ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան մարզական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 29 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու ծանօթացման առցանց հանդիպումը, մասնակցութեամբ միութեան տարբեր շրջաններու մարզական 40 պատասխանատուներու, մարզական յանձնախումբի եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, ընդամէնը՝ 56 մասնակիցներու։

Հանդիպումին առաջին մասով, մարզական յանձնախումբի անդամ քոյր Մարիա Գէորգեան ներկայացուց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առցանց մարզախաղերուն արդիւնքները, որոնց մասնակցած են 95 մարզիկ-մարզիկուհիներ՝ 10 շրջաններէ.- Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան, Գանատա, Ֆրանսա, Հարաւային Ամերիկա, Քուէյթ, Միւնիխ, Վեսթերոս եւ Սոտերթելիա։

Երկրորդ մասով, մարզական յանձնախումբի անդամ եղբ. Սեւակ Կարապետեան փաուըր-փոյնթով ներկայացուց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերուն կիրարկուելիք քորոնայի նախազգուշական օրէնքները։

Հանդիպումին երրորդ եւ մեծագոյն մասը յատկացուեցաւ այս ամառ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու կազմակերպման մանրամասնութիւններուն։ Դարձեալ փաուըր-փոյնթով ներկայացուեցան մարզախաղերու թուականները, մասնակցութեան սակերը, արձանագրութեան ձեւերը, պանդոկներու առնչուած դասաւորումները, կիրարկուելիք մարզախաղերը, արեւելումի ծրագիրը, մարզախաղերու կանոնները, «Հրաշք» մարզախաղերը, մարզախաղերու ընթացքին նկատի առնուած բարեսիրական ու դաստիարակչական աշխատանքները եւ այլեւայլ հարցեր։ Նիւթերու ներկայացումները փոխն ի փոխ կատարեցին մարզական յանձնախումբի անդամները եւ միութեան արհետագիտական տեղեկատուութեան (IT) յանձնախումբին ներկայացուցիչը։

Ներկայացուած տեղեկութիւններու շուրջ մասնակիցները ուղղեցին հարցումներ եւ առաջարկներ, որոնք փոխանցուեցան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին։

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին մարզական յանձնախումբին մօտ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներէն եղբ. Արմանտ Քիլիճեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։

Եղբ. Քիլիճեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց առցանց հանդիպումին մեծաթիւ մասնակիցներուն համար եւ յոյս յայտնեց, որ շրջանները առիթը կ’ունենան ֆիզիքապէս իրարու հետ ըլլալու Յուլիսին նախատեսուած 11-րդ մարզախաղերուն, որոնց յաջողութեան համար բոլորը մեծ աշխատանք ունին կատարելիք։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան իր խօսքին մէջ նախ յիշեց երկու կորուստներ՝ առաջինը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ատենապետին մահը, իսկ երկրորդը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ մարզական յանձնախումբի մօտ ներկայացուցիչներէն եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի անժամանակ կորուստը։ Ապա, եղբ. Նաճարեան շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. օրուան նորութիւններուն հետ քայլ պահող եւ տեւաբար մարտահրաւէրներ դիմագրաւող միութիւն է, հետեւաբար, ան բնական նկատեց, որ հակառակ աշխարհը հարուածող քորոնայի եւ տնտեսական տագնապներուն, անկարելին կարելի դարձնէ՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր կազմակերպելու եւ մարմնակրթութեան ճամբով սերունդ դաստիարակելու համար։ Հ.Մ.Ը.Մ. յանձնառու կը մնայ իր դերակատարութեան եւ մարզախաղերը իբրեւ միջոց օգտագործելով տեւաբար կը ջանայ հայ պատանի-երիտասարդներէն կերտել ազգային առողջ դիմագիծով քաղաքացիներ եւ հայեր, եզրափակեց ան։

Շուրջ երեք ժամուան քննարկումներէ ետք, մարզական պատասխանատուներու առցանց հանդիպումը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով։

Տարածենք