ԱՏՈՒՐ ԳԱՊԱԳԵԱՆ

ԱՏՈՒՐ ԳԱՊԱԳԵԱՆ

ԱՏՈՒՐ ԳԱՊԱԳԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին գլխաւոր հիմնադիրը՝ Ատուր Գապագեան ծնած է 1895-ին, Այնթապ։ Փոքր տարիքէն ան ճաշակած է որբութեան դառնութիւնը, որովհետեւ ծնած օրը մեռած է մայրը։ Նախնական ուսումը ստացած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը, որմէ ետք մինչեւ 1912 յաճախած է ծննդավայրի Այնթապ քոլէճը։

915-ին, գաղթական եղած է Համայի շրջան։ 1918-ին, Ցեղասպանութենէն փրկուած՝ կը վերադառնայ Այնթապ։ Տարի մը ետք, ուսումնատենչ երիտասարդը կը մեկնի Պէյրութ՝ հետեւելու Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի ատամնաբուժական ճիւղին։

1924-ին, վկայուելէ ետք, Ատուր Գապագեան կը վերադառնայ Հալէպ եւ մինչեւ Պէյրութ տեղափոխութիւնը կը հանդիսանայ Սուրիոյ ազգային կեանքի ամէնէն տիրական դէմքերէն մէկը։ Այսպէս, 1925-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի նորակազմ մասնաճիւղը իրեն կը դիմէ՝ Հալէպի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ մը հիմնելու համար։

Դիմումին ընդառաջելով, Ատուր Գապագեան իր տան մէջ խորհրդակցութեան մը կը հրաւիրէ մինչ այդ Հալէպի մէջ գործող մարզական միութիւններն ու խումբերը («Համազասպ», «Ուսումնասիրաց», «Կայծակ», «Տալւորիկ» եւ «Արարատ»)։ Կը ներկայանան առաջին չորս միութիւններու ներկայացուցիչները եւ կ’որոշեն հանդիպիլ երկրորդ անգամ։ Երկրորդ հանդիպումին, 1 Նոյեմբեր 1925-ին, կը ներկայանան «Համազասպ», «Կայծակ» եւ «Տալւորիկ» միութիւններու ներկայացուցիչները միայն եւ տեղւոյն վրայ իրենք զիրենք լուծուած յայտարարելով առժամեայ մարմինի մը կը վստահին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի մը հիմնադրութեան պարտականութիւնը։

Հիմնադրութիւնը կը կատարուի 17 Նոյեմբեր 1925-ին եւ վերոյիշեալ երեք միութիւններու 48 անդամները կ’արձանագրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի անդամ եւ կ’ընտրեն իրենց անդրանիկ վարչութիւնը՝ ատենապետութեամբ եղբ. Լուտեր Մասպանաճեանի։

1948-ին, Ատուր Գապագեան կը հաստատուի Պէյրութ եւ երկու շրջան՝ 1949-1954 կը վարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան ատենապետութիւնը։

Գապագեան 29 տարեկանէն սկսեալ եւ մինչեւ 1960-ական տարիներ մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Սուրիոյ եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէներուն։ Կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. 15-րդ, 16-րդ, 18-րդ եւ 19-րդ Ընդհանուր Ժողովներուն։ 1963-ին կ’ընտրուի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ մինչեւ մահը կը մնայ պատասխանատու դիրքի վրայ։

Ազգային-կուսակցական երեք քառորդ դարու վաստակով բեռնաւորուած՝ ան կը մահանայ 22 Ապրիլ 1972-ին եւ կը թաղուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատան Հ.Յ.Դ. պանթէոնը։

Տարածենք