Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՆԻՒԹՈՎ

 

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը առցանց հանդիպում մը կատարեց Արցախի նիւթով։

Հանդիպումին սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան զեկուցեց Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Կեդրոնական Վարչութեան դիւանին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան հետ կատարած առցանց հանդիպումին մասին, նշելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը այս օրերուն լծուած է Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած 280 ընտանիքի օժանդակութեան գործին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. կիրակնօրեայ  Շար...

2020-10-25 |

ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի «Գրիգոր Յակոբեան» մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկ միաւորի «Կարմիր» վոհմակ-երամը Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2020-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Շաւարշ Քրիսեան» սրահին մէջ կատարեց գիշերային գործունէութիւն, մասնակցութեամբ՝ 28 քոյրերու եւ եղբայրներու: Գործունէութիւնը նուիրուեցաւ Արցախի: Յայտագիրը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ։ Յաջորդաբար տեղի ունեցան Արցախի շրջաններուն մասին դասախօսութիւն, տեսերիզի  Շար...

2020-10-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. Կ’ՕԺԱՆԴԱԿԷ ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ 280 ԸՆՏԱՆԻՔԻ

 

Հայութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմի այս օրերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը պատնէշի վրայ է իր ուժերու ամբողջ կարողութեամբ։

Զինուորագրեալ սկաուտներ պատերազմի առաջնագիծին պատուով կը կատարեն իրենց ազգային պարտականութիւնը եւ ի հարկին իրենց արեան նուիրաբերումով մասնակից կը դառնան հայոց պատմութեան նորօրեայ հերոսապատումին արձանագրութեան։

Երեւանի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կեդրոնը վերածուած է մրջնանոցի։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւնը, շնորհիւ նուիրատուներու, կ’ապահովէ պարէնային ապրանքներ  Շար...

2020-10-23 |

ԱՆՄԱՀԱՑԱՒ` ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԱՂԹԵԼՈՎ

 

Սգակիր Գալստեան ընտանիք,
Երեւան,

Մեր բոլորին սիրելի եղբ․ Էրիկն ալ անմահացաւ մահուան յաղթելով։ Հայրենիքի հանդէպ սէրը զինք առաջնորդեց պատերազմի դաշտ, ուր ան քաջաբար մարտնչեցաւ եւ հերոսաբար նահատակուեցաւ՝ Արցախի պաշտպանութեան, հայութեան իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան ի խնդիր։


Եղբ. Էրիկի երկրաւոր կեանքը եղաւ կարճ, բայց ան կարողացաւ այդ կարճ կեանքն անգամ արժեւորել ազգասիրութեամբ եւ  Շար...

2020-10-20 |

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԸ ՓԱՌՔՈՎ ՈՒ ՊԱՏԻՒՈՎ ՊԻՏԻ ՅԻՇԵՆ ԵՂԲ. ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԸ

 

Սգակիր Հաճեան ընտանիք՝
Սիրելի Ֆրիտա եւ Թաթուլ,
Երեւան,

Արցախի հերոսական պատերազմը անժամանակ կերպով բոլորէս խլեց հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, գաղափարի եւ մշակոյթի անխոնջ ծառայ եղբ. Գէորգ Հաճեանը։
Եղբ. Գէորգ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայանուէր սկզբունքներուն հաւատաց ջերմօրէն եւ իր բովանդակ կեանքը՝ Լիբանանէն Քուէյթ, Հայաստանէն Արցախ եղաւ ամբողջական նուիրաբերում հայութեան եւ Հայաստանին։ Ան ապրեցաւ հերոս նախորդներու արժանավայել  Շար...

2020-10-10 |

ԳԱՀԻՐԷԻ Հ.Մ.Ը.Մ. «ԱՐԱՐԱՏ»Ի ՓՈՔՐ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

 

Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ փոքր տօնավաճառ, ուր վաճառուեցան հայկական ուտեստներ, հայկական թեմայով կպիչներ եւ ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ վիճակահանութիւն։ Տօնավաճառին հասոյթը ամբողջովին յատկացուեցաւ սահմանապահ հայ զինուորներուն։

Այս առիթով, յանուն Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ»ի վարչութեան, Սկաուտական Խորհուրդին, խմբապետական կազմին եւ մարզական ու երիտասարդական  Շար...

2020-10-08 |

ԱՂՕԹՔ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

 

Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, «Անդրանիկ» եւ «Արարատ» մասնաճիւղերու քոյրերն ու եղբայրները ներկայացան Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցի:

Քոյրերն ու եղբայրները մոմ վառելով իրենց աղօթքները կատարեցին Արցախի մէջ պատերազմող քաջարի զինուորներուն համար, Աստուծոյ կամքով եւ հայու մարտունակ հարուածներով անպայման յաղթելու եւ թշնամիին խաղաղութիւն պարտադրելու համար։ 

  Շար...
2020-10-04 |

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

 

Սգակիր Ղազարեան ընտանիք,

Երեւան,

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր վիշտով տեղեկացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի «Աղթամար» սկաուտական խումբի անդամ եղբ. Գրիգոր Ղազարեանի նահատակութեան լուրը՝ Արցախի հերոսական պատերազմին։

Սկաուտական իր երդումին հաւատարիմ, եղբ. Գրիգոր իր ամէնէն թանկագինը՝ սեփական կեանքը ընծայաբերեց իր հայրենիքի բագինին եւ գնաց միանալու մեր անմահներու փաղանգին։

Եղբ. Գրիգոր չմեռաւ, այլ՝ անմահացաւ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի  Շար...

