Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

 

Կիրակի, 18 Յուլիս 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանի, անդամ եղբայրներ Օշին Փիրումեանի եւ Դաւիթ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ քոյր Սանտրա Վարդանեանի, այցելեց Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ վերականգնեց 44 օրեայ պատերազմէն ետք աշխատանքէ դադրած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի շրջանը։


Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում  Շար...

2021-07-18 |

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ-ԲԱՆԱԿՈՒՄ ՝ ՌՈՒՍԻՈՅ ԵԱՐՈՍԼԱՒԼ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

 

16-18 Յուլիսին, Հ․Մ․Ը.Մ․ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Ռուսիոյ Եարոսլաւլ քաղաքին մէջ գործող «Նայիրի» հայկական համայնքային կազմակերպութեան յարկին ներքեւ տեղի ունեցաւ սկաուտական դպրոց-բանակում, որուն մասնակցեցան շուրջ երկու տասնեակ սկաուտներ՝ Մոսկուա, Եարոսլաւլ եւ Պերեսլաւլ քաղաքներէն։

Դպրոց-բանակումին առաջին օրուան ծրագիրը հիմնականօրէն ընդգրկեց ազգային, պատմական եւ մշակութային նիւթեր։

Եարոսլաւլի հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Արսէն Պաղտասարեան հետաքրքրական  Շար...

2021-07-18 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

 

 

 Ուրբաթ, 16 Յունիս 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ Հայաստան ու Արցախ մեկնելէ առաջ Վեհափառ Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրութիւնները իմանալու համար:

Այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. Վեհափառ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի աշխատանքներուն համար, որոնց նպատակն է նպաստել Հայաստանի, Արցախի  Շար...

2021-07-16 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ, ՀԱՅՖԱՅԻ ԵՒ ԵԱՖԱՅԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԵԱՖԱՅԻ ՄԷՋ

 

16 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ. Հայֆայի ակումբի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում՝ Երուսաղէմի, Հայֆայի եւ Եաֆայի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն միջեւ։

Հանդիպումը արծարծեց միութիւնը եւ յատկապէս երեք շրջանները յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ առիթը ստեղծեց համադրելու ապագային կատարուելիք միացեալ աշխատանքներն ու ծրագիրները:

  Շար...
2021-07-16 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԻ 22-ՐԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՅԱՋՈՐԴ ԵՐԿԱՄԵԱԿԸ ՀՌՉԱԿԵՑ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՇՐՋԱՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի 22-րդ ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 9.00-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 23 լիազօր ներկայացուցիչներու եւ խորհրդակցական ձայնով 18 մասնակիցներու: Ներկաներու շարքին էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութիւնը, Շրջանային  Շար...

2021-07-11 |

«ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿԻ ՕՐ»Ը ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

 

2 Յուլիսի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ մարզիկի օր»ուան հանդիսութիւն, որուն ընթացքին պատուուեցան երկրի ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքին մասնակցած եւ պատուաւոր 5-րդ դիրքը գրաւած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի ֆութպոլի խումբին անդամները։

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Յարութ Պաղամեան եւ խումբի պատասխանատու եղբ. Գէորգ Թաշճեան: Խումբին մասին վաւերագրական տեսերիզի մը  Շար...

2021-07-02 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ Ա. ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

Յունիսի վերջին շաբաթավերջին՝ Շաբաթ, 26 եւ Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ա. առցանց բանակումը՝ Pan Homenetmen Online Jamboree-ն (PHOJ)։

Իր տեսակին մէջ եզակի եւ իւրայատուկ այս բանակումին մասնակցեցան միութեան 25 շրջաններէն եւ Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն աւելի քան 1000 սկաուտներ (13 տարեկանէն վեր), որոնք  Շար...

2021-06-28 |

ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՍԿԱՈՒՏ. ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ Ա. ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

 

 

 Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ի կէսօրուան ժամը 12-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հինգ մասնաճիւղերու (Լաթաքիա, Դամասկոս, Գամիշլի, Քեսապ եւ Հալէպ) միջ-մասնաճիւղային Սկաուտ. խորհուրդներու Ա. հանդիպումը։

Հանդիպումը վարեց Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ծերուն Գահուէճեան։ Հանդիպումին արծարծուեցան մասնաճիւղերու Սկաուտ. Խորհուրդներու աշխատանքները եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները։

Մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները իրենց զեկոյցները տալէ ետք,  Շար...

