ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեան կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ միութեան համագաղութային կառոյցի կերտման գլխաւոր ճարտարապետը։

Ան ծնած է 1928-ին, Պէյրութ։ Պատանի տարիքին մաս կը կազմէ Պէյրութի պասքեթպոլի խումբին՝ դառնալով անոր լաւագոյն մարզիկներէն մէկը։

Իբրեւ հմուտ վարչական, եղբ. Վարդգէս բազմիցս կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Պատգամաւորական Ժողովներուն, ներկայացնելով Լիբանանի շրջանը։ 1973-ին, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը համագաղութային կազմակերպութեան վերածելու յատուկ մարմինին։ Ապա, 1974-ին, 1979-ին եւ 1983-ին կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ իբրեւ ատենապետ ձեռնհասօրէն կը վարէ միութեան աշխատանքները՝ մինչեւ իր նահատակութիւնը 31 Յունուար 1986, երբ Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի հետ, Պէյրութի մէջ ան զոհ կ’երթայ հայութեան թշնամիներու անարգ ոճիրին։

Ատենապետութեան 12 տարիներուն, եղբ. Վարդգէս ճիգ չի խնայեր Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցը դնելու ամուր հիմերու վրայ։ Ան կ’այցելէ շրջաններ, իբրեւ Կեդրոնական Վարչութեան շրջուն պատգամախօս։ Բծախնդրութեամբ եւ խոր հաւատքով մասնակից կը դառնայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բոլոր ձեռնարկներու կազմակերպման։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական իր գործունէութեան կողքին, եղբ. Վարդգէս կ’ունենայ ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Քաղաքական Ժողովի քարտուղար եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի երկար տարիներու անդամ։

Յետ-մահու, 14 Նոյեմբեր 2008-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իրեն կը շնորհէ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը։

Տարածենք