ՔՈՐՈՆԱՅԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ՆՈՐ ԶՈՀԵՐԸ

 

Քորոնայի համաճարակը կը շարունակէ աշխարհի տարածքին «հնձել» միլիոնաւոր մարդոց կեանքեր։ Համաճարակը ամէնուրեք է, վարակակիրներն ու մահերը՝ նոյնպէս։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ անմասն չեն Քորոնայի վտանգէն։ Վարակակիրներու մեծ մասը կ’ապաքինի եւ շուտով անձնական ու միութենական բնականոն կեանքին կը վերադառնայ։ Կը պատահին նաեւ պարագաներ, որոնց հանդէպ ճակատագիրը անխնայ կ’ըլլայ։

Անցնող ամիսներուն արձանագրուեցան նման երեք պարագաներ, որոնք չկարողացան  Շար...

2020-09-12 |

ԵՂԲ. ԳԷՈՐԳ ՍԱՐԽԱՆԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի մասնաճիւղին վարչութիւնը խոր կսկիծով գուժեց եղբ. Գէորգ Սարխանեանի մահը, որ պատահեցաւ 6 Սեպտեմբեր 2020-ին, Թորոնթօ, Գանատա։

Եղբ. Գէորգ Սարխանեան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի ֆութպոլի առաջին խումբին մարզիչը։ Ան եղած է նաեւ վարչական եւ զանազան յանձնախումբերու անդամ։ Երկար տարիներու իր կամաւոր ու անխոնջ աշխատանքին համար, եղբ. Գէորգ արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի  Շար...

2020-09-10 |

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՐԶԻԿ, 39-ՐԴ ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 416-417

 

«Մարզիկ»ի այս թիւով տեսնել՝

Խմբագրական- Դժուար քննութիւնը

Հ.Մ.Ը.Մ.-ը Քորոնայի համաշխարհային տագնապին ընդառաջ

Հաղորդագրութիւն- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւն

Նպաստաբաշխում - Քորոնայի համաճարակին Հ.Մ.Ը.Մ.ական զոհերը

Քորոնան եւ առցանց աշխատանքները…

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումները

«Մարզիկ»ի 415 թիւերու թուայնացման եւ մատենագիտութեան պատրաստութեան աշխատանքները իրենց լրումին հասած

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի մէջ. 1918-1927 (Ա. մաս)¬ Յարութ Չէքիճեան

Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղած է ու կը մնայ հայեցի  Շար...

2020-09-09 |

ՔՈՐՈՆԱՆ ԿԸ ԶԳԵՏՆԷ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ «ՈՒՍՏԱ»Ն (ԵՂԲ. ԼԵՒՈՆ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլի 1950-ական եւ 1960-ական տարիներու մեծութիւններէն մեծ մըն ալ հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին, փառաւոր պատմութիւն, յաղթանակներու բերկրանք ու հպարտութիւն ձգելով իր ետին։

Մեկնողը այս անգամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ուստա»ն էր՝ եղբ. Լեւոն Ալթունեանը, որ 1952-1973 մեծ դեր ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ լիբանանեան ֆութպոլի զարգացման մէջ։ Իր խմբակիցներուն՝ «Ճոքի»ին (Յովհաննէս Յուսամեան), Մեծ ու Փոքր  Շար...

2020-09-06 |

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆԻ

 

Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան այցելեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարան՝ շնորհաւորելու Բաբգէն Արք. Չարեանը երկրորդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութեան առիթով:

Եղբ. Թոփուզեանը ընդունելով, Առաջնորդ Բաբգէն Արք. գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը, որ սկաուտական շարքերուն կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին  Շար...

2020-09-01 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի Ա. ԿԱՐԳԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐԸ ԲԻՒՐԱԿԱՆԻ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

 

Երկար սպասումէն ետք, 28 Օգոստոսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բիւրականի բանակավայրը հիւրընկալեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Ա. կարգի եռօրեայ սեմինարը, մասնակցութեամբ Հայաստանի զանազան մարզերէն եւ Մոսկուայէն աւելի քան 70 սկաուտներու։   

Հակահամաճարակային բոլորը պայմանները յարգելով, սեմինարը կատարուեցաւ 8-10 հոգինոց խմբակներով:

Սեմինարին ընթացքին սկաուտները ունկնդրեցին զանազան մասնագէտներու կողմէ ներկայացուած դասախօսութիւններ, որոնք մեծապէս հարստացուցին գիտելիքներու իրենց պաշարը եւ քայլ մը աւելի  Շար...

