2025-Ը, ՈՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԴԱՌՆԱԼ
Քանի մը օրէն պատմութեան կը յանձնենք տարի մը եւ կը դիմաւորենք նոր մը։
2025 տարին Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար եղաւ եռուզեռով եւ յաջողութիւններով լեցուն տարի։
Անցնող տարուան վրայ նետուած ակնարկ մը բաւարար է հաստատելու, թէ 365 օրերու ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ. ինչքա՜ն գործ կատարեց աշխարհի հայ երիտասարդութիւնը իրարու կապելու, շրջանները քով-քովի բերելու եւ համահայկական նպատակներով առաջնորդելու համար։
Այս ակնարկը նկատի չունի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 42 շրջաններէն իւրաքանչիւրին այլապէս հարուստ գործունէութիւնը՝ Նաւասարդեան մարզախաղեր, բանակումներ, սեմինարներ, սկաուտական հաւաքներ, յոբելենական տօնակատարութիւններ, բարեսիրական գործեր թէ ընկերային հանդիպումներ։ Ակնարկը կը վերաբերի միայն շրջանային եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնութիւններու եւ հիմնական իրագործումներու։
ՅՈՒՆՈՒԱՐ
22 Յունուար- «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի թիւ 435-ի հրապարակում։
28 Յունուար- 2026-ի ամրան տեղի ունենալիք Հ.Մ.Ը.Մ.ի նաւապտոյտի կազմակերպչական աշխատանքներու մեկնարկ՝ յատուկ յանձնախումբով եւ այս նպատակին համար ստեղծուած կայքէջով։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ
15 Փետրուար- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-ր մարզախաղերու նախապատրաստութեան առցանց հանդիպում՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, մարզական յանձնախումբի եւ շրջաններու մարզական պատասխանատուներու։
22 Փետրուար- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններու ատենապետներու առցանց 4-րդ հանդիպում։
26 Փետրուար- «Հայ սկաուտի օր»ուան առիթով միութեան շեփորախումբերը ծանօթացնող քարոզչական նախաձեռնութիւն՝ ընկերային ցանցերով։
ՄԱՐՏ
27 Մարտ- Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկլեզու նոր կայքէջի՝ marzig.org-ի մեկնարկ։
28-29 Մարտ- Հ.Մ.Ը.Մ.ի ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ մասնաճիւղերու քարոզչական պատասխանատուներու առցանց հանդիպում։
ԱՊՐԻԼ
4 Ապրիլ- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի մասնաճիւղերու քարոզչական պատասխանատուներու առցանց հանդիպում։
7 Ապրիլ- «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի թիւ 436-ի հրապարակում։
11 Ապրիլ- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի մասնաճիւղերու քարոզչական պատասխանատուներու առցանց հանդիպում։
15 Ապրիլ- Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկլեզու առցանց լրատուի առաջին թիւի հրապարակում։
24 Ապրիլ- Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումներ միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններուն մէջ։ Շրջաններ ընկերային ցանցերով լկը բաժնեկցին իրարու ձեռնարկներուն լուրերը։
27 Ապրիլ- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու բարձրաստիճան խմբապետներու առցանց երկրորդ հանդիպում։
ՄԱՅԻՍ
3 Մայիս- Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մասնաճիւղի հիմնադրութիւն Նիսի մէջ, Ֆրանսա։ Յաջորդ օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆրանսայի չորս մասնաճիւղերու միջ-դիւանական հանդիպում։
17 Մայիս- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վեսթերոսի մասնաճիւղի ակումբի բացում, ներկայութեամբ Շուէտի չորս մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն։
18 Մայիս- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, «Արարատեան» կարգի դասընթացքի մեկնարկ՝ առցանց հանդիպումներով։
23 Մայիս- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու քարոզչական աշխատանքներու մեկնարկ՝ Հայաստանի, Արցախի, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Մ. Նահանգներու եւ Հարաւային Ամերիկայի շրջաններէն 12 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու մասնակցութեամբ։
ՅՈՒՆԻՍ
10 Յունիս- «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի ցանցային տարբերակի՝ marzig.org-ի մեկնարկ։
15 Յունիս- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, հայերէնի առցանց դասընթացքներու մեկնարկ՝ Պուլկարիոյ սկաուտներուն համար։
27 Յունիս- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններու քարոզչական պատասխանատուներու առցանց Բ. հանդիպում։
ՅՈՒԼԻՍ
10 Յուլիս- «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի թիւ 437-ի հրապարակում։
15-19 Յուլիս- Աւելի քան 1000 մասնակիցով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակում, Պասքինթա, Լիբանան։
15-20 Յուլիս- Աւելի քան 700 մասնակիցով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասային առաջին բանակում, Թեքույա, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ։
22 Յուլիս- «Հայ մարզիկի օր»ուան նշում՝ յատուկ տեսանիւթով։
24 Յուլիս-2 Օգոստոս- Աւելի քան 750 մասնակիցով համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղեր Երեւանի եւ Արտաշատի մէջ, Հայաստան։ Զուգահեռ, «Հրաշք» մարզախաղեր՝ 206 մասնակիցով։
ՕԳՈՍՏՈՍ
11-16 Օգոստոս- 40 սկաուտ աստիճանաւորներու մասնակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի խմբապետներու «Վկայեալ» կարգի գործնական հանգրուանի բանակում, Այ Անտրէաս, Յունաստան։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
29 Հոկտեմբեր- «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի թիւ 438-ի հրապարակում։
ՆՈՅԵՄԲԵՐ
2 Նոյեմբեր- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններու ատենապետներու առցանց 5-րդ հանդիպում։
16 Նոյեմբեր- Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 107-ամեակի նշում աշխարհով մէկ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբներու մասին տեսանիւթի եւ քայլերգի վերամշակուած տարբերակի հրապարակում։
18-21 Նոյեմբեր- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Գ. լիագումար Փարիզի մէջ։
22 Նոյեմբեր- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի առաջին մարզահամալիրի բացում, Ի Սի լէ Մուլինոյի մէջ, Ֆրանսա։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
4-6 Դեկտեմբեր- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի նախապատրաստութեան եռօրեայ հանդիպումներ Երեւանի մէջ, Հայաստան։
13 Դեկտեմբեր- Homenetmen.org կայքէջի սպաներէն տարբերակի մեկնարկ։
14 Դեկտեմբեր- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասային Ա. մարզախաղերու պատասխանատուներու առցանց հանդիպում։