ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԵՒ ԺԸՏԷՅՏԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ԵՐԷՑԱԿԱՆ ՓԱՂԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՌԱԼԻ ՓԷՅՓԸՐԸ

 

14 Մարտ 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» եւ Ժըտէյտէի մասնաճիւղի «Դաւիթ բէկ» երէցական փաղանգները Zoom հարթակին վրայ կատարեցին առցանց ռալի փէյփըր մը։

Առցանց գործունէութեան շնորհիւ երկու փաղանգներուն միջեւ ստեղծուեցաւ ընկերային մթնոլորտ։ Ռալի փէյփըրին ընդմէջէն մասնակիցները ծանօթացան Հայաստանի զանազան շրջաններուն եւ արժէքներուն:

 

 

  Շար...
2021-03-14 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի «ԳՐԻԳՈՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ

 

14 Մարտին, կիրակնօրեայ իրենց գործունէութեան ընթացքին, Երեւանի «Գրիգոր Յակոբեան» մասնաճիւղի փոքրիկ գայլիկները այցելեցին Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար մեծ գրողին եւ հարստացնելու համար հայ գրականութեան իրենց գիտելիքները։

Սկաուտները, իրենց կարգին, սկսան միամսեայ սեմինարի, ինչ որ հնարաւորութիւն տուաւ իրենց ձեռք բերելու նոր գիտելիքներ։

 

  Շար...
2021-03-14 |

ՍԿԱՈՒՏՆԵՐԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԻՒՄՐԻՈՒՄ

 

2021 թ.ի Մարտի 14-ին, Կիւմրիում՝ Վահան Չերազի արձանի մօտ, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի եւ Կիւմրու «Վահան Չերազ» մասնաճիւղերի սկաուտների երդման արարողութիւնը։ Վայրը պատահական չէր ընտրուած, այն խորհրդանշական էր, քանի որ սկաուտական խմբերը կրում էին Վահան Չերազի անունը։

Նախապատրաստական աշխատանքներից յետոյ տեղի ունեցաւ ծանօթացման արարողութիւնը, որը սկաուտներին բնորոշ եւ տարբերուող էր։ Սկաուտները  Շար...

2021-03-14 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԵԱՐՈՍԼԱՒՐԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

 

14 Մարտին, Ռուսիոյ Եարոսլաւր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ։

Հանդիպումին կողմերը քննարկեցին Եարոսլաւրի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան եւ հետագայ զարգացման վերաբերեալ խնդիրներ։

Այս առիթով, համայնքի ղեկավար Ռաֆայէլ Աւետիսեան իր եւ Եարոսլաւրի հայկական համայնքին պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայապահպան գործունէութեան։

Քաղաք այցելութեան ընթացքին,  Շար...

2021-03-14 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԿԻՒՄՐԻԻ «ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

 

10 Փետրուարին, Կիւմրիի «Շիրվանեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կիւմրիի «Վահան Չերազ» մասնաճիւղին բանավէճ-քննարկումը՝ «Ազգային արժէքները յառաջադիմակա՞ն թէ յետադիմական են» նիւթով։

Բանավէճը նպաստեց սկաուտներու ինքնադրսեւորման զարգացման, հակառակ կարծիքը լսելու եւ ընդունելու ունակութեան, բանավիճելու հմտութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ՝ ազգային արժէքներու կարեւորման։

 

  Շար...
2021-03-10 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

Կիրակի, 7 Մարտ 2021-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11.30-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպեց առցանց դասախօսութիւն մը՝ նիւթ ունենալով «Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակչական ուղեցոյցը»: Դասախօսեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան: Դասախօսութեան մասնակցեցան շրջանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի անդամները, խմբապետական կազմը եւ 18 տարեկանէն վեր երէց-պարմանուհիներ:

  Շար...
2021-03-07 |

ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽԱՂ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔՈՒԷՅԹԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԷՑ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

 

Վերջին ամիսներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի ֆութպոլի երիտասարդներու խումբը իր հերթական փորձերուն սկսաւ եւ շարք մը մրցումներու մասնակցեցաւ։ Այս մթնոլորտէն խանդավառուած, կազմակերպութեամբ ֆութպոլի յանձնախումբին եւ ներկայութեամբ Քուէյթի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանին, Չորեքշաբթի, 3 Մարտ 2021-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բարեկամական խաղ մը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի երէց եւ երիտասարդ ֆութպոլի խումբերուն միջեւ։ Մօտ մէկ  Շար...

