ՀԱԼԷՊԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ-ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔ

 

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11.45-ին սկսաւ Հալէպի ազատագրութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով՝ Սուրիոյ խորհրդարանին երախտագիտութեան ժողովրդային երթը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչին, Բերիոյ Թեմի  Շար...

2020-04-06 |

ԳԱՀԻՐԷԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-«ԱՐԱՐԱՏ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ» մասնաճիւղի Ա. կարգի եռօրեայ սեմինարէն ետք, Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2020-ին, Գահիրէի արուարձաններէն Ալ Օպուրի մէջ ընթացք առաւ մասնաճիւղին եռօրեայ բանակումը, մասնակցութեամբ 45 սկաուտներու, Ա. կարգի դասընթացքին մասնակից քոյր-եղբայրներու եւ դասախօսական յատուկ կազմի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն եղբ. Արթիւր Մկրտչեանի, Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանանէն քոյրեր Նարօտ Քէչէպաշեանի եւ Արզնի Արսլանեանի։

Բանակումը անցաւ միութենական խանդավառ մթնոլորտի  Շար...

2020-04-06 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ՝ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

 

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, ինչպէս ամէն տեղ, նաեւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու թեմի եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, երեկոյեան ժամերգութեամբ, Անդաստանի եւ մանուկներու Ս. խորան ընծայման արարողութիւններով եւ խարոյկի բոցավառումով։

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։

Եկեղեցական դասի  Շար...

2020-03-25 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԱՇԽՈՅԺ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

 

Շաբաթ, 25 Յունուար 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի մասնաճիւղի վարչութեան անդամները մասնակցեցան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ տիկնոջ ի պատիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Նուրհան Արք. Մանուկեանի կազմակերպած ընդունելութեան։

Կ’արժէ նշել, որ նախագահ Սարգսեան եւ տիկինը Պատրիարքարան հասնելով նախ շրջայց մը կատարեցին վանքին շրջափակին մէջ գտնուող սրբատեղիներ եւ հաստատութիւններ, ապա Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին  Շար...

2020-03-24 |

ԵՒՐՈԱՍԻԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ

 

 Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կենտրոնական Վարչութեան եւ Եւրոասիական տարածաշրջանի սկաուտական գրասենեակի համատեղ կազմակերպութեամբ անցկացուեց երկօրեայ սեմինար՝ «Երիտասարդական ծրագիր» խորագրով:

Սեմինարը կայացաւ 14 եւ 15 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կենտրոնական գրասենեակում: Այս առիթով հրաւիրուել էին համաշխարհային սկաուտութեան լաւագոյն դասընթացավարներից չորս հոգի:

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ից մասնակցեցին 36 հոգի՝ վարչականներ եւ աստիճանաւոր սկաուտներ:

Համաժամանակեայ թարգմանութիւնը կատարեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի քոյրեր Լիլիթ Զաքարեանն ու Նարէ  Շար...

2020-03-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԵՍԹԵՐՈՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վեսթերոսի մասնաճիւղի վերականգնումի անդամական ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Թաժրայի, Սթոքհոլմի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Յովսէփ Համամճեանի, շրջանի կոմիտէի անդամ Սմբատ Գրիգորեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական 35 քոյր-եղբայրներու։

Ներկաներուն բարի գալուստի խօսք արտասանեց քոյր Միրնա Սարգիսեան։ Ան ներկայացուց անդամական ժողովին  Շար...

2020-03-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ, ԼԱԹԱՔԻՈՅ, ՔԵՍԱՊԻ ԵՒ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի անդամական 94-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 Յունուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն, մասնաճիւղի վարչութեան, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետութեան, մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին, խմբապետին, աստիճանաւորական եւ խմբապետական կազմերուն, շեփորախումբի եւ մարզական խումբերու ներկայացուցիչներուն,  Շար...

2020-03-24 |

«ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»Ը ՀԱԼԷՊԻ, ԳԱՄԻՇԼԻԻ ԵՒ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

 

Կիրակի, 9 Փետրուար 2020-ին, Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտները Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ միօրեայ գործունէութեամբ մը նշեցին «Հայ Սկաուտի Օր»ը, մասնակցութեամբ 135 քոյր-եղբայրներու։ Օրուան յայտագիրը սկսաւ խմբային դրութեամբ եւ դրօշակի արարողութեամբ, ապա տեղի ունեցան նախաճաշ, մարզանք եւ ռալի։

Յայտագիրին յատկանշական բաժիններէն մէկն էր տողանցքը, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին։ Տողանցքին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ.  Շար...

