ԷՐԻԿ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

ԷՐԻԿ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

ԷՐԻԿ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

Արցախեան երկրորդ պատերազմի նահատակ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի «Յովհաննէս Հինդլեան» մասնաճիւղի սկաուտ եղբ. Էրիկ Գալստեան ծնած է 2001-ին, Երեւան: Կրթութիւնը կը ստանայ Երեւանի թիւ 159 դպրոցը: Յուլիս 2020-ին ան կը զօրակոչուի հայկական բանակ եւ ծառայութիւնը կը կատարէ Մատաղիսի հետախուզական վաշտին մէջ, իբրեւ վարորդ: 2020-ի Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն ան կը մեկնի առաջնագիծ:

Եղբ. Էրիկի երկրաւոր կեանքը կ’ըլլայ կարճ, բայց ան կը յաջողի այդ կարճ կեանքն անգամ արժեւորել ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։ Ան քաջաբար կը մարտնչի եւ անմահութեամբ մահուան կը յաղթէ՝ Արցախի պաշտպանութեան, հայութեան իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան ի խնդիր։

Եղբ. Էրիկ Գալստեան կը նահատակուի 10 Հոկտեմբեր 2020-ին, երբ  45 զինակիցներ տեղափոխած ժամանակ հարուած մը կը ստանայ անօդաչու թռչող սարքէ մը։

Տարածենք