«ՀՄԸՄ-ի 13-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Անգամ Մը Եւս Ուխտեց, Այս Պարագային Արցախի Համար, Որ ՀՄԸՄ-ականներ Արցախի Դրօշը, Պեճերը Կրելով` Ժողովուրդին Պիտի Յիշեցնեն, Թէ` Ազատ, Անկախ Եւ Ամբողջական Հայաստանի Երազ Մը Կայ, Որ Պէ՛տք Է Իրականանայ» «Ազդակ»-ին Հաստատեց Յակոբ Խաչերեան

 

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

2-7 հոկտեմբեր 2023-ին հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամէնէն փոթորկալի, տագնապալի, ճակատագրական օրերուն Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը գումարեց Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին կարեւորութեամբ քննեց Արցախը ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշները, հաստատել «ՀՄԸՄ-Արցախ հիմնադրամ»-ը, մշակել Արցախէն բռնի տեղահանուած փոքրիկներու համար ծրագիրներ եւ այլ կարեւոր առաջադրանքներ:

Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին եւ ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ ծրագիրներուն մանրամասնութիւններուն տեղեկանալու միտումով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- 2-7 հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացաւ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին, իր ընկալեալ օրակարգերու քննարկումէն անկախ, շատ կարեւոր եւ դաստիարակիչ որոշումներ բխեցան:

Նախ խօսինք Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովին մասին, որ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար վերջին դարաշրջանին ամէնէն դժնդակ օրերու ընթացքին: Ի՞նչ հարցեր քննարկուեցան: Մանրամասն կերպով անդրադառնանք մանաւանդ յառաջիկայ քառամեայ ծրագիրներուն` ըլլան անոնք սկաուտական թէ մարզական:


ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԵՐԵԱՆ.- ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովին թուականը զուգադիպեցաւ հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը: Մէկ ժողով առաջ մենք Արցախ մեկուսի շրջանի հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք կը տօնախմբէինք ազատ Արցախի մեկուսի շրջանի ներկայացուցիչներու առաջին մասնակցութիւնը ՀՄԸՄ-ի գերագոյն ժողովին, իսկ չորս տարի ետք ահաւասիկ Արցախի ներկայացուցիչը Ընդհանուր ժողովին պիտի մասնակցէր, երբ արդէն Արցախը յանձնուած էր թշնամիին: Պահը ճնշիչ էր, լրջախոհութիւն պարտադրող: Այսպիսի մթնոլորտի մէջ կայացաւ ժողովը, իսկ անոր որոշումներն ալ որոշ չափով յատկանշուեցան պահուան պարտաւորեցնող լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:

Բնական է, որ ՀՄԸՄ-ի պատգամաւորական ժողովները կը քննեն ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութիւնը, կը կատարեն մատնանշումներ ու քննարկումներ, կը մշակեն ծրագիրներ եւ կ՛որդեգրեն որոշումներ:

Ժողովին մասնակցութեան առումով յատկանշական էին երկու իրողութիւն. առաջին` որ մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէր Պատգամաւորական դողովի, իսկ երկրորդը` անոնց կէսէն աւելին 25-35 տարիքի միջեւ երիտասարդներ էին: Հետեւաբար Պատգամաւորական ժողովը ՀՄԸՄ-ի իսկական պատկերը կը ներկայացնէր` իբրեւ սփիւռքի ամէնէն երիտասարդ եւ աշխուժ միութիւնը: Հոն էր երիտասարդութիւնը, հոն էին նոր գաղափարները եւ նոր միտքերը` լիցքաւորելու համար յառաջիկայի աշխատանքները եւ ուրուագծելու նպատակային նոր հորիզոններ: Այս իրագործումը կատարեց Պատգամաւորական ժողովը եւ այդ պատճառով կ՛ենթադրեմ, որ յաջող էր:

Արցախի օրակարգին առընթեր, Ընդհանուր ժողովին եւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդրանիկ նիստով եզրակացուած որոշումներէն կ՛ուզեմ յիշել հետեւեալները,-

1.- ՀՄԸՄ-ի համագաղութային միութիւն ըլլալու հանգամանքը աւելի եւս էացնելու նպատակով, համագաղութային ձեռնարկներու կողքին, մնայուն ժամանակացոյցով կազմակերպել ցամաքամասային բանակումներ, մարզախաղեր, դիւանական ժողովներ եւ սկաուտական խմբապետական համագումարներ:

