Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԽՈՍՏՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Նիկոսիա)- Միջ¬դիւանական 9¬րդ խորհրդաժողովի աւարտին, 29 Հոկտեմբեր 2016¬ի երեկոյեան, խորհրդաժողովին մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ե.Մ.ի սկաուտական խումբի խոստման արարողութեան։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նիկոսիոյ մարզադաշտին վրայ, մեծ թիւով ծնողներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ։ Ներկաներու շարքին էին կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան, վաստակաշատ սկաուտապետ Յարութիւն Անմահունի, Նիկոսիոյ եւ Լառնաքայի հոգեւոր հովիւներ՝ Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան եւ Մաշտոց Քհնյ. Աշգարեան։

Մարզադաշտի մուտքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներն ու միջ¬դիւանական խորհրդաժողովի մասնակիցները դիմաւորուեցան կարգապահ շարքերով պատուի կանգնած սկաուտներով։

Բացումը կատարուեցաւ Կիպրոսի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշներուն մարզադաշտ մուտքով։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ե.Մ.ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի սկաուտական խումբերու հանդիսաւոր տողանցք։ Հնչեցին քայլերգները եւ բարձրացան Կիպրոսի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշները։

Օրուան բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի փոխ խմբապետուհի քոյր Ժինա Նիկողոսեան։ Ան ողջունեց հիւրերը Հ.Մ.Ը.Մ.-AYMA 77-րդ սկաուտական խումբի խոստման արարողութեան եւ ներկայացուց խոստման արարողութեան իմաստը միութենական կեանքին մէջ։

Ապա, խումբ մը գայլիկներ եւ արծուիկներ կարճ ընթերցումներով ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը՝ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան մէջ։ Յաջորդեցին սկաուտական փոխանցումները, գնահատագիրներու եւ պէճերու յանձնումը։

Այս առիթով խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ե.Մ.ի վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Գազանճեան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը կը հարստացնէ մասնաճիւղը եւ կը հունաւորէ անոր երթը՝ անսակարկ ծառայելու Աստուծոյ, ազգին ու հայրենիքին։

Եղբ. Գազանճեան նշեց, որ բազմաթիւ են անոնք, որոնք հերոսացած են իրենց քաջագործութիւններով ու կը վայելեն մեր ժողովուրդին համակրանքը, ըլլան անոնք ֆետայիներ, քաղաքական գործիչներ թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարժումի հիմնադիրներ, որոնք 1918-ին դարձան մեր հաւատաւոր պահակները՝ մոխիրէն յարութիւն առնող ժողովուրդի մը տարազաւոր պաշտպանները։

«Տարիները գլտորեցան,- շարունակեց եղբ. Գազանճեան-, տարագիր հայը իր բախտը փնտռեց աշխարհի չորս ծագերուն, գաղութները արմատ նետեցին, նոր պատերազմներ ու արհաւիրքներ եկան ու արմատախիլ ըրին հայութիւնը, նոր տառապանքներ ստեղծուեցան ու կրկնակի տեղահանութիւն կատարուեցաւ։ Մենք, մեր սկաուտական առաքելութեան գիտակից զինուորներս, այս օրերուն անդադար կը մտաբերենք Հալէպը ու աւերակոյտերու վերածուած Հալէպի մեր սկաուտներուն առաջ բարեւի կը կանգնինք, մեր գլխարկները ցած պահելով կը յարգենք անոնց նահատակները, իսկ դրօշակը բարձր պահելով կը գնահատենք Հ.Մ.Ը.Մ.ականի վայել իրենց կեցուածքը, ու «Յառաջ նահատակ»ը կ’երգենք՝ մեր թմբուկները թնդացնելով ու իրենց կողքին ըլլալու լուրը աւետելով»։

Շարունակելով, եղբ. Գազանճեան հաստատեց, որ այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի, սկաուտութիւնը հիմնական դեր ունի կատարելիք գաղութներէ ներս։ Ժամանակները ցոյց տուին, որ սկաուտութիւնը լոկ փայլուն տարազաւորի մը ներկայացումը չէ հանրութեան, այլ՝ հանդէս գալն է նուիրումի զգացումով, հաւատարմութեան ապրումով, պատասխանատուութեան ոգիով, զոհողութեամբ գործելու եւ ծառայելու հրամայականով։

Իր խօսքին վերջին մասով եղբ. Գազանճեան նշեց. «Քիչ առաջ յիշեցի հալէպահայութեան անտանելի վիճակը։ Այս առթիւ կ’ուզեմ փոխանցել մեր խմբապետական կազմին որոշումը՝ զօրակցութեան նամակ մը յղելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի սկաուտական խմբապետական կազմին։ Կարդալէ առաջ նամակը, կը հրաւիրեմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանը, որպէսզի ստանայ նամակը»։

