ԱՐՑԱԽԻ ՊԷՃ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԶՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

 

15 Ապրիլ 2024-էն սկսեալ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու սկաուտական եւ մարզական շարքերը իրենց տարազներուն վրայ պիտի կրեն յատուկ պէճ մը, որ կը ներկայացնէ բռնագրաւեալ Արցախը իր գլխաւոր խորհրդանիշ՝ «Պապիկ-տատիկ»ով։

Արցախի պէճ մը ունենալու եւ տարազներու վրայ կրելու նախաձեռնութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներէն մէկն է։
Պէճին ձեւաւորումը կատարած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մհեր Դաւիթեան, Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանէն։

Տարածենք