2020-10-02 |

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

 

Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2020-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն հայոց աշխարհի խաղաղութեան եւ Սուրբ հայրենեաց հողի սիրոյն զոհուած մեր հերոսներու հոգիներուն ի հանգիստ։ Հոգեհանգիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ»ի սկաուտական կազմը։

Ներկաներուն բաժնուեցան ձողիկներու վրայ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները՝ պատրաստուած սկաուտներու կողմէ։

 

ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երկու  Շար...

2020-10-02 |

ԵՂԲ. ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՓԱՂԱՆԳԻՆ

 

30 Սեպտեմբեր 2020-ին, Արցախեան նորագոյն պատերազմի երրորդ օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Գրիգոր Ղազարեան միացաւ հայութեան անմահներու փաղանգին։

Եղբ. Ղազարեան 11 տարեկանին, Ապրիլ 2012-ին, անդամագրուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտական շարքերուն։ Ան մաս կը կազմէր Երեւանի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի «Աղթամար» խումբին։

Սկաուտական իր երդումին հաւատարիմ, եղբ. Գրիգոր Ղազարեան հերոսաբար ինկաւ Արցախի պաշտպանութեան կռիւներուն, իր նահատակութեամբ միանալով  Շար...

2020-10-01 |

ԵՂԲ. ԶՈՀՐԱՊ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

 

17 Սեպտեմբեր 2020-ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ հաւատաւոր միութենական, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանի Նաւասարդեան 17-րդ մարզախաղերու «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» եղբ. Զոհրապ Անտոնեանը, որուն բովանդակ կեանքը՝ Հալէպէն Սան Ֆրանսիսքօ եղաւ ազգային-միութենական կեանքի նուիրաբերում։ Եղբ. Զոհրապ միութենական սկզբունքները անձնական կեանքէն վեր դասելով, անշահախնդրօրէն ծառայեց իր սիրելի միութեան, բարձրացաւ եւ իր հետ բարձրացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ական  Շար...

2020-09-28 |

ԵՐԵՔ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՄԷՋ

 

17 Սեպտեմբեր 2020-ին, «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընտրութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ժոաննա Ռամմալի:

Ֆետերասիոնի նորընտիր եօթը անդամները մրցակից ցանկի չգոյութեան պատճառով ընտրուեցան գործադիր խորհուրդի անդամներ, ապա տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում հետեւեալ ձեւով.-

Եղբ. Վաչէ Ծատուրեան- Նախագահ,

Քայսար Սալլում- Փոխ նախագահ,

Քոյր Արտա Զէյթունլեան- Ընդհանուր քարտուղար,

Լութֆիկ  Շար...

2020-09-17 |

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԺԻՐԱՅՐ ՌԷԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

15 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան Շրջանային Վարչութեան գրասենեակին մէջ, խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեանի հետ:

Ռէիսեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ միութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներով եւ երեսփոխանական նոր նստաշրջանի սեմին պատրաստակամութիւն յայտնեց սատար հանդիսանալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերելքին  Շար...

2020-09-15 |

ՔՈՐՈՆԱՅԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ՆՈՐ ԶՈՀԵՐԸ

 

Քորոնայի համաճարակը կը շարունակէ աշխարհի տարածքին «հնձել» միլիոնաւոր մարդոց կեանքեր։ Համաճարակը ամէնուրեք է, վարակակիրներն ու մահերը՝ նոյնպէս։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ անմասն չեն Քորոնայի վտանգէն։ Վարակակիրներու մեծ մասը կ’ապաքինի եւ շուտով անձնական ու միութենական բնականոն կեանքին կը վերադառնայ։ Կը պատահին նաեւ պարագաներ, որոնց հանդէպ ճակատագիրը անխնայ կ’ըլլայ։

Անցնող ամիսներուն արձանագրուեցան նման երեք պարագաներ, որոնք չկարողացան  Շար...

2020-09-12 |

ԵՂԲ. ԳԷՈՐԳ ՍԱՐԽԱՆԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի մասնաճիւղին վարչութիւնը խոր կսկիծով գուժեց եղբ. Գէորգ Սարխանեանի մահը, որ պատահեցաւ 6 Սեպտեմբեր 2020-ին, Թորոնթօ, Գանատա։

Եղբ. Գէորգ Սարխանեան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի ֆութպոլի առաջին խումբին մարզիչը։ Ան եղած է նաեւ վարչական եւ զանազան յանձնախումբերու անդամ։ Երկար տարիներու իր կամաւոր ու անխոնջ աշխատանքին համար, եղբ. Գէորգ արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի  Շար...

2020-09-10 |
Displaying 196 to 210 (of 386 news)

Տարածենք