ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽԱՂ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔՈՒԷՅԹԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԷՑ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

 

Վերջին ամիսներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի ֆութպոլի երիտասարդներու խումբը իր հերթական փորձերուն սկսաւ եւ շարք մը մրցումներու մասնակցեցաւ։ Այս մթնոլորտէն խանդավառուած, կազմակերպութեամբ ֆութպոլի յանձնախումբին եւ ներկայութեամբ Քուէյթի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանին, Չորեքշաբթի, 3 Մարտ 2021-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բարեկամական խաղ մը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի երէց եւ երիտասարդ ֆութպոլի խումբերուն միջեւ։ Մօտ մէկ ժամ տեւած խաղէն ետք, հին ու նոր մարզիկները իրարմէ բաժնուեցան ուրախ տրամադրութեամբ։

 

 

Տարածենք