ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Կիրակի, 27 Ապրիլ 2025-ին տեղի ունեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի շրջաններու եւ մեկուսի շրջաններու խմբապետական առցանց երկրորդ հանդիպումը, մասնակցութեամբ 26 շրջաններէ 31 խմբապետ-խմբապետուհիներու, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական կորիզի երեք անդամներու։

Հանդիպումին ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան անդամները զեկուցեցին յառաջիկայ Յուլիսին տեղի ունենալիք Ամերիկաներու եւ Միջին Արեւելքի ցամաքամասային երկու բանակումներուն մասին, որոնց գծով մանրամասնութիւններ փոխանցեցին բանակումներուն ընդհանուր խմբապետուհիները։

Զեկուցումներ փոխանցեցին խմբապետական Թ․ համագումարէն բխած աշխատանքային խմբակները (երէցական նիւթեր, մոկլիի գիրք, «Վկայեալ» կարգի գիտելիքներ, սկաուտական մասնագիտական պէճեր, համացանցային անվտանգութիւն), որոնք ժողովականները տեղեակ պահեցին իրենց յանձնախումբերուն ցարդ կատարած աշխատանքներուն մասին։ Եղան լուսաբանական հարցումներ նշեալ աշխատանքներուն մասին։

Հանդիպումին զեկուցուեցաւ յառաջիկայ ամիս ընթացք առնող սկաուտական «Արարատեան» կարգին մասին․ արծարծուեցաւ նաեւ շրջաններուն մէջ աստիճաններուն եւ պաշտօններուն մինօրինակութեան անհրաժեշտութիւնը։

Photo

Photo

Հովանաւորներ