ՔՈՅՐ ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ԵՒ ԵՂԲ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ Կ’ԱՐԺԱՆԱՆԱՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐԺԱՆԵԱՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն առընթեր, Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2023-ի կէսօրին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պարգեւատրեց վաստակաշատ երկու միութենական։

Սկզբունքով, պարգեւատրումը տեղի պիտի ունենար Պատգամաւորական Ժողովի բացման հրապարակային պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, սակայն պայմաններու բերումով, բացման հանդիսութեան ջնջումէն ետք, կատարուեցաւ ներքին հանդիպումով մը, Պատգամաւորական Ժողովի մասնակիցներու ներկայութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրենց երկարամեայ վաստակին եւ անմնացորդ նուիրումին համար, միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին արժանացան Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանէն քոյր Մարօ Քէշիշեան եւ եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան։ Այս առիթով խօսք առաւ եւ վաստակաւորները պարգեւատրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։

Սրտի խօսքեր արտասանեցին պարգեւատրեալները։ Քոյր Մարօ Քէշիշեան եւ եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան իրենց երախտապարտութիւնը յայտնեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ շեշտեցին, որ կեանքի մէջ շատ բան սորված են այս մեծ միութենէն, որուն անդամակցելու եւ ծառայելու պատիւը ունեցած են։
Աւարտին, պարգեւատրեալները ընդունեցին ներկաներու շնորհաւորութիւնները։

(Ձեռնարկին մանրամասնութիւնները եւ մեծարեալներուն կենսագրական գիծերը շուտով լոյս կը տեսնեն «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի յատուկ թիւով)։

Տարածենք