«Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ի Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԱԾ ԳՈՒՄԱՐԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ 91.562 ՏՈԼԱՐԻ (Մինչեւ 28 Փետրուար 2024)

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովին (Ծաղկաձոր, 2-7 Հոկտ. 2023) որոշումով ստեղծուեցաւ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ հիմնադրամ»ը, նպատակ ունենալով նիւթապէս օժանդակել Արցախէն Հայաստան բռնագաղթած արցախցի ընտանիքներու ընկերային կարիքներուն եւ արցախցի պատանիներու դաստիարակչական ծրագիրներուն։

Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին տրուած որոշումը տեղւոյն վրայ ունեցաւ իր գործնական արտայայտութիւնը եւ ժողովականներ, իրենց եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրենց շրջաններուն անունով, կատարեցին շուրջ 70 հազարի նուիրատուութիւն եւ խոստում։

Պատգամաւորական Ժողովի յաջորդող ամիսներուն, խոստումները իրականացան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմաթիւ շրջաններ եւ անդամներ հանգանակութեան արշաւին միացան նոր նուիրատուութիւններով, 28 Փետրուար 2024-ի տուեալներով, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ հիմնադրամ»ին ի նպաստ հանգանակուած գումարը հասցնելով 91.562 ամ. տոլարի։

Հանգանակութեան արշաւը կը շարունակուի զանազան ձեւերով՝ ձեռնարկներ, նուիրահաւաքի աշխատանքներ, տարեկան ցենզի հետ վճարումներ եւ այլն։ Այս նպատակով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով յառաջացած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ կը հսկէ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ հիմնադրամ»ի նուիրահաւաքի աշխատանքին։

Հիմնադրամին նուիրատուութիւն կատարել փափաքողները կրնան իրենց գումարները փոխանցել դրամատնային հետեւեալ հասցէներէն մէկուն.-


Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Bank of America - Homenetmen, Inc. Account number: 3251 8056 0611


ՀԱՅԱՍՏԱՆ
BENEFICIARY ACCOUNT 19300665500801
BENEFICIARY NAME NATIONAL SCOUT MOVEMENT OF ARMENIA
BENEFICIARY BANK Converse Bank CJSC, Yerevan, Armenia,
SWIFT (BIC) COVBAM22
CORRESPONDENT BANK BANK OF GEORGIA TBILISI, GEORGIA
SWIFT (BIC): BAGAGE22
INTERMEDIARY BANK CITIBANK N.A. NEW YORK, USA
SWIFT (BIC): CITIUS33


ԼԻԲԱՆԱՆ
CREDIT LIBANAIS S. A. L.
BOURJ HAMMOUD BRANCH
BEIRUT, LEBANON.
SWIFT CLIBLBBX
FAVOR ACCOUNT NO. 0012002778010
CENTRAL COMMITTEE OF HOMENETMEN
IBAN - LB 64 0053 0012 0011 9000 0095 5006

Տարածենք