2.- Վերոյիշեալ առաջադրութեամբ, կազմակերպական հզօրացման եւ գաղափարական մէկ միութեան պատկանելիութեան նպատակով մարմիններու կամ գործող միաւորներու ներկայի կիրարկուած ուղղահայեաց յարաբերական գործելաձեւի կողքին, հաստատել հորիզոնական յարաբերական ցանցեր:

3.- Միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերու կողքին հաստատել կազմակերպ երիտասարդական ճիւղ:

4.- ՀՄԸՄ-ի մարդուժի հսկայ կարելիութիւններու համագործ օգտագործումը` ազգային, միութենական եւ տնտեսական մարզերու մէջ:

«Ա.».- Արցախն էր կիզակէտը ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Արցախի վերաբերող հարցեր:

ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղը Հայաստանի մէջ պիտի շարունակէ՞ իր գործունէութիւնը, թէ՞ պիտի միաձուլուի` ըստ արցախցիներու Հայաստանի մէջ բնակութեան վայրերուն, ՀԱՍԿ-ի հետ:

Յ. Խ.- Նախ այս հարցազրոյցի ճամբով հաստատեմ, որ ՀՄԸՄ-ը եղաւ հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող եւ միութիւններուն, կառոյցներուն կամ գործող ուժերու առաջինը, որ որոշեց կանգուն պահել Արցախի իր միաւորը:

ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի միաւորը պիտի մնայ կանգուն եւ պիտի գործէ անկախ, հետեւաբար միաձուլումի հարց չկայ:

Կայ գործունէութեան վայրի-կեդրոնի հարց, նկատի ունենալով, որ Արցախը գրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ: Այնքան ատեն որ այդպէս է իրավիճակը, Արցախի մեկուսի միաւորը պիտի գործէ մնալով վտարանդի, յար եւ նման ասկէ հարիւր տարի առաջուան մեր միաւորներու պարագային, երբ ՀՄԸՄ-ը դարձեալ վտարանդի եղաւ Առաջին Հանրապետութեան սահմաններէն եւ գործեց սփիւռքի մէջ` միշտ նպատակ ունենալով օր մը վերադառնալ ազատ հայրենիք: Այսօր տարբեր չէ պարագան: Եւ որոշումը այդ կ՛ըսէ` կանգուն պիտի մնայ մինչեւ ազատ Արցախ վերադարձ: ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղը թիւով 111-րդ մասնաճիւղն է եւ պիտի մնայ այդպէս, մենք պիտի պահենք այդ թիւը` իբրեւ իւրայատուկ մասնաճիւղ, իւրայատուկ թիւ:

Մինչ այդ մեկուսի շրջանի անդամներ, որոնք ստիպողաբար կը գտնուին Հայաստան, իրենց աշխատանքները տանելու առումով, պիտի շարունակեն գործել Արցախի մեկուսի վարչութեան հովանաւորութեամբ, օժանդակութեամբ Հայաստանի մեր միութեան տեղւոյն մասնաճիւղերուն եւ ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան նեցուկով. մեկուսի վարչութիւնը պիտի գործէ անկախ: Վարչութիւնը ունի իր գրասենեակը ՀԱՍԿ-ի աշխատանքի տարածքին ներքեւ, գործավարութիւնը կը զբաղի Արցախ մասնաճիւղի անդամներով, որոնք կը գտնուին Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ, մեծամասնութեամբ` Երեւան:

«Ա.».- Պատգամաւորական 13-րդ ժողովին հիմնադրուեցաւ «ՀՄԸՄ-Արցախ հիմնադրամը»: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ անիկա եւ ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ անոր կենդանացումն ու յարատեւումը:

Յ. Խ.- Պատգամը յստակ է` ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին առումով: Ներքին առումով` Արցախի մեկուսի միաւորը կանգուն պահելն ու «ՀՄԸՄ-Արցախ հիմնադրամը» հաստատել ուղենիշ է ՀՄԸՄ-ի բոլոր շարքերուն եւ իր արձագանգը պէտք է ունենայ իւրաքանչիւր մասնաճիւղի, իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի տարած աշխատանքին մէջ: Կանգուն պահել է ԱՐՑԱԽԸ ամէն իմաստով` թէ՛ իբրեւ միտք, թէ՛ իբրեւ ոգի, անէական գոյութիւն, մինչեւ վերադարձ ազատ Արցախ:

