Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԱՇԽՈՅԺ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մասնաճիւղը վերջին ամիսներուն ունի բաւական աշխոյժ գործունէութիւն։ Հոկտեմբեր 2019-Փետրուար 2020, մասնաճիւղը գործեց նշանակովի իննանդամ վարչութեամբ մը, որուն մաս կազմեցին եղբ. Անդրանիկ Առուստամեան (ատենապետ), քոյրեր Լարիսա Յակոբեան (ատենադպիր), Տիանա Թաւագալեան (գանձապահ), Աշխէն Պատալեան, Ժաննա Յարութիւնեան, Թեհմինէ Կարապետեան, Նելլի Մելքոնեան, եղբայրներ Դրօ Գնտոյեան եւ Արթիւր Գզողեան։

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵԶՐԱՍ ԱՐՔ. ՆԵՐՍԻՍԵԱՆԻ…

Իր աշխատանքներուն սկիզբը, վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդ Եզրաս Արք. Ներսիսեանի եւ անոր ներկայացուց մասնաճիւղին աշխատանքները։

 

… ԵՒ ԿԻՄՐԻ ՔԱՂԱՔԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Այնուհետեւ, վարչութեան ատենապետ եղբ. Անդրանիկ Առուստամեան Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ Տվերի մարզի Կիմրի քաղաքի նորաստեղծ հայ համայնքի կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան եւ սփիւռքեան դերակատարութեան վերաբերող հարցեր։ Քննարկուեցաւ նաեւ Կիմրի քաղաքին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական խումբ ստեղծելու եւ շաբաթական գործունէութիւն կազմակերպելու կարելիութիւնները։

Կողմերը պայմանաւորուեցան հետագային կրկին հանդիպել։

 

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Մասնաճիւղը կազմակերպեց հայագիտական եւ սկաուտական նիւթերով զարգացման մրցում մը, որուն մասնակցեցան Մոսկուայի եւ մերձակայ Բալաշիխայի, Մոժայսկի, Եարոսլաւլի եւ Պերեսլաւլի Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտները։ Մրցումը յաղթեցին Եարոսլաւլի սկաուտները։ Այս առիթով, բոլոր սկաուտները ստացան զարգացման մրցումին մասնակցութեան վկայագիրներ։ 

 

ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՐՇԱՒ

1-2 Փետրուարին, մասնաճիւղին վարչութիւնը կազմակերպեց երկօրեայ արշաւ, որուն մասնակցեցան Մոսկուայի, Բալաշիխայի, Իստրայի, Եարոսլաւլի եւ Պերեսլաւլի սկաուտները:

Արշաւին մասնակցեցան չորս խումբեր.- «Հպարտ արծիւներ», «Արարատ», «Անի» եւ «Արագած»:

Նախատեսուած ճանապարհը բաղկացած էր ինը կէտերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տեղը գիտնալու համար անհրաժեշտ էր պատասխանել հայագիտական, սկաուտական եւ ընդհանուր զարգացման նիւթերով շարք մը հարցումներու եւ այնուհետեւ կատարել յաւելեալ առաջադրանքներ:

Բոլոր խումբերէն առանձնակի յաջողութեամբ հանդէս եկան «Հպարտ արծիւներ»ը եւ «Անի»ն: Յաղթեց «Անի» խումբը։

Արշաւին յաջորդ փուլը կատարուեցաւ գրասենեակի մէջ:

Սկաուտներուն հայկական բանակի կազմութեան մասին հետքրքրական դասախօսութիւն մը ներկայացուց Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, քաղաքագէտ Սէյրան Պաղտասարեան:

Այնուհետեւ, ընթրիքէն ետք սկսաւ ժամանցի բաժինը՝ այլազան խաղերով, ազգային երգերով ու պարերով:

Յաջորդ օրը, առաւօտեան, մասնակիցները իրենց տուները մեկնեցան դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ։

 

ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

23 Փետրուարին, մասնաճիւղը կատարեց անդամական իր ընդհանուր ժողովը եւ ընտրեց մէկ տարուան համար նոր վարչութիւնը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Բագրատ Եսայեանի։

Նորընտիր վարչութիւնը դիւանի կազմութենէն ետք պարզեց հետեւեալ պատկերը.-

Եղբ. Անդրանիկ Առուստամեան- ատենապետ

Եղբ. Դրօ Գնտոյեան- փոխ ատենապետ

Քոյր Լարիսա Յակոբեան- ատենադպիր

Քոյր Ժաննա Յարութիւնեան- գանձապահ

Քոյրեր Աշխէն Պատալեան, Տիանա Թաւագալեան եւ եղբ. Արթիւր Ռավոյեան- խորհրդականներ

 

Տարածենք