ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Շուշիի ազատագրման կռիւներուն զոհուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական նահատակն է եղբ. Վիգէն Զաքարեան։

Ան ծնած է 1969-ին, Պուրճ Համուտ։ Փոքր տարիքին անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին, նախ իբրեւ տարազաւոր գայլիկ ու ապա՝ սկաուտ, երէց։ Աւելի ուշ, ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի հեծելարշաւի խումբին։ Միաժամանակ, ան անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան եւ իր մասնակցութիւնը բերած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն՝ հայահոծ թաղերու ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին։

Արցախեան պայքարի կոչին անսալով, Ապրիլ 1992-ին եղբ. Վիգէն կը մեկնի Հայաստան՝ անցնելու համար Արցախ։ Կը մասնակցի Շուշիի ազատագրման հերոսական կռիւներուն եւ կը նահատակուի Լիսագորի բարձունքներուն դիմաց՝ 8 Մայիս 1992-ին։ Կը թաղուի Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը, Երեւան։

Յետ-մահու ան կը պարգեւատրուի Լ.Ղ.Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով եւ «Արիութեան համար» մետալով։

Տարածենք