ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐԺԱՆԵԱՑ» ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆ՝ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻՆ

 

Ուրբաթ, 8 Յունուար 2021-ին տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վերջին հրաժեշտը՝ ազգային յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը, որուն աւարտին, յետ մահու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ եղբօր շնորհուեցաւ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը։

Յընթացս յուղարկաւորութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Հայրապետ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին  Շար...

2021-01-08 |

«Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՖՈՆՏ»

 

Առ ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով ստեղծուած է յատուկ ֆոնտ մը, որուն կանոնագրութիւնն ու աշխատանքի եղանակը կը մշակուին շուտով։

Այս առիթով, Մկրտիչեան ընտանիքին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան փափաքն է, որ փոխան ծաղկեպսակի, եղբօր յուղարկաւորութեան առիթով կատարուելիք նուիրատուութիւնները հասցէագրուին այս ֆոնտին՝ միութենական օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով  Շար...

2021-01-07 |

ՄԱՀԱԶԴ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ միութեան երկար տարիներու Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական`

ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ին։

Ցաւակցագիրները փոխանցել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին՝ office@homenetmen.org

  Շար...
2021-01-06 |

ՓԱՐԻԶԻ ԻՍԻ ԼԷ ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՝Հ.Մ.Ը.Մ. 7.5 ԹՈՆ ՍՆՆԴԵՂԷՆ, ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔ ԿԸ ԲԱԺՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ

 

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, Հ.Մ.Ը.Մ. 7.5 թոն սննդեղէն, հագուստներ եւ դեղորայք բաժնեց լիբանանահայ ընկերային կարիքաւոր պարագաներու։ Օժանդակութիւնը տրամադրեց Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առիթով իր կատարած մարդասիրական օգնութեամբ։

Արդարեւ, քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի նախաձեռնութեամբ եւ փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի գլխաւորութեամբ, Պէյրութի պայթումէն անմիջապէս ետք, Իսի  Շար...

2020-12-21 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՍՐԱՀԸ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄՈՍԻԿ ՍԵՔԼԵՄԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

 

Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Արցախեան նորօրեայ պատերազմին նահատակուած բոլոր հերոսներուն եւ ի մասնաւորի՝ հալէպահայ երեք կամաւոր հերոսներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Մովսէս (Մոսիկ) Սեքլեմեանի եւ Յակոբ Աստարճեանի Շուշիի մէջ նահատակութեան քառասունքին հոգեհանգստեան արարողութիւնը:

Արարողութենէն ետք, շրջանէ մը ի վեր Վիեննա  Շար...

2020-12-20 |

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՐԶԻԿ 39-րդ տարի, Թիւ 418-419

 

 

- 102-ամեակի պատգամ- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւն

- Խմբագրական- Փրկելու համար կորսուած, չապրուած մանկութիւնը

- Փառք նահատակաց- Արցախեան պատերազմի Հ.Մ.Ը.Մ.ական տասը նահատակներու յիշատակին

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակ»-ը ի սպաս՝ Արցախի համահայկական կռիւին

- Արցախի նիւթով առցանց հանդիպում

- Հաղորդագրութիւն- Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութիւն

- Արցախէն գաղթած պատանիներու կիրակնօրեայ հաւաքներ Երեւանի մէջ

- Արցախի հետ, հայութեան համար (Ձեռնարկներ, ցոյցեր, զօրակցութիւն,  Շար...

2020-12-18 |

ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԵՂԲ. ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ

 

Կիրակի, 13 Դեկտեմբերի կէսօրին, Ֆռըն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. վերջին հրաժեշտը տուաւ միութենական 70 տարուան ծառայութեամբ այս աշխարհէն մեկնած եղբ. Պատրիկ Կիւլպէնկեանին։

Եղբօր յուղարկաւորութեան եւ թաղման ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ եղբօր երկար տարիներու գործակիցներ։

Այս առիթով վաստակաշատ եղբօր բարեմասնութիւնները  Շար...

