ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԱԳԱՂԹԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ Ի ՆՊԱՍՏ

 

Անցնող ամիսներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. Արցախէն բռնագաղթած ընտանիքներուն ի նպաս իրականացուց շարք մը ծրագիրներ, որոնց կ’արժէ ծանօթանալ հետեւեալ ամփոփ տեղեկատուութեամբ.-

25 Սեպտեմբեր 2023-էն սկսեալ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. ձեռնարկեց բռնագաղթած ընտանիքներու տեղեկութիւններու հաւաքման աշխատանքին։ Հաւաքուեցան տուեալները 292 ընտանիքներու, 53-ը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ընտանիքներ։

Ձմրան ցուրտի դիմագրաւման համար, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մօտ արձանագրուած ընտանիքներուն բաժնուեցան 650 բարձեր եւ վերմակներ, առողջապահական-մաքրութեան իրեր եւ քաղցրաւենիք։

29 Հոկտեմբեր 2023-ին կազմակերպուեցաւ սկաուտական հաւաք մը, որուն մասնակցեցան Արցախի Մեկուսի շրջանէն 150 սկաուտներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն պատասխանատուներ։ Ծրագիրին նպատակն էր բռնագաղթած սկաուտներու բարոյահոգեբանական վիճակին բարելաւումը եւ համախմբումը, ինչ որ իրականացաւ ամբողջութեամբ եւ արդիւնաւէտ կերպով։

12 Նոյեմբեր 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Վահան Չերազ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի միջ-մասնաճիւղային մրցաշարք, որուն մասնակցեցան Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտները՝ իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ։ Ստեղծուած մթնոլորտը ներկաներուն օգնեց որոշ ժամանակով կտրուելու իրենց ծանր առօրեայէն։

24 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ, իսկ 24, 25 եւ 26 Դեկտեմբեր 2023-ին Արմաւիրի մէջ կազմակերպուեցան Նոր Տարուան տօնակատարութիւններ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան աստիճանաւորներու եւ սկաուտներու ջանքերով։ Տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան Արցախէն բռնագաղթած 350 մանուկներ եւ պատանիներ, որոնք արձանագրուած էին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ցանկերուն մէջ։ Ուրախ մթնոլորտի մէջ, տարիքային տարբեր բաժանումներով, պատանիները խաղացին, երգեցին ու պարեցին, սորվեցան ազգային պարեր, դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը եւ ստացան նուէրներ։

Երեւանի տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով ծնողներ, որոնք ոգեւորութեամբ հեռացան՝ նորանոր հանդիպումներու ակնկալութեամբ։ Բոլորին համար կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն։

Տարածենք