ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 12-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԵՏԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ Ա. ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

 

Կիրակի, 4 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումի խմբապետական կազմը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ բանակումի մասնակից շրջաններու պատուիրակութիւններու պետերուն հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտականի ներկայացուցիչներ՝ եղբայրներ Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան, Օշին Փիրումեան եւ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Բանակումի ընդհանուր խմբապետ եղբ. Պօղոս Մահպուպեան եւ փոխ խմբապետներ քոյր Շարլին Կէօզալեան եւ եղբայր Գէորգ Օհանեան հանդիպումի մասնակիցներուն ներկայացուցին բանակումին ընդհանուր յայտագիրը եւ գործելաձեւը։ Պատուիրակութիւններու պետերը, իրենց կարգին, կատարեցին լուսաբանական հարցումներ, որոնց պատասխանեց խմբապետական կազմը։

Տարածենք