Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ը Ի ՍՊԱՍ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

 

Արցախեան ցաւալի իրադարձութիւններէն ետք, Արցախի բնակիչներուն բռնի տեղահանութեան առաջին իսկ ժամերէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան որոշումով եւ անդամներու աշխոյժ մասնակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ. լծուեցաւ մեր հայրենակիցներու անմիջական պահանջներու՝ տաք հագուստի եւ մաքրութեան իրերու հաւաքման եւ տրամադրման գործին: Սկսաւ արցախցիներու մեծ հոսք դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի գրասենեակ, ուր անոնք ստացան տաք հագուստ, անկողնային պարագաներ եւ մաքրութեան իրեր: Հաւաքուեցան շուրջ 450 ընտանիքներու տուեալներ, ինչ որ հետագային փոխանցուեցաւ Արցախի օժանդակութիւնը համակարգող յանձնախումբին:


Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան՝ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան հետ, 29 Սեպտեմբերին, շուրջ 100 արկղ ապրանք տեղափոխեցաւ Գորիս, որ այդ օրերուն տեղահանուած հայրենակիցներու առաջին հանգրուանն էր:


Միաժամանակ աշխատանքներ սկսան Արցախի Մեկուսի շրջանէն տեղահանուած քոյրերու եւ եղբայրներու հետ կապեր հաստատելու, իրենց կարիքները ճշդելու եւ ըստ կարելիութեան օժանդակելու համար:


Աշխատանքը աւելի լայն թափ ստացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովին ընդունուած բանաձեւերու լոյսին տակ: Այս առիթով հիմնուած «Հ․Մ․Ը․Մ․ Արցախ Հիմնադրամ»-ի նպատակներէն մեկնելով, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Մեկուսի շրջանի աստիճանաւորներու հետ աշխատանքային հանդիպում:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Սանտրա Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան եւ Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութեան միացեալ նիստ, ուր քննարկուեցան յառաջիկայի միացեալ աշխատանքները եւ ծրագիրները:


Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւնը փոխանցեց, որ Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութեան կը տրամադրէ գրասենեկային կահաւորումով սենեակ մը իր կեդրոնին մէջ։
Իսկ 29 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Խմբապետական Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ 150 հոգինոց միացեալ գործունէութիւն, որուն նպատակն էր Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի եւ Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտներու միասնական աշխատանքը, մտերիմ մթնոլորտի մէջ, Արցախի սկաուտներուն համար ջերմ եւ հարազատ մթնոլորտի ապահովում, ինչ որ իրականացաւ «Հ․Մ․Ը․Մ․ Արցախ Հիմնադրամ»-ի միջոցներով:

Տարածենք