ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔ՝ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

 

Սուրիոյ յեղափոխութեան 57-ամեակին եւ Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման զոյգ առիթներով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղին վարչութիւնը Կիրակի, 8 Մարտ 2020-ի առաւօտեան կազմակերպեց երախտագիտութեան տողանցք։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի արի-արենոյշները տողանցքին բարձրացուցին շնորհակալութեան խօսքեր պարունակող պաստառ մը, որուն վրայ տեղադրուած էր Սուրիոյ նախագահին պատկերը։ Անոնք Սուրիոյ դրօշը հպարտօրէն ծածանելով տողանցեցին մինչեւ խորհրդարանի շէնքին դիմաց։ Այնտեղ ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ եւ երեսփոխաններ, որոնց կարգին՝ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան։

Հինգերորդ վաշտի շեփորախումբը նուագեց Սուրիոյ քայլերգը եւ փունջ մը ազգային-հայրենասիրական երգեր:

Երախտագիտութեան հաւաքին ներկայ էին Դամասկոսի սկաուտական շարժումի կեդրոնական վարչութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դամասկահայերու հոծ բազմութիւն մը:

Շեփորախումբի ելոյթէն ետք, հինգերորդ վաշտի խմբապետ եղբ. Միհրան Ղազարեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղին սկաուտական փողկապը յանձնեց խորհրդարանի նախագահին, ապա խորհրդարանի երեսփոխան Համուտ Սապպաղ խորհրդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարազաւոր քոյրերն ու եղբայրները եւ անոնց ընկերակցող պատասխանատուները: Ընդունելութեան ներկայ էին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան եւ «Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան:

Այս առիթով, Համուտա Սապպաղ ջերմօրէն ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղին նախաձեռնութիւնը: Ան բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին նկատմամբ:

Հինգերորդ վաշտի խմբապետ եղբ. Միհրան Ղազարեան իր կարգին շնորհաւորեց խորհրդարանի նախագահը՝ 8 Մարտի յեղափոխութեան տօնին առիթով եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման խորհրդարանի որոշումին համար, շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդարանի բոլոր անդամներուն եւ Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին:

Իր կարգին, «Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց խորհրդարանի նախագահին եւ նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին:

Տարածենք