Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՔԱՏՐԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութամբ, Շաբաթ, 10 Յունիսին ընթացք առին միութեան քարոզչական քատրերու պատրաստութեան առցանց դասընթացքները, մասնակցութեամբ Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններէ 60 մասնակիցներու։
Դասընթացքին բացումը կատարեց եւ նպատակը ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ քարոզչական աշխատանքներու պատասխանատու եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Ան ըսաւ, որ քարոզչութիւնը լայն տեղ եւ դեր ունի մեր կեանքին մէջ։ Քարոզչութիւնը կարեւոր է միութենական աշխատանքները ճիշդ ձեւով ճիշդ թիրախին հասցնելու համար։ Այդ նպատակին համար, Կեդրոնական Վարչութիւնը անցնող քառամեակին, առաջին անգամ ըլլալով, յառաջացուց քարոզչական յանձնախումբ մը, որ մշակեց եւ գործադրեց զանազան ծրագիրներ։ Այսօր, յանձնախումբը կը ձեռնարկէ այս դասընթացքին՝ պատրաստելու համար քարոզչական աշխատանքներու երիտասարդ ու մասնագէտ քատրեր։

Շարունակելով, եղբ. Աւագեան յայտնեց, որ դասընթացքը պիտի ըլլայ խտացեալ, պիտի երկարի չորս շաբթուան վրայ եւ դասընթացքի աւարտին մասնակիցները պիտի արժանանան յատուկ հաստատագիրներու։

Այնուհետեւ, եղբայրը հրաւիրեց օրուան զեկուցաբեր, Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեանը, որպէսզի ներկայացնէ իր նիւթը՝ «Լուսանկար եւ տեսանիւթ նկարելու ձեւերը եւ զանոնք լաւագոյն միջոցներով օգտագործելու կարելիութիւնները»։
Եղբ. Մկրտիչեան իր նիւթը ներկայացուց փաուըր փոյնթով։ Ան նախ ծանօթացուց լոսանկարչութեան գլխաւոր սկզբունքները, տեսակները, յաջող նկար մը ունենալու թեքնիք պահանջները, ապա օրինակներով բացատրեց, թէ ի՞նչպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարոզչութեան ծառայող նկարներ եւ տեսանիւթեր կարելի է ունենալ։ Եղբօր 30 վայրկեան տեւողութեամբ հետաքրքրական ներկայացումին յաջորդեց հարցում-պատասխանի բաժին մը, որ երկարեցաւ մէկ ժամուան վրայ։

Յայտնենք, որ դասընթացքին մնացեալ նիւթերը պիտի ներկայացուին յառաջիկայ երեք Շաբաթ օրերուն՝ 17, 24 Յունիս եւ 1 Յուլիս 2023-ին։ Նիւթերը պիտի ընդգրկեն հետեւեալները.-
- «Թղթակցութիւն պատրաստելու ձեւերը. լեզուական տարրական օրէնքներ, լրագրողական հիմնական սկզբունքներ»- քոյր Նորա Բարսեղեան։
- «Հարցազրոյց վարելու ձեւերը եւ հիմնական սկզբունքները»- Քրիստ Խրոյեան։
- «Ընկերային ցանցերու աշխարհը եւ հոն տեղադրուելիք նիւթերու եւ նկարներու ընտրութիւնը»- եղբ. Գէորգ Յակոբճեան։

 

Տարածենք