«ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ» ԿԱՐԳԻ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ին, Հ․Մ․Ը․Մ․ի 16 շրջաններէ 88 բարձրաստիճան խմբապետներ «Արարատեան» կարգի առցանց Ա․ հանդիպումը ունեցան՝ ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական կորիզի քոյր-եղբայրներուն եւ դասընթացքին կազմակերպման համար յառաջացած յանձնախումբի անդամներուն։

Արարատեան» կարգը սկաուտական բարձրագոյն կարգն է․ ան ունի երկու հանգրուան՝ տեսական եւ գործնական։ 88 թեկնածու խմբապետներուն բացատրուեցան դասընթացքին հետեւելու կանոններն ու պայմանները։ Խմբապետները երկշաբաթեայ դրութեամբ պիտի ունենան առցանց հանդիպումներ՝ ամբողջացնելու համար տեսական բաժինը։ Ապա, վեց ամսուան ընթացքին, անոնք իրենց շրջաններուն մէջ պիտի մշակեն ու գործադրութեան դնեն Հ․Մ․Ը․Մ․ի սկաուտական եւ միութենական աշխատանքներուն նպաստող ծրագիր մը, որուն յաջողութեան լոյսին տակ, 2026-ի ամրան տեղի ունենալիք Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական 13-րդ բանակումի աւարտին պիտի ստանան «Արարատեան» կարգ։

Հովանաւորներ