Թիւ 85-96 - ՄԻ՛ ԼԱՐ, ՀԱՅԱՍՏԱ՜Ն
Մեր ցաւը որքան ալ ըլլայ մահուան չափ ճնշիչ ու ծանրութեամբ կապարի,
Որքան ալ բնութեան այս սպանդին, աւերին ու աւերակին դէմ յանդիման չկարենանք մենք տոկալ ու հայրենի ցաւին փարած՝ փղձկինք ի խորոց սրտի եւ նմանինք Մայր Հայաստանին, որ նստէր կու լայ,
Մանաւանդ՝ երբ քրիստոսացած մեր երկիրը սրտապատառ ու կողկողագին տակաւին կը մղկտայ ու կը պաղատի՜ հայու Աստծուն.
- Տէ՜ր, դա՛ռն է բաժակը,
Այսուհանդերձ, որպէս գերագոյն, գերագոյն մխիթարանք պիտի ընդունինք, որ ո՛չ մէկ անգամ հողին հետ նոյնացած մարդիկ՝ ա՛յսքան իրենց հողին ծառայեցին։
Պիտի ընդունինք, որ ոչ մէկ ժամանակ թեւատներ ու կաղեր, տնանկներ ու վիրաւորներ, մեռելներ, իրենց հայրենիքին շուրջ՝ ա՛յս տարողութեամբ համակրանք ու վշտակցութիւն ապահովեցին։
Մեր անսահման ու անբացատրելի ցաւին մէջ անգամ պիտի ընդունինք, որ հայրենի համատարած այս տառապանքը յումպէտս չանցաւ։
Փաստօրէն, երկրաշարժէն ետք հայրենի հողը մարդացաւ քիչ մը աւելի, շնչաւորուեցաւ քիչ մը աւելի ու սրբացաւ՝ շա՛տ աւելի։
Փաստօրէն, 25.000 հայեր սահած հողի տեղ՝ տեղ գրաւեցին, հող դարձան ու Հայաստանը անգամ մը եւս Հայաստան ըրին։
25.000 հայեր պարզապէս եւ գործնապէս դարձան՝
Նահատա՛կ,
Հերո՛ս,
Սո՛ւրբ։
Մինչ Յիսուսի Խաչելութենէն պէտք եղաւ որ երեք օր անցնի, որպէսզի հրաշագործուի Յարութիւնը,
Ա՛յս սրբարանին մէջ, վերանորո՜գ ուխտավայր, Խաչելութեան յաջորդեց Յարութիւնը՝ ակնթարթ մը ետք։
Մահը պարզապէս կեանք ծնաւ։
***
Ու փաստօրէն, երբ երկրաշարժ եղաւ յերկիրն Արարատեան, այս անգամ ո՛չ միայն քարերը հեկեկացին, բլուրները մղկտացին, ջուրը հուն փոխեց, հողը խորշոմ կապեց, այլ, հրա՜շք, մարդի՛կ անգամ լացին։
Ասիկա տասհազարամեայ մեր պատմութեան ընթացքին թերեւս առաջին համամարդկային սրտակցութիւնը եղաւ մեզի հետ։ Աշխարհ իր արցունքը խառնեց մեր հեկեկանքին ու աղօթքի մը պէս հաղորդական՝ մեզի հետ երգեց.
- Քեզի համար, Հայաստան։
Երգեց ու լացաւ, աշխա՛րհ։
Ու մենք այնքա՜ն կարիքը ունէինք աշխարհի սիրոյն...
Մարդոց սրտակցութեան դարաւոր երաշտէն ետք, աշխարհի մեզի՛ համար թափած արցունքը երկինքէն հեղեղի պէս իջնող մանանայ թուեցաւ։
Ու մխիթարանքը մեզի ամպերու ետեւէն ծիծաղող ծիածանի պէս երեւցաւ, անգամ՝ այսքան աւերի ու աւերակի դիմաց ու դիմած՝ բնութեան անողորմ սպանդին։
Իրօ՛ք։
Երբ մեր երկիրը շարժեցաւ, Հայաստան դարձաւ Միացեալ Ազգերու Սիրոյ Կեդրոն, ուր ամէն գոյնի եւ ամէն կողմի մարդիկ, ձեռք ձեռքի, մահուան ճիրաններէն մարդ փրկեցին, վէրք փաթթեցին ու մեռել թաղեցին...
Գէթ վայրկեանի մը համար, մեր տառապանքին դէմ յանդիման, աշխարհ սիրեց նաե՛ւ ինքզի՛նք։
Աշխարհ եղբայրացաւ աշխարհին հետ։
Իրապէ՛ս յումպէտս չանցաւ հայոց խաչելութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանին համար, թէ՝ աշխարհի՛ն։
***
Հիմա մենք ենք, Հայաստա՜ն։
Մենք՝ որդիներդ աշխարհացրիւ թէ որդիներդ կուրծքիդ փարած, մերթ պրկուած տառապանքով, մերթ ընդվզումով կատաղի, ահաւասիկ իր մօր առջեւ ծունկի եկած սիրող որդու ամբողջական կապուածութեամբ, կը պաղատինք.
Մի՛ լար, մի՛ լար, Հայաստան։
Մենք, որդիներդ հողմահալած, քեզի այցի՜ կու գանք ահա, ու փլատակներէդ անգամ մը եւս քեզ կը տանինք յաղթանակի այգիներու բարձունքներուն։
Տապալած իւրաքանչիւր ծառի փոխարէն, ամբողջ անտառ մը կը տնկենք, ու իւրաքանչիւր փլած շէնքի փոխարէն, հազարաւոր պալատանման բերդ կը շինենք։
Կ’ընենք այնպէս՝ որ ո՛չ մէկ շարժ հիմքիդ հասնի։
Միայն, մի՛ լար, մի՛ մղկտար։
Մենք տխրութիւն շատ ենք տեսեր, մենք դարերով շատ ենք լացեր, մենք յոգներ ենք ախ ու վախէ, ալ զզուեր ենք փախուստ տալէ։
Ալ չենք ուզեր որ կրկնուի։
- Մայր Հայաստան նստեր կու լայ...
Հիմա մենք ենք։
Մենք, որդիներդ աշխարհացրիւ, թէ՝ որդիներդ կուրծքիդ փարած, նո՜ր հաշտուած եղբայրներ, բռունցք կազմած, ու ուս ուսի, կþամոքենք վէրքերդ խոր, կը կառուցենք շէնքերդ տուֆ, կը ժայթքեցնենք աղբիւրներ նոր ու կը բանանք ուղիներ լայն ու բազմաճիւղ։
Ու, Հայաստա՛ն, հին դրօշով վէրք կը փաթթենք, Դեկտեմբերին կ’երգենք Մայիս, Ղարաբաղը կը բերենք տուն, որ մոռնաս քու մեծ ցաւդ դուն։
Միայն, մի՛ լար, մի՛ մղկտար,
Ցա՜ւդ տանենք,
Ցաւի՛դ ղուրպան,
Ջա՜ն Հայաստան։