2020-08-28 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի Ա. ԿԱՐԳԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ

 

28-30 Օգոստոս 2020, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղի երեք սկաուտներ մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կողմէ կազմակերպուած Ա. կարգի սեմինարին, Բիւրական, Հայաստան։

Աստիճանաւորներու վերապատրաստութեան գործընթացէն անկախ, սեմինարը նուիրուեցաւ կազմակերպութեան կողմէ մշակուած երիտասարդական նոր ծրագիրներու իրագործման:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղին կողմէ սեմինարին մասնակցեցան եղբ. Հայկ Ներսէսեան, քոյրեր Նարէ Ներսէսեան եւ Սվետլանա Աւետիսեան:

 

  Շար...
2020-08-28 |

Ա. ԿԱՐԳԻ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետութեան նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս-Սեպտեմբեր ամիսներուն տեղի ունեցաւ Ա. Կարգի առցանց սեմինար մը, որուն մասնակիցները իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի օր, 26 Օգոստոսէն սկսեալ, ստացան ազգային, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ սկաուտական զանազան նիւթեր, զորս ներկայացուցին հետեւեալ դասախօսները.-

Աւստրալիոյ Լ.Ղ.Հ. ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան, «Անդրանիկ» մասնաճիւղի նախկին խմբապետուհիներէն քոյր Հուրի Տէմիրճեան, «Արարատ» մասնաճիւղի Սկաուտ.  Շար...

2020-08-26 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ԾՐԱԳԻՐ

 

22 Օգոստոսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի հիմնադրութեան առաջին տարեդարձին օրը, Ասկերանի շրջանի Պատարա բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական միօրեայ ծրագիր, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի խմբապետներ` եղբ. Նարեկ Հաննէեանի, քոյր Նելլի Ղազարեանի, Արցախի մեկուսի վարչութեան անդամներու եւ սկաուտներու։

Ծրագիրը ընդգրկեց  Շար...

2020-08-22 |

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը յառաջացուցած է յատուկ մարմին մը, որ կը հետեւի եւ կը հետապնդէ 4 Օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու վնասուած բնակարաններու, վիրաւորներու եւ կամ զոհերու ցանկագրումը:

Այս գծով Շրջանային Վարչութիւնը առաջին իսկ օրէն արժեւորեց Շրջանային Վարչութեան կեդրոնէն ներս գտնուող բոլոր սենեակներու, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հայր Պօղոս Արիս»  Շար...

2020-08-19 |

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՔԻՆ ԿԱՆԳՆՈՂ ԶՕՐԱԿՑԱԳԻՐՆԵՐ

 

 Ի տես Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պայթումին, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդը եւ Սուրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնը եւ ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն եւ բովանդակ լիբանանահայութեան:

Վերջին ամիսներուն լիբանանահայութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ  Շար...

2020-08-16 |

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ՝ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐ ԼՈՒԱԼՈՎ

 

Հ.Յ.Դ. Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէին հովանաւորութեամբ, Կիրակի, 16 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման» ուխտի անդամներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի քոյր-եղբայրներուն ինքնաշարժներ լուալով դրամահաւաքը՝ «Ճիվէլէկեան» կեդրոնին մէջ:  Առաջին զօրակցողը եղաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան՝ խանդավառութիւն ստեղծելով ծառայասէր հայորդիներու մօտ։

 

  Շար...
2020-08-16 |

ԳՈՅԺ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական՝

ՔՈՅՐ ՔՆԱՐ ՖՈՒՌՈՒՆՃԵԱՆ-ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Քոյր Քնարը Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ ունեցած է երկարամեայ ծառայութիւն: Եղած է «Ծառայութեան» շքանշանակիր, Շրջանային Վարչութեան անդամ, Շրջանային Խմբապետուհի, Շրջանային Խորհուրդի անդամ եւ Միութեան 100-ամեակի  Շար...

2020-08-15 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

 

Շաբաթ, 25 Յուլիսին մեկնարկած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական առցանց համագումարին աշխատանքները իրենց աւարտին հասան Շաբաթ, 8 Օգոստոսին, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանին, սկաուտականի ներկայացուցիչներուն եւ 54 խմբապետ-խմբապետուհիներու` միութեան 27 շրջաններէ եւ Իրանի «Արարատ», «Նայիրի» եւ «Սիփան» միութիւններէն։
Նիստին բացումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Մասնակցողները ողջունելէ ետք,  Շար...

2020-08-08 |

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ԱՐՄԷՆ ՍՄԲԱՏԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱԿՈՒՄԲ

 

Երկուշաբթի, 3 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան, Երուսաղէմի ակումբ այցելեց Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Սմբատեան, ընկերակցութեամբ պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեանի, Երուսաղէմի Պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամ Արսէն Առաքելեանի:

Ակումբին մէջ, հայրենի պատուիրակութիւնը ընդունեցին շրջանի Հ.Յ.Դ. մարմինի ներկայացուցիչ Սերոբ Սահակեան, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի եւ ՀՕՄ-ի վարչութիւններու անդամները:

Կ’արժէ  Շար...

2020-08-03 |
Displaying 211 to 225 (of 388 news)

Տարածենք