Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 98-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ՔԵՍԱՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ 23-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Քեսապ)- Նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի 11 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 98-ամեակին եւ Քեսապի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 23-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Րաֆֆի Կէվօղլանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբայրներ Արմէն Քէօշկէրեանի եւ տոքթ. Մինաս Պալեանի:

ԲԱՑՈՒՄԸ

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով:

Բացման խօսքը ներկայացուց Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ քոյր Մարինա Բէնդէզեան-Լընդեան: Ան մատնանշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւոր դերակատարութիւնը հզօր հայութեան կերտման գործընթացին մէջ, միշտ կարգախօս ունենալով «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանը, կրթելով հայ պատանին, պարմանուհին, երիտասարդը եւ ապագայ սերունդները, զարգացնելով անոնց մէջ հոգեմտաւոր արժէքները, որպէսզի դառնան յաջող եւ յանձնառու քաղաքացիներ:

Այնուհետեւ, արի-արենոյշ միաւորի քոյրերու եւ եղբայրներու կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան։ Ան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղը անցնող տարիներուն դարձաւ հայ պատանիին ու երիտասարդին կազմաւորման մարզական, սկաուտական ու մարդակերտման մեծ դպրոց: Մասնաճիւղին մարզիկները իրենց յաղթանակներով, պայքարներով, սկաուտական բանակումներով ու տողանցքներով պանծալի էջեր նուիրեցին Քեսապի հայ գաղութին:

Իր խօսքին աւարտին, եղբ. Քէօշկէրեան բեմ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Րաֆֆի Կեւողլանեանը Հ.Մ.Ը.Մ.ի 98-ամեակին եւ «Ծառայութեան» տարուան առիթներով ծառայութեան յուշանուէրներով պարգեւատրելու 14 քոյրեր ու եղբայրներ (երեքը յետ մահու), որոնք երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ եւ հիմնադիր սերունդի հետքերով պատրաստած են նուիրեալ սերունդներ, սկաուտական տարազով արի-արենոյշներ, երէց-պարմաններ եւ շեփորախումբի անդամներ:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

Այս առթիւ իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եղբայրները։ Անոնք գնահատեցին օրուան հանդիսութիւնը պատրաստած քոյրերն ու եղբայրները եւ շնորհաւորական մաղթանքներով յարատեւ ուժ եւ կորով մաղթեցին պարգեւատրեալներուն:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ «Պահպանիչ»ով։

Տարածենք