Նամակը ընթերցուեցաւ օրուան հանդիսավար քոյր Ժինա Նիկողոսեանի կողմէ, ապա յանձնուեցաւ եղբայր Քէօշկէրեանի (Նամակին բովանդակութիւնը տեսնել առանձին)։

Ստեղծուեցաւ բաւական յուզումնախառն մթնոլորտ, որմէ ետք իր սրտի խօսքը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։

Եղբ. Մկրտիչեան ըսաւ, որ սկաուտական հանդիսութիւններ շատ եղած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ ու դեռ շատ պիտի ըլլան։ Միութենական հպարտութեան առիթներ շատ եղած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ ու դեռ շատ կրնան ըլլալ։ Բայց ինչ որ այսօր կը կատարուի տարբեր իմաստ եւ կարեւորութիւն ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար՝ իբրեւ համահայկական միութիւն, եւ Կիպրոսի հայութեան համար՝ իբրեւ ազգային կազմակերպ հաւաքականութիւն։

«Այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ ընտանիքի բազմահազար անդամներու ներկայացուցիչներուն դիմաց, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կիպրոսի շրջանը անգամ մը եւս փաստը կու տայ իր կենսունակութեան եւ առողջութեան, երբ ոգեւորիչ նման ձեռնարկով մը սկաուտական հանդիսութիւն կը կազմակերպէ։ Նորեր կ’ընդունի իր շարքերէն ներս, հիները կը գնահատէ՝ աստիճան մը բարձրացնելով եւ միութեան շարքերուն նոր աւիշ ու եռանդ կը հաղորդէ։ Այս արդէն միութենական գործ չէ միայն, այլ՝ հայապահպանման աշխատանք է, ու իբրեւ այդպիսին գնահատելի եւ ծափահարելի երեւոյթ է», ըսաւ ան։

Շարունակելով, եղբ. Մկրտիչեան յայտնեց, որ «Մեր կեանքի այս դժուարին օրերուն, նոր սերունդով զբաղիլը, պատանի-պարմանուհիները արդի հաղորդակցութեան միջոցներէն պահ մը անջատելը, ակումբ բերելը եւ ազգային-միութենական դաստիարակութիւն ջամբելը նուիրական գործ է, որուն համար այլ բառ կարելի չէ գտնել, եթէ ոչ՝ «Ապրի՛ք տղաք»։ Ապրի՛ք, որպէսզի ձեզմով Հ.Մ.Ը.Մ.ը ապրի։ Ապրի՛ք, որպէսզի ձեզմով ձեր ժողովուրդը ապրի, այն կազմակերպուածութեամբ եւ աշխատանքով, որուն վկաներն ենք մենք այսօր։

«Դուք մեր պահեստի բանակն էք։ Դուք մեր ապագան էք։ Վաղը, միւս օր, դո՛ւք է որ պիտի գտնուիք մեր տեղ, այստեղ եւ ձեր գործով ու խօսքով պիտի խրախուսէք ձեզմէ կրտսերները, նորերը։ Դուք է որ պիտի պատրաստէք նոր մարդուժ՝ մեր վաղուան գործին եւ յաջողութիւններուն համար։

«Ու այս է արդէն 98 տարեկան Հ.Մ.Ը.Մ.ին յարատեւութեան եւ յաջողութեան գաղտնիքը. միշտ նորեր պատրաստել եւ շարունակականութիւն ապահովել, որպէսզի 1918-ին սկսուած գործը կիսատ չմնայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի երթը կանգ չառնէ եւ շարունակուի, մինչեւ որ իր լրումին հասնի՝ մեր ազգային վախճանական նպատակներուն իրականացումով»։

Իր խօսքին աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը գեղեցիկ անակնկալ մը ներկայացուց ներկաներուն, երբ յայտնեց, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած է միութեան «Ծառայութեան» շքանաշով պարգեւատրել Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի ժրաջան ատենապետ եղբ. Յակոբ Գազանճեանը։ Այս առիթով, ան ընթերցեց եղբօր ծառայանուէր կեանքին ամփոփ գիծերը եւ շքանշանն ու հաստատագիրը յանձնեց եղբօր։ Եղբ. Մկրտիչեան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ կիպրահայ համայնքի երախտաշատ անդամներէն Արթօ Դաւիթեանին, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւին, Նիկոսիոյ Հ.Յ.Դ. կոմիտէի ներկայացուցիչին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ե.Մ.ի վարչութեան։ Նշենք, որ նմանօրինակ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ կիպրահայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին՝ իր տունը կատարուած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։

Խոստման արարողութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք պարգեւատրեալները ընդունեցին շնորհաւորութիւններ եւ անմոռանալի երեկոն աւարտեցին յիշատակի գեղեցիկ նկարներով։

Տարածենք