2021-06-27 |

ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՏՈՂԱՆՑՔԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

 

 

Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, միջ-մասնաճիւղային տողանցքէն առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը ժողով մը գումարեց Սուրիոյ  հինգ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն հետ:

Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւօ Տէրվիշեան ողջունեց ներկաները եւ փոխանցեց տողանցքին յայտագիրն ու ընթացքը՝ յաջողութիւն մաղթելով բոլորին: Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան փոխանցեց իր սրտի  Շար...

2021-06-27 |

ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՏՈՂԱՆՑՔԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔՆԵՐԸ

 

Միջ֊մասնաճիւղային տողանցքի նախօրեակին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ մասնաճիւղերը, նախքան Հալէպ իրենց ժամանումը, կազմակերպեցին մարզական ներքին մրցաշարքներ, որոնց ախոյեան քոյրերուն եւ եղբայրներուն պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ միջ-մասնաճիւղային տողանցքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ձեռամբ:

Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին վարչութիւնը կազմակերպեց ճատրակի եւ լողի մրցաշարքներ։ Ախոյեան հանդիսացան.- եղբ. Յովսէփ Քէչէճեան (ճատրակ), քոյր Միրիամ Տէմիրճեան (լող) եւ եղբ.  Շար...

2021-06-27 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1000 ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՏՈՂԱՆՑՔՈՎ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, տասը տարուան ընդհատումէ ետք, Հալէպի «Ռիայէթ Շապապ» դաշտին վրայ մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցաւ միջ֊մասնաճիւղային տողանցք-փառատօն՝մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի մասնաճիւղերու շեփորախումբերուն, սկաուտական կազմերուն եւ մարզական խումբերուն: Տողանցքին  Շար...

2021-06-27 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1000 ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՏՈՂԱՆՑՔՈՎ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, տասը տարուան ընդհատումէ ետք, Հալէպի «Ռիայէթ Շապապ» դաշտին վրայ մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցաւ միջ֊մասնաճիւղային տողանցք-փառատօն՝մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի մասնաճիւղերու շեփորախումբերուն, սկաուտական կազմերուն եւ մարզական խումբերուն: Տողանցքին  Շար...

2021-06-27 |

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ 50 ՀԱԶԱՐ ԾԱՌ ՏՆԿԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒ

 

Մոնթրէալի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք» մասնաճիւղը, բնապահպանութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին հետ գործակցաբար, ձեռնարկած է Արցախի մէջ ծառ տնկելու արշաւի մը, որ կը նպատակադրէ 50 հազար ծառ տնկել Արցախի մէջ։

Բնապահպանութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը (FPWC) այս իմաստով օգտակար աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս նախաձեռնութիւնը կը կրէ «Մենք ենք  Շար...

2021-06-20 |

ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի վարչութեան, Շաբաթ, 5 Յունիս 2021-ին, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 103-րդ տարեդարձին նուիրուած ֆութպոլի աւանդական մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան 50 մարզիկներ՝ Երուսաղէմէն, Հայֆայէն եւ Եաֆայէն։

Խաղերը ընթացան խառն խումբերու դրութեամբ։ Կրտսերները ունեցան մէկ, իսկ երէցները՝ երեք խաղեր։ Կրտսերներու նարնջագոյն, իսկ երէցներու կապոյտ խումբերը դարձան օրուան ախոյեաններ։ Մրցաշարքին  Շար...

2021-06-05 |

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՐԶԻԿ, 40-րդ տարի, թիւ 421

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի յիշատակին նուիրուած այս յատուկ թիւով տեսնել՝

· Վկայութիւն մը Գառնիկ Մկրտիչեանի մասին- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

· Խմբագրական- Կազմակերպական հզօրանքի մարտահրաւէրը

·   Շար...

2021-06-03 |
Displaying 106 to 120 (of 390 news)

Տարածենք