ՎԱՐԱԳ ՓՈՂԱՐԵԱՆ

ՎԱՐԱԳ ՓՈՂԱՐԵԱՆ

ՎԱՐԱԳ ՓՈՂԱՐԵԱՆ

Փողարեան բնիկ շապին գարահիսարցի է։ Զուռնաճեան է, բայց յետոյ մականունը հայացուած է։ Յաճախած է Ռոպէրթ Քոլէճ, աւարտած է զայն եւ նշանակուած է նոյն վարժարանի մեքենական ճիւղի վարիչ։ Պաշտօն մը, զոր մինչեւ վերջ կը շարունակէ։ Միաժամանակ, ան մարզանքի ուսուցիչ էր։ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, իբրեւ ուսուցիչ կ'այցելէ Կիլիկիա, ուր կը ստեղծէ մարզական շարժում։ Կը մասնակցի նախաեղեռնեան հայկական ողիմպիականներուն։ Կը հաստատէ նիզակ նետելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցանիշ։ Կը նետէ նաեւ գունտ եւ սկաւառակ։ Սակայն ան առաւելաբար ֆութպոլով անուանի կը դառնայ։ 1915-էն առաջ «Տորք»ի լաւագոյն խաղացողներէն էր։ Յետսապահ էր։ Ամբողջ Պոլիսը զայն կը նկատէր «Անծակելի պատուար մը»։ Պատերազմէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի կեդրոնական յանձնախումբի անդամ էր։ Մրցաշարքերը ինք կը կազմակերպէր։ Լաւ իրաւարար էր։ 1915-էն առաջ եւ ետք ան գրած է ֆութպոլի մասին յօդուածներ։ Ունի նաեւ ֆութպոլի մասին գիրք մը։ Իր անունը նոյնացած էր ֆութպոլին հետ։

Խառնուածքով հեզ էր, ընկերական, իրական մարզական ոգիի տէր մարդ մը։ Կը մահանայ Պոլիս, 1938-ին։

Տարածենք