Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 103-ԱՄԵԱԿԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԸ

 

16 Նոյեմբեր 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 103-րդ տարեդարձին օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը յայտարարեց կազմակերպումը լուսանկարչական մրցանքի մը, որուն պայմանները կը ներկայացնենք ստորեւ.-

Ա) Լուսանկարչական մրցանքին կրնան մասնակցիլ 18 տարեկանէն վեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ ոչ-Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։

Արհեստավարժ լուսանկարիչներ չեն կրնար մասնակցիլ սիրողական նկարիչներու համար նախատեսուած այս մրցանքին։

Բ) Լուսանկարչական մրցանքին թեման է՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի առօրեան»։ Հետեւաբար, մրցանքին կարելի է ներկայացնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական, մարզական, անդամական, ընկերային, հանրային թէ բարեսիրական գործունէութեան առնչուած որեւէ լուսանկար, որ հարազատօրէն կը ցոլացնէ միութեան կեանքն ու առօրեան։

Գ) Մրցանքին ներկայացուած լուսանկարները (սեւ-ճերմակ կամ գունաւոր) պայման է որ ըլլան նոր նկարուած եւ մասնագիտական վերամշակումի (Photoshop-ի) չենթարկուած լուսանկարներ։

Դ) Լուսանկարները կրնան նկարուիլ որակաւոր հրատարակութեան յարմար լուսանկարչական քամերայով եւ բջիջային հեռաձայնով։

Ե) Լուսանկարները հարկ է ունենան համապատասխան խորագիր։

Զ) Լուսանկարները պարտին մինչեւ 16 Փետրուար 2022 ուղարկուած ըլլալ մրցանքի կազմակերպիչ յանձնախումբի ե-նամակի հետեւեալ հասցէին՝ Karozchagan@homenetmen.com

Է) Մրցանքին առաջին երեք դիրքերը գրաւող մասնակիցները կ’արժանանան հետեւեալ մրցանակներուն.-

Առաջին մրցանակ.- 1000 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ CANON վաճառանիշով լուսանկարչական մեքենայ մը։

Երկրորդ մրցանակ.- 300 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ լուսանկարչական քամերայի portable tripod մը եւ պայուսակ մը։

Երրորդ մրցանակ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակը յաւերժացնող արժէքաւոր ժամացոյց մը՝ յատուկ հաստատագիրով։

Երեք մրցանակակիրները կը ստանան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի մէկ տարուան բաժանորդագրութիւն։

Տարածենք