ՍՈՒՐԷՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

ՍՈՒՐԷՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

ՍՈՒՐԷՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Եղբ. Սուրէն Մուրատեան կը պատկանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սփիւռքեան առաջին սերունդին։ 1934-ին ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն կ՚անդամակցի Նոր Գիւղի մէջ, Հալէպ։ 1941-ին կը փոխադրուի Պէյրութ եւ այնուհետեւ երեք տասնամեակ իր լայն մասնակցութիւնը կը բերէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ընտանիքի սկաուտական բոլոր աշխատանքներուն, մղիչ ուժը հանդիսանալով անոնց։

Եղբ. Սուրէն երկար տարիներ կ՚ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչական, ապա՝ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ։ 1974-ին ան կը հաստատուի Փարիզ եւ իր շուրջ խումբ մը հաւատաւոր երիտասարդներ հաւաքելով՝ հիմը կը դնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փարիզի մասնաճիւղին։ Ան կը մահանայ 25 Օգոստոս 1981-ին։

Տարածենք