Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովները միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը հետաքրքրող իրադարձութիւններ չեն։


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովները համա՛յն հայութեան ուշադրութեան արժանի հաւաքներ են, որովհետեւ անոնք կը համախմբեն Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 23 երկիրներէ մեր ժողովուրդի Հ.Մ.Ը.Մ.ական ներկայացուցիչները։ Քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնք լծուած են մեր նորահաս սերունդի մարդակերտման ու հայակերտման աշխատանքին։


Ճիշդ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը առաւելաբար պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ։ Բայց ճիշդ է նաեւ, որ ծնողներու, բարեկամներու, բարերարներու եւ համակիրներու հսկայ բանակ մը կը հետեւի միութեան աշխատանքներուն։ Հ.Մ.Ը.Մ. կ’ապրի բոլորին հետ, ամէնուն համար։ Եւ հետեւաբար, պարզ է, որ բոլորը հետաքրքրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներով ու ծրագիրներով։


Քիչ ետք, Ծաղկաձորի մէջ ընթացք կ’առնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին աշխատանքները, ուր միութենական կարգով կը կատարուի անցնող չորս տարիներու գործունէութեան ներկայացում, հաշուետուութիւն եւ արժեւորում։


Միութենական կարգը իր տեղին, կ’արժէ այստեղ, հրապարակային բացման այս հանդիսութեան, հաշուետուութեան մօտեցումով ներկայացնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցնող քառամեակը յատկանշող կարգ մը երեւոյթներ, անոնց լոյսին տակ ուրուագծելու համար գալիքը, յառաջիկայ չորս տարիները։


Նախորդ Պատգամաւորական Ժողովէն՝ 2015 թուականէն ասդին երկարած ժամանակաշրջանը Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան համար եղաւ պատմական, որովհետեւ ան զուգադիպեցաւ միութեան 100-ամեակի հանգրուանին։ 100-ամեակ, որ արժանավայել կերպով, պետական եւ ժողովրդային շուքով նշուեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ՝ Սիտնիէն Պուէնոս Այրէս, Լոս Անճելըսէն Պէյրութ եւ Պաղտատ։ 100-ամեակը կազմակերպական, յարաբերական եւ քարոզչական զօրաշարժի մատնեց միութիւնը եւ նոր թափ ու մղում տուաւ անոր աշխատանքներուն։


Անցնող քառամեակին Հ.Մ.Ը.Մ. իր մասնաճիւղը ունեցաւ Արցախի մէջ։ Ամրապնդեց եւ ընդարձակեց Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը եւ լայն զարկ տուաւ Մոսկուայի մասնաճիւղին աշխատանքներուն։ Ու պէտք է ընդունիլ, որ տարուած աշխատանքներուն արդիւնքները եղան աւելի քան գոհացուցիչ։ Փաստը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտական շարքերուն բազմացումն է։ Փաստը Հայաստանի միաւորներուն կազմակերպական եռուն կեանքն է։ Փաստը նաեւ Մոսկուայի մասնաճիւղին զգալի աշխուժութիւնն է։


Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցնող քառամեակը պատմական կարելի է նկատել նաեւ այն պատճառով, որ միութիւնը ունեցաւ 8 նոր միաւորներ եւ մասնաճիւղեր աշխարհի տարածքին, ինչ որ դրական երեւոյթ է ընդհանուր նահանջի, այլասերման եւ օտարացման մեր օրերուն։


Վերջապէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցնող քառամեակը յատկանշական է, որովհետեւ միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերուն կողքին, ան ստեղծեց երկար տարիներէ ի վեր անհրաժեշտութիւն նկատուող միութեան երիտասարդական բաժանմունքը, նախ՝ Եւրոպայի երիտասարդութիւնը համախմբող Վիեննայի 2017-ի հաւաքով ու ապա՝ Աթէնքի 2019-ի երիտասարդական Ա. համագումարով։


Այս բոլոր նորութիւնները կատարուեցան կողքին այն մնացեալ աշխատանքներուն, որոնք ընթացիկի կարգ անցած են արդէն, բայց եւ այնպէս քառամեակէ քառամեակ կը զարգանան ու կը մեծնան։ Այսպէս, 2015-2019 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իրագործեց խմբապետական իր 7րդ համագումարը, կատարեց Արարատեան կարգը, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումը՝ 1192 մասնակիցներու մրցանշային թիւով եւ համա-ՀՄԸՄական 10-րդ մարզախաղերը, դարձեալ աննախընթաց 1250 մասնակիցներով։

Յարգելինե՛ր,
Հոս տեղը չէ ամբողջական թուարկումը կատարելու անցնող քառամեակին միութեան կատարած բոլոր աշխատանքներուն։ Բայց հոս տեղն է յիշեցնելու, որ կատարուած հսկայական աշխատանքը իրագործուած է կամաւոր բանակի զոհաբերութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ կարգապահութեամբ։


Իսկ այդ արդէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութեան մեծագոյն գաղտնիքն է. զոհաբերութիւն, անշահախնդրութիւն եւ տեւաբար լաւին ու լաւագոյնին ձգտելու կամեցողութիւն։
Կամեցողութիւնը, սակայն, առանձինն չի բաւեր՝ եթէ երբեք չըլլան կամաւոր բանակի անդամները, աշխարհասփիւռ 26 հազար Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, եւ կամաւոր բանակի հաւատաւոր աջակիցները, որոնց համար այս պաշտօնական ամպիոնէն ունինք շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք։


Շնորհակալութիւն առաջին հերթին հայրենի պետութեան, որ անցնող չորս տարիներուն իր նախարարութիւններուն ճամբով կարելի ամէն դիւրութիւն ընծայեց միութեան զանազան նախաձեռնութիւններուն։ Հայաստանի նախագահն ու վարչապետը անձամբ ներկայ գտնուեցան միութեան 100-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան։
Շնորհակալութիւն Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական հոգեւոր պետերուն, որոնք անվերապահ կերպով աջակից ու մասնակից հանդիսացան միութեան 100-ամեակի աշխատանքներուն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անձամբ այցելեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի մասնակիցներուն, մինչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալը 100-ամեակի կոնդակ հրապարակեց եւ « Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը շնորհեց միութեան։


Շնորհակալութիւն միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու կնքահայրերուն եւ բոլոր այն բարերարներուն, որոնք իրենց նիւթական օժանդակութեամբ սատար կանգնեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան թէ Շրջանային կամ Մեկուսի վարչութիւններու ծրագիրներուն։


Շնորհակալութիւն մեր մամուլին եւ տեղեկատուական միջոցներուն, որոնք մօտէն հետեւեցան միութեան իրագործումներուն եւ դրականօրէն արձագանգեցին կատարուած բոլոր աշխատանքներուն։


Վերջապէս, շնորհակալութիւն մեր հիւրերուն, որոնք այսօր իրենց ներկայութեամբ կը պատուեն Հ.Մ.Ը.Մ.ը։


Այս ուրախ առիթով, պատիւն ու պարտականութիւնը ունիմ յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկաներուն ներկայացնելու անակնկալ մը։
Անակնկալը վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական երեք եղբայրներու պարգեւատրումն է։

 

Տարածենք