Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՇԽՈՅԺ ԱՌՕՐԵԱՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղը զգալի աշխուժութիւն մը կ’ապրի վերջին շրջանին։ Ստորեւ ներկայացուած թղթակցութիւնները՝ մասնաճիւղին անդամական ընդհանուր ժողովին, սկաուտական բազմաբնոյթ աշխատանքներուն եւ տարեկան ձիւնագնացութեան մասին, ընդհանուր գաղափար մը կու տան կատարուած աշխատանքներուն մասին։

 

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 29 Յունուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, «Կարպուշեան» սրահին  Շար...

2021-01-30 |

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի հրատարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, «Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան» «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան վերջին պատերազմին նուիրուած սկաուտական զարգացման մրցում։

Մրցումին մասնակցեցան արի-արենոյշներ եւ երէց-պարմանուհիներ։

Այս առիթով բացման խօսք արտասանեց հրատարակչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ քոյր Լուսին Ապաճեան։ Ան շեշտեց հայ ժողովուրդի պայքարին կարեւոր յենակէտերը՝ գիտելիքը, կամքն ու միասնականութիւնը։

Ապա,  Շար...

2021-01-29 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՃԱՏՐԱԿԻ ԿՐՏՍԵՐ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

 

Հալէպի ճատրակի տղոց ախոյեանական մրցաշարքը իր աւարտին հասաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջողութիւններով։

Արդարեւ, 14 եւ 10 տարեկաններու խմբաւորումներուն մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրտսեր մարզիկները տիրացան առաջնութեան տիտղոսին, իսկ 12 տարեկան խմբաւորումին մէջ՝ երկրորդութեան դիրքին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութիւնները նուաճեցին եղբայրներ Յակոբ Խաչատուրեան (14 տարեկան), Անդրանիկ Գույումճեան (12 տարեկան) եւ Արսէն Գինեան (10 տարեկան)։ Արձանագրուած յաջողութիւնները արդիւնքն էին մարզիկներու  Շար...

2021-01-28 |

«ԽՈՍՏԱՆՈՒՄ ԵՄ ԲԱՐԻՔ ԳՈՐԾԵԼ ԱՄԷՆ ՕՐ…»

 

Սա է սկաուտի խոստման բաղկացուցիչ մասը, որը դառնում է կենսակերպ։

Այդ գիտակցումով 2021-ի տօնական օրերին ընդառաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի սկաուտները հիւրընկալեցին Արմաւիրում բնակուող 12 բազմազաւակ ընտանիքի շուրջ 40 երեխաների։

Հանդիպումն անցկացուեց Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցուն կից գործող առաջնորդարանում, որտեղ տեղի քահանան՝ Տէր Տաճատը, երեխաներին ներկայացրեց Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը։ Այնուհետ սկաուտներն  Շար...

2021-01-27 |

ԵՂԲ. ՅՈՎՍԷՓ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Ծանր ու դժուար պարտականութիւն է յիշատակի եւ յարգանքի խօսքերով յիշել եղբ. Յովսէփ Մարգարեանը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական 65 տարուան ծառայութեամբ բեռնաւորուած՝ 13 Յունուար 2021-ին անակնկալօրէն հրաժեշտ տուաւ իր հարազատներուն եւ իր սիրած միութեան:

Կ’ըսեն անփոխարինելի մարդ չկայ, իսկ ո՞վ պիտի փոխարինէ եղբայր Յովսէփը եւ իր նմանները, որոնք օրէ օր հրաժեշտ կու տան մեզի՝  Շար...

2021-01-24 |

Հ.Յ.Դ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ, ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ՝ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

Անհաւատալի բան մը կայ այսօր հոս:

Կը դիտեմ չորս դիս, կը փնտռեմ, կը հարցնեմ, կը սպասեմ, բայց չեմ գտներ:

Ե՞րբ պատահած է, որ ան բացակայ եղած է այս գերեզմանատան մէջ կատարուող ոեւէ ընկերոջ թաղման արարողութենէն:

Չկայ ան կանգնած, այլ` քովդ, մեր քով պառկած է իր պաշտած դրօշներով ծածկուած այս դագաղին մէջ:

Հաւատա՞լ: Կարելի՞ է  Շար...