2020-12-13 |

ԳՈՅԺ

 

Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան երկար տարիներու բազմավաստակ անդամ

ԵՂԲ․ ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2020-ին, Պէյրութ։

  Շար...
2020-12-11 |

ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՐՏԱՍՈՒԵԼ, ՊԷՏՔ Է ԵՐԳԵԼ ԱՆՈՆՑ ՀԵՐՈՍԱՊԱՏՈՒՄԸ

 

Հալէպ ծնան, Շուշի մարտնչեցան եւ իրենց վերջին հանգիստը Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ գտան։

Հայութեան համահայկական կռիւին երեք նահատակներն են անոնք՝ եղբայրներ Յակոբ Աստարճեանը, Մոսիկ Սեքլեմեանը եւ Յարութ Բանոյեանը։ Երեք քաջարի մասնակիցներ հալէպահայութեան պաշտպանութեան գործին եւ երեք նուիրեալ անձնազոհներ Շուշիի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։

Երեք եղբայր, Հ.Մ.Ը.Մ.ական ու գաղափարական երեք աննման տղաք, որոնք ծնան ու  Շար...

2020-11-22 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

 

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր, 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտ Քիլիճեանի եւ շրջանի մասնաճիւղերու ատենապետներուն մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Սանտրա Վարդանեանի հետ, որ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախեան պատերազմին ընթացքին եւ յաջորդող հանգրուանին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ անոնց  Շար...

2020-11-21 |

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ

 

 

Հայրենիքի պաշտպանութեան զոհասեղանին ընծայաբերուած հերոսներու շարքին իր անունը արժանաւորապէս արձանագրեց եղբ. Արտակ Իշխանեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամն ու անոր եռանդուն նուիրեալը։

Խիզախ, խրոխտ ու անբասիր եղբ. Արտակը ազգային-միութենական մեր արժեհամակարգին եւ արժանապատուութեան հաւատարիմ՝ մայր հողին համար տուաւ իր ամէնէն թանկագինը, ապացուցելով որ միայն հայրենասիրութեամբ կարելի է սերունդներու հայրենիք պահել  Շար...

2020-11-19 |

ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ ՄԵԿՆԵՑԱՒ, ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՅԱՒԵՐԺԱՑԱՒ

 

(Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ցաւակցագիրը՝ նահատակ սկաուտ եղբ. Արմէն Առուստամեանի ընտանիքին)

Հայրենիքը փնտռելու համար այս օրերուն պէտք է երթալ Եռաբլուր, ուր կը հանգչին մեր ազգի «լաւագոյն տղերքը», որոնց շարքին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մեր արի ու պարտաճանաչ սկաուտ եղբ. Արմէն Առուստամեանը։ Եղբայր մը, որ իր դաւանած երդումը՝ «Ծառայել հայրենիքիս», սեփական կեանքի գնով ի գործ դրաւ  Շար...

2020-11-18 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐԸ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՈԳԵԿՈՉԵՑԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

 

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կոչին ընդառաջելով, միութեան 102-ամեակի տարեդարձին ամէնէն մօտիկ Կիրակին՝ 15 Նոյեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ մասնաճիւղերը հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարեցին ի յիշատակ Արցախի պատերազմին զոհուած նահատակներուն եւ յատկապէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հերոսներուն։

Արդարեւ, բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօններ տեղի  Շար...

2020-11-15 |

ԵՐԹԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՅՈՅՍՈՎ, ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԵՒ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ

 

Տօնական տրամադրութիւններէ ամբողջովին հեռու, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար օրհասական պայմաններու մէջ, կը նշենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 102-ամեակը։
102 տարի առաջ, այս օրերուն, նորանկախ Հայաստանի հետ ծնունդ կ’առնէր Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, անմիջապէս լծուելով Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ հազարաւոր որբերու փրկութեան, դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքին։


Հ.Մ.Ը.Մ. ծնունդ  Շար...

2020-11-13 |

ԳՈՐԾԸ ԱՆՄԱՀ, ԻՆՔԸ՝ ՅԱՒԵՐԺ ԿԵՆԴԱՆԻ

 

Սգակիր Դերիկլեան ընտանիք,
Երեւան,

Եղբայր Հայկ Դերիկլեանի նահատակութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքը կորսնցուց առաքինի սկաուտ մը, որ հպարտութեամբ, յոյսով եւ հաւատքով ամէնէն թանկագինը՝ մատաղ կեանքը զոհաբերեց հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ժողովուրդի գոյութեան պահպանման ի խնդիր։

Հայ ժողովուրդի հերոսական պատմութիւնը ոսկէ տառերով պիտի արձանագրէ եղբայր Հայկին անունը եւ ան պիտի դառնայ մեր եւ հետագայ սերունդներու  Շար...

2020-11-03 |
Displaying 181 to 195 (of 390 news)

Տարածենք