2021-03-03 |

ՄԻՋ-ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎ՝ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 27 Փետրուար 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 2-5.30 տեղի ունեցաւ միջ-վարչական առցանց ժողով։

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 35 քոյրեր եւ եղբայրներ։ Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Շրջանային մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղերու վարչական անդամներ՝ Լաւալ, Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Գէմպրիճ, Սէնթ Գաթարինզ,  Շար...

2021-02-27 |

ԵՂԲ. ՐԱՖՖԻ ՄՈՒՆՋՕՂԼԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՆԴԱՄ

 

Քանի մը անգամ յետաձգուելէ ետք, 25 Փետրուար 2021-ին տեղի ունեցան Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի ընտրութիւնները՝ ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մուհամմէտ Աուէյտաթի:

Ընտրութիւններուն ներկայ եղան 39 ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներ, որոնցմէ 28-ը իրաւունք ունէին քուէարկելու, իսկ 21-ը ներկայացուցած էին իրենց թեկնածուները:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Րաֆֆի Մունջօղլեան ընտրուեցաւ Լիբանանի  Շար...

2021-02-25 |

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 20 Փետրուար 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 6-ին, Սիտնիի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Վկայեալ կարգի տուչութիւն, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Տիրան Վահրատեանի։

Այս առիթով բացման խօսք արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային խմբապետուհի քոյր Սեւան Պազարճեան եւ նշեց, որ 18 Փետրուարին՝ Վարդանանցի  Շար...

2021-02-20 |

«ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

 

Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի արիներն ու արենոյշները տօնեցին «Հայ Սկաուտի Օր»ը, այս առիթով ակումբը զարդարելով սկաուտական ձեռային աշխատանքներով։

Տօնակատարութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ։

Յայտագիրը ընդգրկեց զաւեշտ մը եւ բուրգի ձեւեր, ապա սկաուտները կոչերով ու երգերով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։

Աւարտին տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն։ Չորս քոյրեր եւ եղբայրներ ստացան Փոխ Առաջնորդի աստիճան։ Աստիճանատուչութեան  Շար...

2021-02-19 |

ԵՂԲԱՅՐ ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2021-ին, Սիտնիի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութան նախկին ատենապետ եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան քառասունքի հոգեհանգիստ եւ յիշատակի ձեռնարկ։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, Սիտնիի Հայ Մշակութային Կեդրոնի սրահին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Աւետիս Քհնյ. Համբարձումեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ Տիրան  Շար...

2021-02-19 |

ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ՝ ԵՂԲԱՅՐ ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2021-ին, նախագահութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից երկիրներու Կաթողիկոսական Փոխանորդ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, ներկայութեամբ գաղութի ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, յետ Արեւագալի ժամերգութեան, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ՝ ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եւ ազգային-միութենական վաստակաշատ գործիչ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի։

Հոգեհանգիստէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, եկեղեցւոյ  Շար...

2021-02-19 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐԸ ԱՂՎԵՐԱՆԻ ՄԷՋ

 

30 եւ 31 Յունուար 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւնը Աղվերանի մէջ կազմակերպեց երկօրեայ սեմինար մը՝ այն անդամներուն համար, որոնք անցնող ամիսներուն ժամանակ եւ ճիգ չխնայեցին իրենց մասնակցութիւնը բերելու Արցախեան պատերազմին պատճառով Հայաստան ապաստանած արցախցի ընտանիքներու օժանդակութեան գործին։

Սեմինարը ծառայեց նաեւ կազմակերպութեան հայեացքը նետելու եկող տարեշրջանին՝ գնահատելու իրավիճակը, պարզելով օրուան իրականութիւնը, զարգացնելու յարաբերութիւններ՝ ամրացնելով  Շար...

2021-02-06 |
Displaying 151 to 165 (of 390 news)

Տարածենք