Իսկ արտաքին առումով` կոչ է մեզի համակիր շրջանակին, որ երբեւիցէ մեզ չէ լքած եւ միշտ մնացած մեր կողքին: Հայոց պատմութեան վերջին դարաշրջանի ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանին, երբ ՀՄԸՄ` իր առաքելութեան հաւատարիմ, որոշած է իր շարքերը լարել եւ կեդրոնացնել նպատակային ծրագիրներու իրականացման, կը սպասենք ՀՄԸՄ-ի համակիր շրջանակէն շարունակէ սատար հանդիսանալ մեր կամաւոր բանակին մինչեւ մեր անկատար տենչերու իրականացում:

«ՀՄԸՄ-Արցախ հիմնադրամ»-ի յառաջացումը, որ էապէս նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու աշխատանքն է ՀՄԸՄ-ի ճամբով Արցախի մեր արիւնակիցներուն, խորքին մէջ նիւթականէ անդին ունի բարոյական արժէք: ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ նոր ոգիի, նոր մօտեցումի ստեղծումն է, որ պիտի արտացոլայ ՀՄԸՄ-ի տարբեր աշխատանքներուն մէջ յառաջիկայ քառամեակին եւ թերեւս աւելի ետք: Կոչ է աւելի ամուր ըլլալու, աւելի պինդ մնալու, որպէսզի այսօրուան մեր կորսնցուցածները` ամէն մակարդակի, ոչ միայն Արցախի մակարդակի, Արցախի մասնաճիւղի մակարդակի, այլ ազգային առումով` հողի, ազգային արժեհամակարգի հիմքերու, հաւատքի, կարենանք վերականգնել: Ողնայարները ամուր բռնելու, զգօնութեան, զարթնումի կոչ, ուղերձ էր ասիկա ՀՄԸՄ-ի Գերագոյն ժողովին կողմէ` ուղղուած մեր բազմահազար անդամներուն եւ համակիրներուն:

Գործնական աշխատանքներու գծով, նշեմ, որ Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին արդէն իսկ հանգանակուեցաւ եւ սնտուկին տրամադրուեցաւ բաւական մեծ գումար: Ցուցմունք տրուեցաւ տարբեր շրջաններու մէջ հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպելու եւ կամ այլ ձեռնարկներու հասոյթին որոշ մէկ բաժինը տրամադրելու այդ սնտուկին:

Կը սպասուի ունենալ նաեւ նուիրատուութիւններ: Տեղին է յիշել հետաքրքրական եւ անակնկալ նուիրատուութիւն մը: ՀՄԸՄ-ական ամոլ մը իրենց ամուսնութեան տարեդարձին առիթով պատկառելի գումար մը` 1300 տոլար տրամադրեց «ՀՄԸՄ-Արցախ հիմնադրամ»-ին: Պիտի փորձենք աշխարհի ամէնէն աժան բանով` դրամով, լեցնել այդ սնտուկը, քիչ մը ժպիտ վերադարձնելու ե՛ւ Արցախի մեր ՀՄԸՄ-ականներու, ե՛ւ ՀՄԸՄ-ականներու պարագաներու կամ արցախցի մեր արիւնակիցներու դէմքերուն: Պիտի փորձենք այս սնտուկը միշտ լեցուն պահել, որպէսզի այդ ներդրուած գումարներով օժանդակենք անոնց մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ թէ՛ աշխատանքի, թէ՛ ուսման, թէ՛ առօրեայ կարիքներուն:

«Ա.».- Պատգամաւորական 13-րդ ժողովի ուշագրաւ եւ կարեւոր կէտերէն մէկն էր եւս Արցախի դրօշին զետեղումը եւ Արցախը խորհրդանշող պեճի տեղադրումը սկաուտական թէ մարզական տարազներուն վրայ, ինչպէս նաեւ` բոլոր գործունէութիւններուն կամ դաստիարակչական-քարոզչական ծրագիրներուն մէջ հիմնական եւ մնայուն տեղ տրամադրել Արցախին: Ինչո՞ւ տրուեցաւ այս որոշումը եւ կը կարծէ՞ք, որ իր նպատակին պիտի ծառայէ:

Յ. Խ.- Նորութիւն չէ այս: ՀՄԸՄ-ը ասկէ առաջ ալ կատարած է այդ առաքելութիւնը, երբ ազատ ու անկախ Հայաստանի դրօշը վտարուեցաւ հայրենիքէն, ու նաեւ` դժբախտաբար խորթ նկատուեցան սփիւռքի մէջ կարգ մը մեր հայրենակիցներու կողմէ, ՀՄԸՄ-ը միշտ բարձր պահեց զայն, բոլոր գլուխներէ աւելի բարձր:

