ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ՝ ԵՂԲԱՅՐ ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2021-ին, նախագահութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից երկիրներու Կաթողիկոսական Փոխանորդ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, ներկայութեամբ գաղութի ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, յետ Արեւագալի ժամերգութեան, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ՝ ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եւ ազգային-միութենական վաստակաշատ գործիչ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի։

Հոգեհանգիստէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայր Գառնիկի յիշատակին յարգանքի մատուցման ձեռնարկ։ Վայրկեան մը յոտնկայս լռութենէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետ եղբ. Ժանօ Քէթէնճեան։ Ան անդրադարձաւ եղբ. Գառնիկի կերպարին` յիշելով հայկական բոլոր համայնքներէ ներս անոր ունեցած բեղուն գործունէութիւնը։ Ապա, ներկաներուն ցուցադրուեցաւ եղբայր Գառնիկին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին պատրաստութեամբ։

Այնուհետեւ, խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արամ Մահտեսեան եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Մելիքսէթեան: Եղբ. Արամ կարեւորեց եղբ. Գառնիկի երկտասնամեայ ժառանգութիւնը, որ ներկայ սերունդներուն կը փոխանցուի իբրեւ անսպառ գանձ, բարձրանալու եւ բարձրացնելու համար երիտասարդ նոր հոգիներ։ Իր կարգին, եղբ. Գառնիկի անձին մասին խօսելով, Յակոբ Մելիքսէթեան լուսարձակի տակ առաւ եղբօր երեք յատկանիշները` մարդը,  հայրենասէրը եւ եկեղեցասէրը, որոնք մնայուն ներկայութիւն եղան կեանքին մէջ եւ իր առաքելութեան կորիզը հանդիսացան։

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Դժուար է եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանին նման անձնուրաց ազգային գործիչներու եւ ղեկավարներու մասին խօսիլը, որովհետեւ ան կեանք մը ամբողջ ապրած է անանձնական կերպով՝ յօգուտ ազգին եւ հայրենիքին: Երբ տարբեր համայնքներ այսօր նման ջերմութեամբ կը պահեն եղբայր Գառնիկին յիշատակը, կը հասկնանք արդէն, որ ան յիրաւի այդ բոլոր համայնքներու կազմակերպման գործին մէջ ներդրած է իր լուման, երբ իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ գտնուած է պարտականութեան վրայ»:

Այս առիթով Պետրոս Վարդապետ մասնաւորաբար շեշտեց եղբայր Գառնիկի այցելութիւնները Քուէյթ, եւ, անձնապէս ծանօթութիւն ունենալով անոր հետ, վկայեց, որ եղբայր Գառնիկ շատ կը սիրէր Քուէյթի հայ համայնքը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի մասնաճիւղը: Բան մը, որ փոխադարձ է Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն կողմէ, շեշտեց ան։

Կաթողիկոսական Փոխանորդի խօսքէն ետք, ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

Տարածենք