2021-01-20 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՎԱՉԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ

 

Սգակիր բարեկամներ,

Հ․Մ․Ը․Մ․ական քոյրեր եւ եղբայրներ,

Բոլորս ալ վարժուած էինք եղբ. Գառնիկին ճամբորդութիւններուն։ Գիտէինք, թէ ան յաճախ կը բացակայի քանի մը օրով, բայց ո՛ւր որ է անպայման կը վերադառնայ՝ միութենական յաջողութիւններու նոր լուրերով։

Այս մէկը սակայն ոչ ոքի մտքէն կ’անցնէր։ Այս անգամուան ճամբորդութիւնը երկար եւ անվերադարձ է, որովհետեւ յաւերժական եւ յաւիտենական է։ Այս  Շար...

2021-01-19 |

ՍԿԱՈՒՏ. ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի հինգ մասնաճիւղերու (Դամասկոս, Լաթաքիա, Գամիշլի, Քեսապ եւ Հալէպ) Սկաուտ. Խորհուրդներու ատենապետներուն եւ խմբապետներուն, 8 Յունուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ միջ-մասնաճիւղային խորհրդակցական առցանց առաջին հանդիպումը՝ հետեւեալ օրակարգով.-
- Բացում
- Մասնաճիւղերու ամփոփ տեղեկագիրներու ներկայացում
- Մասնաճիւղերու ընդհանուր իրավիճակի  Շար...

2021-01-16 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՎԱՉԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ ԵՂԲ. ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

Սգակիր բարեկամներ,

Հ․Մ․Ը․Մ․ական քոյրեր եւ եղբայրներ,

Դժուար է այն պահը, երբ հարազատներ եւ բարեկամներ կը հաւաքուին վերջին հրաժեշտ տալու սիրելիի մը, որ առյաւէտ կը բաժնուի իրենցմէ։

Կը փորձեն գտնել մխիթարութեան եւ սփոփանքի խօսքեր, որոնք, քաջ գիտենք, որ անպայման պիտի չմխիթարեն եւ չսփոփեն մեզ, երբ հեռացողը իր ետին ձգած է բազմամեայ վաստակ, միութենական հարուստ  Շար...

2021-01-15 |

ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ

 

Ուրբաթ, 14 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, նորոգ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի։

Հոգեհանգիստին ներկայ գտնուեցան Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան եւ վարչութեան անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի վարչութեան ատենապետ  Շար...

2021-01-14 |

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ` Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՀՈԳՒՈՅՆ

 

Բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, յետ Սուրբ եւ անմահ Պատարագի, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 6 Յունուարին Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած ազգային գործիչ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի հոգւոյն։

Հոգեհանգստեան  Շար...

2021-01-10 |

ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐԺԱՆԵԱՑ» ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆ՝ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻՆ

 

Ուրբաթ, 8 Յունուար 2021-ին տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վերջին հրաժեշտը՝ ազգային յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը, որուն աւարտին, յետ մահու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ եղբօր շնորհուեցաւ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը։

Յընթացս յուղարկաւորութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Հայրապետ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին  Շար...

2021-01-08 |

«Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՖՈՆՏ»

 

Առ ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով ստեղծուած է յատուկ ֆոնտ մը, որուն կանոնագրութիւնն ու աշխատանքի եղանակը կը մշակուին շուտով։

Այս առիթով, Մկրտիչեան ընտանիքին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան փափաքն է, որ փոխան ծաղկեպսակի, եղբօր յուղարկաւորութեան առիթով կատարուելիք նուիրատուութիւնները հասցէագրուին այս ֆոնտին՝ միութենական օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով  Շար...

2021-01-07 |

ՄԱՀԱԶԴ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ միութեան երկար տարիներու Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական`

ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ին։

Ցաւակցագիրները փոխանցել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին՝ office@homenetmen.org

  Շար...
2021-01-06 |

ՓԱՐԻԶԻ ԻՍԻ ԼԷ ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՝Հ.Մ.Ը.Մ. 7.5 ԹՈՆ ՍՆՆԴԵՂԷՆ, ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔ ԿԸ ԲԱԺՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ

 

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, Հ.Մ.Ը.Մ. 7.5 թոն սննդեղէն, հագուստներ եւ դեղորայք բաժնեց լիբանանահայ ընկերային կարիքաւոր պարագաներու։ Օժանդակութիւնը տրամադրեց Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առիթով իր կատարած մարդասիրական օգնութեամբ։

Արդարեւ, քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի նախաձեռնութեամբ եւ փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի գլխաւորութեամբ, Պէյրութի պայթումէն անմիջապէս ետք, Իսի  Շար...

2020-12-21 |
Displaying 166 to 180 (of 386 news)

Տարածենք