ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԵՒ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀՈՄԱՆԻՇԸ

 

Անուններ կան, որոնց դիմաց կարելի չէ յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ կանգ չառնել։

Անուններ կան, որոնք պատմութիւն եւ վաստակ կը ներկայացնեն, յիշողութիւն եւ հպարտութիւն կը ներկայացնեն։

Եղբ. Արսէն Հէքիմեանի անունը կը պատկանի նմաններու շարքին, անոնց՝ որոնք պատմութիւն կերտեցին եւ օրին մէկն ալ իրենք պատմութիւն դարձան։

Եղբ. Արսէն Հէքիմեան ծնած էր Քըրքխան, Կիլիկիա, 1922-ին։ Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Քըրքխանի Աւետարանական դպրոցը, ապա իբրեւ գիշերօթիկ, երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Ալէփփօ քոլէճին մէջ։

1939-ին ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին։ Իբրեւ կամաւոր կը ծառայէ անգլիական բանակին։ Կը ստանձնէ թարգմանիչի պարտականութիւն եւ կ’արժանանայ բազմաթիւ շքանշաններու։

1946-ին եղբ. Արսէն կը պաշտօնավարէ քարիւղի IPC ընկերութեան մէջ եւ կը հաստատուի Հոմս, ուր քանի մը ընկերներով կը հիմնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հոմսի մասնաճիւղը, վարչութեան ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնելով ինը երկար տարիներ։

1951-ին, եղբ. Արսէն ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Աւստրալիա եւ կը հաստատուի Սիտնի։ Երկու տարի ետք ան կը վերադառնայ Հոմս եւ կը պսակուի կեանքի ընկերոջ՝ Ռոզին Տարաքճեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երեք մանչ զաւակով՝ Վահան, Հրայր եւ Զաւէն։

Եղբ. Արսէն քաղաքական իր ծանօթութիւններուն եւ բարեկամական լայն կապերուն շնորհիւ օգտակար կըլլայ Աւստրալիա տեղափոխուող հայ ընտանիքներու եւ երիտասարդներու տեղաւորման աշխատանքին։ Այդ օրերուն, եղբ. Արսէնին գլխաւոր մտահոգութիւնը կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հաւաքավայր մը ունենալու երազը։ Կեդրոն մը, ուր կարելի ըլլար համախմբել Միջին Արեւելքէն շրջան հաստատուող երիտասարդութիւնը, որովհետեւ երիտասարդութեան համախմբումն ու կազմակերպումը գրաւականները պիտի հանդիսանային Սիտնիի նորաստեղծ գաղութին ամրացման եւ զարգացման։ Այս նպատակին իրագործման համար, ան հիւսիսային Սիտնիի իր ճաշարանը կը տրամադրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, զայն իբրեւ ժողովավայր եւ հաւաքավայր օգտագործելու համար։

1965-ին, եղբ. Արսէնի նուիրումին եւ զոհաբերութեան շնորհիւ կը հիմնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին մասնաճիւղը Սիտնիի մէջ։ Ան երկար տարիներ կը ստանձնէ մասնաճիւղին ատենապետութիւնը, իր շուրջ համախմբելով երիտասարդութիւնը, սիրուած ու յարգուած բոլորէն։

1996-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. տոքթ. Միսաք Արզումանեանի ձեռամբ ան կը պարգեւատրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» շքանշանով՝ երկար տարիներ միութեան մատուցած իր ծառայութիւններուն համար։

Եղբ. Արսէն եղած է իմաստուն, առաքինի եւ նուիրեալ հայր մը։ Ան տեւաբար երիտասարդները խրախուսած է անդամակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ իրենց զաւակները առաջնորդելու սկաուտական շարքեր։ «Վստահեցէ՛ք ձեր զաւակները Հ.Մ.Ը.Մ.ին», կրկնած է յաճախ, զանազան առիթներով։

Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի՛ եղբայր Արսէն։

Յիշատակդ միշտ անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Երթա՜ս բարով, պարտականութիւնդ լրիւ կատարած։

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ եղբայր։

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Տարածենք