2020-03-24 |

«ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ»

 

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան գրական յանձնախումբին, 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ նշուեցաւ հայ մամուլի 225-ամեակը՝ «Պատառիկներ հայ մամուլի պատմութենէն» խորագիրով:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, օրուան բեմավար քոյր Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պողիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն,  Շար...

2020-03-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԱՇԽՈՅԺ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մասնաճիւղը վերջին ամիսներուն ունի բաւական աշխոյժ գործունէութիւն։ Հոկտեմբեր 2019-Փետրուար 2020, մասնաճիւղը գործեց նշանակովի իննանդամ վարչութեամբ մը, որուն մաս կազմեցին եղբ. Անդրանիկ Առուստամեան (ատենապետ), քոյրեր Լարիսա Յակոբեան (ատենադպիր), Տիանա Թաւագալեան (գանձապահ), Աշխէն Պատալեան, Ժաննա Յարութիւնեան, Թեհմինէ Կարապետեան, Նելլի Մելքոնեան, եղբայրներ Դրօ Գնտոյեան եւ Արթիւր Գզողեան։

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵԶՐԱՍ ԱՐՔ. ՆԵՐՍԻՍԵԱՆԻ…

Իր  Շար...

2020-03-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐԸ

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի սկաուտական աստիճանաւորական կազմերու եւ յանձնախումբերու յատուկ որակաւորման սեմինարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 եւ Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ժողովասրահին մէջ, մասնակցութեամբ 33 քոյր-եղբայրներու:

Սեմինարին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: Երկօրեայ սեմինարին յայտագիրը վարեց վարչութեան ատենադպիր քոյր Սիրուն Քէշիշեան:

Մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց  Շար...

2020-03-24 |

ԳԱՀԻՐԷԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-«ԱՐԱՐԱՏ»Ի Ա. ԿԱՐԳԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐԸ

 

Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտական Ա. կարգի եռօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ 27-29 Յունուար 2020-ին, «Յուսաբեր» կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի խմբապետական կազմին եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, մասնակցութեամբ եօթը թեկնածուներու՝ Արի խմբակէն եղբայրներ Կարէն Թորոսեանի եւ Աշոտ Քէօհնիւլեանի, Արենոյշ խմբակէն քոյրեր Կարին Կրպոյեանի, Սանտրա Մունիրի եւ Նաթալի Սրապեանի։

Մասնաճիւղի վարչութեան առաջարկով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան  Շար...

2020-03-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, աւելի քան 100 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու նախկին պատուոյ նախագահներ եւ մօտիկ բարեկամներ ներկայ էին ,Presidents Circleե-ի նախաձեռնած անդրանիկ դրամահաւաքի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ 9 Փետրուար 2020-ին, «Bistro Garden»-ի մէջ:

Ներկաները նախ ընկերային ժամ ունեցան եւ հիւրասիրութիւն մը վայելեցին։ Ապա, անոնք անցան սրահ, ուր  Շար...

2020-03-24 |

Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ 51-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ

 

Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ Նաւասարդեան միջ-մասնաճիւղային 51-րդ մարզախաղերը տեղի ունեցան 25-28 Դեկտեմբեր 2019-ին, Մելպուռնի մէջ։ Խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի «Անդրանիկ», «Արաքս» «Նաւասարդ» եւ «Արարատ» մասնաճիւղերու մարզական խումբերը։

Խաղերը ընթացք առին 25 Դեկտեմբեր 2019-ին, «Անդրանիկ» եւ «Արարատ» մասնաճիւղերու բոլոր տարիքի տղոց ֆութպոլի խաղով։ Յաղթեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի «Անդրանիկ» մասնաճիւղը, որ շահեցաւ «Թորոս Գահրամանեանի անուան բաժակ»ը։

Յաջորդ  Շար...

2020-03-22 |

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ «Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ

 

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան հետ համախորհուրդ, 2019-ին հաստատեց «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։

Այս առիթով Առաջնորդարանը պատրաստեց եւ հրատարակեց գրքոյկ մը, որ ընդգրկեց քրիստոնէական, կրօնա-եկեղեցական, աստուածաշնչային, պատմական եւ ազգային նիւթեր, որոնց  Շար...

2020-03-22 |
Displaying 271 to 285 (of 388 news)

Տարածենք