«ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԻՆԴԼԵԱՆ» ԲԱՆԱԿՈՒՄ ՝ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ
Թղթակից
ԼԱԹԱՔԻԱ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի «Յովհաննէս Հինդլեան» բանակումը տեղի ունեցաւ Քեսապի «ՔՋԱԿ» բանակավայրին մէջ, մասնակցութեամբ 86 քոյրերու եւ եղբայրներու:
Սկաուտները մարզական, դաստիարակչական եւ սկաուտական գիտելիքներով օժտուած՝ չարքաշ կեանքի փորձառութիւն ձեռք ձգեցին Քեսապի բնութեան մէջ:
Բանակումին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով:
Բացման խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ թատերական պատկեր մը` միջազգային սկաուտութեան 110-ամեակին եւ հայ սկաուտութեան Շար...