ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀՄԸՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 13-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

 

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ 2-7 Հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան։ Ժողովին մասնակցեցան միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 30 շրջաններէ 75 իրաւասու ձայնով պատգամաւորներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Թեհրանի ՀՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սոֆի Ջաղարբէկեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահպազեան եւ խորհրդակցական ձայնով 28 հրաւիրեալներ, ընդամէնը՝ 103 մասնակիցներ։

Ժողովին բացման ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Ժողովը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր, որովհետեւ կը գումարուէր ներազգային ծանր պայմաններու մէջ։

Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց 2019-2023 քառամեակի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութիւնը, յոյժ գնահատելի նկատեց կատարուած աշխատանքները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ։
Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց թափ տալու նպատակով։ Արծարծուեցան նաեւ միութեան քարոզչութեան,
արդի արհեստագիտութեան եւ ռազմավարական ծրագիրներու կապուած հարցեր։

Ժողովը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակին եւ ընդգծեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները։

Ժողովը յատուկ օրակարգով կանգ առաւ Արցախի եւ Արցախի հայութեան կացութեան դիմաց։ Ժողովը հաստատեց, որ դէմ յանդիման կը գտնուինք Արցախի ժամանակաւոր կորուստի իրականութեան դիմաց, հետեւաբար Ժողովը ՀՄԸՄ-ի պարտքն ու պարտաւորութիւնը նկատեց տէր կանգնիլ եւ պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորրհրդանիշները՝ դրօշը, քայլերգն ու զինանշանը, այդ խորհրդանիշներուն ընդմէջէն նոր
սերունդին մօտ վառ պահելու համար Արցախի վերատիրացման խորհուրդը։

Իբրեւ Արցախէն տեղահանուածներուն անմիջական աջակցութեան քայլ, Ընդհանուր Ժողովը յառաջացուց «ՀՄԸՄ Արցախ Հիմնադրամ»ը, որ պիտի օժանդակէ Արցախէն տեղահանուած հայրենակիցներու անյետաձգելի կարիքներուն։

Իր հնգօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր Ժողովը 2023-2027 քառամեակի ՀՄԸՄ-ի նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը ընտրեց հետեւեալ կազմով.-
Եղբ. Յակոբ Խաչերեան (Լիբանան)
Եղբ. Վիգէն Աւագեան (Լիբանան)
Քոյր Թալին Օրտողլեան (Լիբանան)
Եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան (Սուրիա)
Քոյր Սանտրա Վարդանեան (Հայաստան)
Եղբ. Հրաչ Սիսեռեան (Ֆրանսա)
Եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան (Շուէտ)
Եղբ. Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Մ.Ն.)
Եղբ. Մհեր Դաւիթեան (Արեւմտեան Մ.Ն.)
Եղբ. Վիգէն Աբէլեան (Արեւմտեան Մ.Ն.)
Քոյր Լիոնի Սարմազեան (Գանատա)
Քոյր Սեսիլիա Տաղլեան (Հարաւային Ամերիկա)
Եղբ. Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա)


7 Հոկտեմբեր, 2023
ԴԻՒԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ
13-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

Տարածենք