Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՎՏԱՐԱՆԴԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԵՐԸ
Արցախի գրաւումէն եւ հայաթափումէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղը եւս իր անդամներով դարձաւ վտարանդի։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ իրենց ընտանիքներով ապաստան գտան մայրաքաղաք Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ (Արմաւիր, Կիւմրի, Աբովեան, Մասիս, Գորիս, Կապան, Վանաձոր եւ այլն)։
Ի տես ստեղծուած նոր կացութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց, որ Արցախի մասնաճիւղը, Շար...