան (Լիբանան) 30.53

 

300 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔ/14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ

1.Յակոբ Ապտալեան (Լիբանան) 45.3

2.Անթոնի Պողչալեան (Լիբանան) 52.86

3.Սարգիս Էմիրզեան (Լիբանան) 52.89

 

400 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔ/18  Շար...

2022-01-30 |
Displaying 61 to 75 (of 390 news)

Տարածենք