Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 24 Փետրուար 2024-ի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին (Պէյրութի ժամով), տեղի ունեցաւ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներուն առցանց ժողովը, մասնակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ 27 շրջաններու ատենապետներու։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան ժողովին ներկայացուց նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները՝ Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի (Հոկտեմբեր 2023, Ծաղկաձոր, Հայաստան) եւ Կեդրոնական Վարչութեան Ա. լիագումարի (Յունուար 2024, Ալմելօ, Նետըրլէնտներ) որոշումներու լոյսին տակ։ Եղբայրը յատկապէս շեշտեց միութենական գործունէութեան մէջ Արցախին առանցքային տեղ յատկացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Խօսեցաւ սկաուտական եւ մարզական տարազներու վրայ Արցախի պէճի որդեգրման, Արցախ հիմնադրամի աշխատանքներուն եւ Արցախը դաստիարակչական ծրագիրներու մէջ նկատի ունենալու անհրաժեշտութեան մասին։

Եղբ. Խաչերեան լայնօրէն անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորաստեղծ երիտասարդական ճիւղին։ Ան արտայայտուեցաւ նաեւ ցամաքամասային ձեռնարկներուն (բանակումներ, մարզախաղեր, միջ-դիւանական հանդիպումներ) թափ տալու կարեւորութեան մասին։ Եղբայրը հանգամանօրէն ներկայացուց «Հրաշք»ի փորձառութեան տարածման, ինչպէս նաեւ՝ 2023-2027 քառամեակին համար նախատեսուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական, մարզական, քարոզչական, դաստիարակչական եւ տնտեսական ծրագիրները։

Զեկուցումին աւարտին, եղբ. Խաչերեան պատասխանեց ժողովի մասնակիցներու հարցումներուն եւ նշեց, թէ Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով այսուհետեւ ատենապետներու նման ժողովներ, օրակարգի յատուկ կէտերով, պիտի գումարուին երեք ամիսը անգամ մը։

Տարածենք