Եռագոյնը խորհրդանիշն էր ու ներկայ մեր բոլոր տողանցքներուն, մեր բոլոր հանդիսութիւններուն, զայն կրած ենք մեր տարազներուն վրայ, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, եօթանասուն տարի եւ աւելի, միշտ յուշելու` բոլորին, որ կայ վերադարձ: Եւ ամենայն հպարտութեամբ եւ հոգեկան հրճուանքով` մենք ՀՄԸՄ-ականներս` Եռագոյնի պահակները, վայելած ենք անոր վերադարձը իր պատուանդանը:

Այսօր, այդ խոստումը անգամ մը եւս կու տանք, Պատգամաւորական ժողովը անգամ մը եւս ուխտեց, այս պարագային` Արցախի համար: Այդ է, որ մենք պիտի փորձենք իրականացնել, ազատ ու անկախ Արց ախի դրօշը ներկայ պահելով հոն, ուր ՀՄԸՄ-ականներս կանք եւ Արցախը խորհրդանշող յատուկ պեճերը կրելով մեր տարազներուն վրայ` ամէն օր մեր ժողովուրդին յիշեցնելու ու յուշելու, թէ կայ երազ մը, որ պէտք է իրականանայ:

Հետեւաբար որոշումը այդ է` պեճերը, դրօշը, զինանշանները պիտի պահուին, մինչեւ որ վերադառնան իրենց իրաւատիրոջ` անկախ Արցախի ժողովուրդին, վերադառնան իրենց պատուանդանը, անգամ մը եւս Արցախի դրօշը ծածանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի ակումբին ճակատին եւ Արցախի խորհրդարանի շէնքի գագաթին:

«Ա.».- ՀՄԸՄ-ը այն միութիւնն է, որ իր շուրջ կը համախմբէ աշխարհասփիւռ նոր սերունդը` տարբեր տարիքներով, զանոնք կը մղէ աշխատանքի, համախմբումի, ազգային արժէքներու պահպանման ու տարածման` հակառակ իւրաքանչիւր գաղութի ունեցած իւրայատկութեան: Ի՞նչ է այս միութեան մէջ առկայ ներուժը, գաղտնիքը:

Յ. Խ.- Հայ իրականութեան մէջ ՀՄԸՄ-ը կը մնայ նոր սերունդները ներգրաւող ամէնէն աշխուժ, ամէնէն բազմանդամ եւ ամէնէն տարածուն միութիւնը: Ներուժը պէտք է փնտռել իր 106 տարուան փորձառութեան եւ վաստակին, անժամանակ «Նշանաբան»-ին` «Բարձրացիր-բարձրացուր»-ին, իր «Նպատակ»-ին մէջ: ՀՄԸՄ-ը է՛ր, է՛ եւ պիտի մնա՛յ իմացական եւ հոգեկան բարձր արժանիքի տէր, ազգասէր եւ հայրենասէր Հայկի ծոռներու ամենասիրելի միութիւնը:

Իսկ գաղտնիքը հաւանաբար իր կառուցային կազմուածքն է, ուր կենսունակութիւն կայ թէ՛ աշխատանքի, թէ՛ մտքերու արտայայտման եւ քննարկման, թէ՛ որոշումներու կայացման:

Այդ բրգաձեւ կառոյցը տուած է հիմք` կենսունակ միութիւն պահելու, ուր ամէն անդամ արտայայտուելու, կարծիք յայտնելու, որոշումներ կայացնելու գործընթացին մասնակցելու, հաշուետուութիւն պահանջելու իրաւունք ունի. սակայն ունի նաեւ պարտականութիւններ ստանձնելու եւ ժողովներուն տրուած որոշումները յարգելու պարտաւորութիւն, ուր բոլոր միութենականները ունին համահաւասար իրաւունքներ, սակայն պարտին միութենական աշխատանքներու եւ ծրագիրներու գործադրութեան ճամբով տալ իրենց առաւելագոյնը ազգին ու հայրենիքին:

«Ա.».- Ըստ ձեզի, 21-րդ դարու այս արագ եւ գերյառաջացման օրերուն, ինչպէ՞ս կը զատորոշուի կամ պէտք է զատորոշուի ՀՄԸՄ-ականը, հայ սկաուտը, հայ մարզիկը օտար մարզիկներէ եւ սկաուտներէ: Ի՞նչ պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ ունի ան իր ընտանիքին, շրջապատին, միութեան, ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ:

Յ. Խ.- ՀՄԸՄ-ականը ազգասէր հայ է, բայց ազգայնամոլ չէ. այլասէր չէ, բայց այլը յարգող է:

Սակայն ՀՄԸՄ-ականը «Նահատակ ցեղի անմահ»-ն է, ՀՄԸՄ-ականի՛ն համար միայն «Կատարն հայրենի»-ն գրաւեալ Արարատն է, որուն կատարին ՀՄԸՄ-ականները միշտ կ՛ուխտեն «Կոթողել դրօշակն Եռագոյն»: ՀՄԸՄ-ականները այս իտէալը իրականացնելու պատրաստ անսասա՛ն յառաջացող «Կամաւոր բանակ»-ի տարազաւորն են:

Այս գաղափարական հիմքով եւ հայ ժողովուրդին ու ամբողջական Հայաստանի բարօրութեան ի սպաս դրած հայորդիներն են ՀՄԸՄ-ականները:

Վերոյիշեալներէն ոչ իսկ մէկը կրնայ հասկնալ օտար մարզիկը կամ սկաուտը, իսկ եթէ հասկնայ` իրագործելու պատրաստ չ՛ըլլար, իսկ եթէ պատրաստակամութիւն յայտնէ, կը պահանջէ վարձատրութիւն: Հետեւաբար, կամաւոր տարազաւոր չըլլար, այլ միա՛յն վարձկան:

Բացատրելու համար հայ եւ օտար մարզիկները զատորոշող յատկանիշերը բաւարարուինք այսքանով:

Գալով հարցումի երկրորդ բաժնին, ՀՄԸՄ-ի պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիւններու ծիրը, ինչպէս յիշեցի, ազգի եւ հայրենիքի բարօրութիւնն է, բարգաւաճումն է: Ազգ, իր բոլոր բաղադրիչ տարրերով` ընտանիք, դպրոց, կրօնք-եկեղեցի, մշակոյթ, բարքեր: Հայրենիքը, իր հողով, ապահովութեամբ, ազգային ժառանգութեամբ, համակարգով եւ տնտեսական հզօրութեամբ:

«Ա.».- ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մաս կը կազմեն բազմաթիւ հայորդիներ` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, բայց կան նաեւ հայեր, որոնք այս միութեան մէջ ըլլալու եւ միութենականի փորձառութիւնը ապրելու առիթը չեն ունեցած: Ձեր խօսքը` մեր այդ հայորդիներուն, կոչը թերեւս` միանալու ՀՄԸՄ-ին:

Յ. Խ.- ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ երիտասարդական ճիւղի յառաջացման նպատակներէն կարեւորագոյնը այդ է: Շուտով, երիտասարդական ճիւղի ստեղծման, նպատակներու եւ աշխատանքներու գծով Կեդրոնական վարչութիւնը կը կատարէ յայտարարութիւն` ուղղուած հայ հասարակութեան, բայց մանաւանդ` երիտասարդներուն:

Տունէն աւելի տաք տեղ չկայ, եւ այսօր այդ տունը, տուներէն մէկը, տուներէն ամէնէն ընդարձակը, այսօրուան իրականութեամբ` ՀՄԸՄ-ը, զիրենք պիտի կանչէ ներս, տուն:

Ճշմարիտ իրականութիւն է, որ կայ հայ իրականութեան մէջ գործող միութիւններու 18-էն 35 տարիքի անդամներու տասնապատիկ համարով երիտասարդներու լայն հասարակութիւն մը, որ պէտք է ներառուի մեր միութենական համախումբ աշխատանքներուն մէջ:

Առաւել, մերօրեայ բարոյական ու վարքային անուղղայ եւ անբարեյոյս տարածում գտած վատասերումի ալիքները, մեզի կը պարտադրեն անմիջապէս կոչ ընել այդ «դուրս»-ի երիտասարդներուն` մուտք գործելու մեր օճախները, ոչ անպայման իբրեւ միութենականներ, ուր աւելի ապահով պիտի ըլլան եւ առիթը պիտի ունենան իրենց գիտելիքներու պաշարը եւ իրենց փորձառութիւնը ի սպաս դնել հայ հասարակութեան, աւելի կազմակերպ աշխատանքի ճամբով:

Այսօրուան «դուրս»-ի նպատակը քանդել է ազգայինը, փոշիացնել բարոյական արժանիքները եւ արժեհամակարգերը:

Կը յուսանք երիտասարդութեան ուղղուած մեր հայահաւաքի կոչը կը գտնէ իր արձագանգը:

Հարցազրոյցը կ՛ուզեմ փակել 106 տարեկան միութեան անդամներուն ուղղուած հրամանով`
ՅԱՌԱ՛Ջ, ԿԱՄԱՒՈՐ ԲԱՆԱԿ:

Տարածենք